Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ25 Յունուար էջ 2-3
  • Յունուար 6-12

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունուար 6-12
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
ժտ25 Յունուար էջ 2-3

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 6-12

ՍԱՂՄՈՍ 127-134

Երգ 88 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Ծնողնե՛ր, շարունակեցէք հոգ տանիլ ձեր թանկարժէք զաւակներուն

(10 վրկ.)

Ծնողները կրնան վստահ ըլլալ, որ Եհովան իրենց պիտի օգնէ, որ իրենց ընտանիքին պէտքերը հոգան (Սաղ. 127։1, 2)

Զաւակները թանկարժէք նուէր են Եհովայէն (Սաղ. 127։3. դ21.08 5 ¶9)

Ամէն մէկ զաւակ մարզէ ի՛ր պէտքերուն համաձայն (Սաղ. 127։4. դ19.12 26 ¶20)

Հայր մը կը գործածէ «Աստուածաշունչի դասերս» գրքոյկը, իր երկու փոքրիկներուն հետ սերտելու համար։ Պզտիկները կ’երեւակայեն, թէ Դրախտին մէջ կը խաղան փիղի մը եւ գորիլի մը հետ։

Եհովան շատ կ’ուրախանայ, երբ ծնողներ իրեն կը վստահին եւ իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, որ իրենց զաւակներուն հոգ տանին

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 128։3. Սաղմոս գրողը ինչո՞ւ որդիները կը նմանցնէ ձիթենիի տունկերու (խա-1-ԱՐ«Աստուածաշունչի բոյսերը»)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 132։1-18 (կս դաս 2)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ (մսա դաս 1 կէտ 3)։

5. Խօսակցութիւն սկսիլ

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Մէկը կ’ըսէ թէ կը հաւատայ բանի մը, որ Աստուածաշունչի սորվեցուցածին կը հակասէ (մսա դաս 5 կէտ 4)։

6. Աշակերտել

(5 վրկ.) կվյ դաս 16 կէտեր 4-5։ Աշակերտիդ ըսէ թէ ի՛նչ կարգադրութիւններ ըրած ես, որ ան շարունակէ սերտել, երբ որոշ պատճառաւ շրջանէն հեռու ըլլաս (մսա դաս 10 կէտ 4)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 5

7. Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք ձեր օրինակով

(15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։

Եհովայի կազմակերպութիւնը հրատարակած է մեծ թիւով նիւթեր՝ ծնողներուն օգնելու որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Եհովային մասին։ Բայց ամէնէն կարեւոր գործիքներէն մէկը, որ ծնողները ունին՝ իրենց լաւ օրինակն է (Բ. Օր. 6։5-9)։

Յիսուս այս կարեւոր գործիքը գործածեց իր աշակերտներուն սորվեցնելու համար։

Կարդա՛ Յովհաննէս 13։13-15։ Ետքը հարցուր.

  • Իր աշակերտներուն իր օրինակով սորվեցնելու Յիսուսի գործածած կերպը ինչո՞ւ կը կարծես յաջողեցաւ։

Ծնողնե՛ր, ձեր ըրածները կրնան ձեր զաւակներուն ցոյց տալ, որ ձեր սորվեցուցածները օգտակար են։ Ասկէ զատ, ձեր լաւ օրինակը թոյլ կու տայ, որ ձեր զաւակները ձեզի մտիկ ընեն եւ ձեր սորվեցուցածը գործադրեն։

«Մեր զաւակներուն սորվեցուցինք մեր օրինակով» վիտէոյէն տեսարաններ։ 1. Կարսիա ընտանիքը ինքնաշարժին մէջ նստած՝ պատրաստ են ժողովի երթալու։ 2. Ընտանիքը սուրճի սեղանին շուրջ նստած են՝ ժողովէն տուն դառնալէ ետք։ Անոնք կ’ուտեն եւ կը խօսակցին։ 3. Եղբայր Կարսիան իր սերտողութենէն դադար մը կ’առնէ՝ իր աղջիկներէն մէկուն հետ խօսելու համար։ 4. Եղբայր եւ քոյր Կարսիան Աստուածաշունչը կը գործածեն, որ իրենց աղջիկներէն մէկուն հետ տրամաբանեն։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Մեր զաւակներուն սորվեցուցինք մեր օրինակով։ Ետքը, հարցուր.

  • Կարսիաները ի՞նչ կարեւոր դասեր սորվեցուցին իրենց աղջիկներուն։

  • Այս վիտէոն քեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ, որ շարունակես զաւակներուդ լաւ օրինակ ըլլալ։

Օրինակովդ, զաւակներուդ կրնաս սորվեցնել, որ. . .

  • լաւ որոշումներ առնեն ժամանցի ու խմիչքի եւ ընկերային ցանցերու գործածութեան նկատմամբ։

  • Եհովային պաշտամունքը առաջին տեղը դնեն իրենց կեանքին մէջ։

  • ապագային, իրենց կողակիցին հետ սիրով եւ յարգանքով վարուին։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 19 ¶16-21 եւ 19Բ տուփը։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 24 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել