Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ25 Նոյեմբեր էջ 10-11
  • Դեկտեմբեր 8-14

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դեկտեմբեր 8-14
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
ժտ25 Նոյեմբեր էջ 10-11

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 8-14

ԵՍԱՅԻ 6-8

Երգ 10 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

Եսային դէպի երկինք կը նայի եւ իր փափաքը կը յայտնէ որ կ’ուզէ Աստուծոյ խօսնակը ըլլալ։

1. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»

(10 վրկ.)

Առանց տատամսելու, Եսային կամաւորաբար ուզեց Եհովային մարգարէն ըլլալ (Եսա. 6։8. եմլմ-1-ԱՐ 93-94 ¶13-14)

Եսայիին նշանակումը դժուար պիտի ըլլար (Եսա. 6։9, 10. եմլմ-1-ԱՐ 95 ¶15-16)

Ճիշդ ինչպէս որ շատեր Եսայիին ականջ չտուին, նոյնպէս շատեր Յիսուսին ականջ չտուին (Մատ. 13։13-15. եմլմ-1-ԱՐ 99 ¶23)

Եսային Աստուծոյ պատգամը կը հասցնէ շուկայի մը մէջ եղող խումբ մը իսրայէլացիներու։ Կարգ մը իսրայէլացիներ զինք կ’անտեսեն, մինչ ուրիշներ բարկանալով կը քալեն–կ’երթան։

ԽՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. Ինչպէ՞ս կրնամ Եսայիին աւելի նմանիլ։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Եսա. 7։3, 4. Եհովան ինչո՞ւ Աքազ չար թագաւորը ազատեց (դ06 12/1 19 ¶4)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Եսա. 8։1-13 (կս դաս 5)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Մարդիկը սիրէ գրքոյկին յաւելեալ մաս 1–էն Աստուածաշունչէն նիւթի մը մասին խօսէ (մսա դաս 4 կէտ 5)։

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 9 կէտ 3)։

6. Վերայցելել

(5 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ցուցադրէ (մսա դաս 9 կէտ 5)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 103

7. Ճանչցուած ենք տունէ տուն քարոզչութեամբ

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Եհովայի վկաները ճանչցուած են տունէ տուն քարոզչութեամբ։ Մենք այսպիսով կ’ընդօրինակենք Յիսուսը եւ առաջին դարու քրիստոնեաները (Ղուկ. 10։5. Գործք 5։42)։

Անշուշտ, ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ժամանակ, տունէ տուն ծառայութիւնը դադրեցաւ։ Անոր համար, մենք բարի լուրը տարածեցինք ուրիշ կերպերով. օրինակ՝ անպաշտօն խօսակցութիւններով եւ նամակներով ու հեռաձայնով վկայելով։ Մենք ուրախ ենք որ առիթը ունեցանք, որ մեր ձիրքերը բարելաւենք այդ մեթոտներով քարոզելու մէջ։ Նորէն ալ, տունէ տուն ծառայութիւնը կը մնայ բարի լուրը տարածելու մեր գլխաւոր կերպը։ Արդեօք կարողութիւնը ունի՞ս կանոնաւորաբար տունէ տուն ծառայելու։

Տունէ տուն ծառայութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ հետեւեալները ընելու.

  • Մեր թաղամասը լման ծածկելու

  • Մեր սորվեցնելու կարողութիւնը բարելաւելու եւ զարգացնելու որոշ յատկութիւններ. օրինակ՝ քաջութիւն, ամէն տեսակ մարդոց հանդէպ սէր եւ անձնազոհութիւն

  • Աստուածաշունչի դասեր սկսելու

«Կը քարոզենք՝ օդի պայմանները ինչ որ ալ ըլլան» վիտէոյէն տեսարան մը։ Երկու քոյրեր կնոջ մը կը քարոզեն անոր տան դրան առջեւ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Կը քարոզենք՝ օդի պայմանները ինչ որ ալ ըլլան։ Ետքը, հարցուր.

  • Ի՞նչ սորվեցար Ֆարոյի Կղզիներուն մէջ ծառայող անձնազոհ քարոզիչներէն։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դաս 42-43։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 125 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել