ՅՈՒԼԻՍ 14-20
ԱՌԱԿԱՑ 22
Երգ 139 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Իմաստուն սկզբունքներ՝ պզտիկներ մեծցնելու համար
(10 վրկ.)
Պզտիկներդ պատրաստէ կեանքի դժուարութիւններուն (Առ. 22։3. դ20.10 27 ¶7)
Ծնունդէն իսկ անոնք մարզէ (Առ. 22։6. դ19.12 26 ¶17-19)
Զաւակներդ սիրալիր կերպով կրթէ (Առ. 22։15. դ06-ԱՐ 4/1 9 ¶4)
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Առ. 22։29. Ինչպէ՞ս կրնանք այս առակը գործադրել ժողովքէն ներս, եւ ատոր օգուտները ի՞նչ են (դ21.08 22 ¶11)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 22։1-19 (կս դաս 10)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ (մսա դաս 5 կէտ 4)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անձին ցոյց տուր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ծնողներու համար օգտակար տեղեկութիւններ գտնել jw.org կայքին վրայ (մսա դաս 1 կէտ 4)։
6. Դասախօսութիւն
(5 վրկ.) կպհ-ԱՐ 100։ Նիւթ՝ Ի՞նչ ընեմ, եթէ ծնողքիս դրած օրէնքը կտրեցի (կս դաս 20)։
Երգ 88
7. Համբերութեամբ զաւակ մեծցուր, բայց գէշ վարք մի՛ արտօներ
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Զաւակ մեծցնելը համբերութիւն կ’ուզէ։ Ծնողները պէտք է կանոնաւորաբար իրենց զաւակներուն ուշադրութիւն տան եւ անոնց հետ շինիչ ժամանակ անցընեն՝ առանց ուրիշ բաներով ցրուելու (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Գիտնալու համար թէ իրենց զաւակներուն սրտին մէջ ի՛նչ կայ, ծնողները պէտք է անոնց հարցումներ հարցնեն եւ ետքը ուշի–ուշով անոնց մտիկ ընեն (Առ. 20։5)։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ ծնողները կրկին անգամ իրենց զաւակները դաստիարակեն եւ սորվեցնեն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց սորվածները հասկնալ եւ գործադրել։
Բայց եւ այնպէս, համբերատար ծնողները գէշ վարք չեն արտօներ։ Եհովան իրենց հեղինակութիւն տուած է, որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն թէ ի՛նչ բան արտօնուած է եւ ի՛նչ՝ ոչ. եւ ետքը, եթէ անոնց զաւակները անհնազանդ գտնուին, զանոնք պատժեն (Առ. 6։20. 23։13)։
Կարդա՛ Եփեսացիս 4։31։ Ետքը, հարցուր.
Ինչո՞ւ ծնողները պէտք չէ իրենց զաւակները բարկութեամբ կրթեն։
Կարդա՛ Գաղատացիս 6։7։ Ետքը, հարցուր.
Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ծնողները իրենց զաւակներուն սորվեցնեն, որ իրենց գէշ վարքը գէշ հետեւանքներ կը բերէ։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. ‘Համբերատարութեամբ, սիրով իրարու հանդուրժեցէք’. Ձեր զաւակները։ Ետքը, հարցուր.
Այս վիտէոյէն ի՞նչ դասեր սորվեցար։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) ապս-ԱՐ «Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն», մաս 1–ի նախաբան եւ դաս 1։