ՄԱՐՏ 3-9
ԱՌԱԿԱՑ 3
Երգ 49 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Ցոյց տուր որ Եհովային կը վստահիս
(10 վրկ.)
Եհովայի՛ն վստահէ եւ ոչ թէ՝ դուն քու անձիդ (Առ. 3։5. կահբ–ԱՐ յօդուած 14 ¶4-5)
Ցոյց տուր որ Եհովային կը վստահիս, իր առաջնորդութիւնը խնդրելով եւ ատոր հետեւելով (Առ. 3։6. կահբ–ԱՐ յօդուած 14 ¶6-7)
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Կեանքիս ամէն մէկ մարզին մէջ Եհովային առաջնորդութիւնը կը խնդրե՞մ’։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Առ. 3։3. Ինչպէ՞ս կրնանք «ողորմութիւն» (կամ՝ հաւատարիմ սէր) եւ «ճշմարտութիւն» (կամ՝ հաւատարմութիւն) կապել մեր վիզին եւ գրել մեր սրտի տախտակին վրայ (դ06 10/1 29 ¶7)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 3։1-18 (կս դաս 12)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Սովորական առարկութեան մը պատասխանէ (մսա դաս 1 կէտ 5)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(4 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անձին խօսէ jw.org կայքին մասին եւ իրեն կայքի քարտ մը տուր (մսա դաս 3 կէտ 3)։
6. Դասախօսութիւն
(5 վրկ.) դ11 3/1 20-21 ¶7-10։ Նիւթ՝ Ցոյց տուր որ Աստուծոյ կը վստահիս երբ ծառայութեան մէջ անտարբերութիւն դիմագրաւես (կս դաս 20)։
Երգ 63
7. Ցոյց տուր որ Եհովային կազմակերպութեան կը վստահիս
(15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։
Թերեւս մեզի համար դիւրին ըլլայ Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ տուած ուղղութեան վստահիլ։ Բայց թերեւս աւելի դժուար ըլլայ վստահիլ ա՛յն ուղղութեան, որ Եհովային կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւն առնող անկատար մարդիկ կու տան, մա՛նաւանդ եթէ տրուած ուղղութիւնը չենք հասկնար կամ ատոր հետ համաձայն չենք։
Կարդա՛ Մաղաքիա 2։7։ Ետքը հարցուր.
Ինչո՞ւ չենք զարմանար, որ Եհովան անկատար մարդիկ կը գործածէ իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։
Կարդա՛ Մատթէոս 24։45։ Ետքը հարցուր.
Ինչո՞ւ կրնանք վստահիլ Եհովային կազմակերպութեան տուած ուղղութեան։
Կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17։ Ետքը հարցուր.
Ինչո՞ւ պէտք է հետեւինք այն տղամարդոց որոշումներուն, որոնց Եհովան վստահած է որ առաջնորդութիւն առնեն։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Կառավարիչ մարմինի կողմէ 2021–ի տեղեկագրութիւն (թիւ 9). հատուած։ Ետքը, հարցուր.
Համավարակին ընթացքին մեր ստացած ուղղութիւնները ինչպէ՞ս հաւատքդ զօրացուցին Եհովային կազմակերպութեան հանդէպ։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 22 ¶23-31 եւ 22Ա տուփը։