ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 22-28
ԵՍԱՅԻ 11-13
Երգ 99 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Սուրբ Գիրքը Մեսիային մասին ի՞նչ ըսած էր
(10 վրկ.)
Յեսսէին սերունդէն պիտի ըլլար՝ Դաւիթի ընտանիքէն (Եսա. 11։1. եմլմ-1-ԱՐ 159 ¶4-5)
Աստուծոյ հոգին անոր վրայ պիտի հանգչէր եւ ան Եհովայի վախը պիտի ունենար (Եսա. 11։2, 3ա. եմլմ-1-ԱՐ 159 ¶6. 160 ¶8)
Արդար եւ ողորմած դատաւոր պիտի ըլլար (Եսա. 11։3բ-5. եմլմ-1-ԱՐ 160 ¶9. 161 ¶11)
ԽՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. Ինչո՞ւ Յիսուս մարդկային ոեւէ կառավարիչէ աւելի լաւ է։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Եսա. 11։10. Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է (եմլմ-1-ԱՐ 165-166 ¶16-18)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Եսա. 11։1-12 (կս դաս 11)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ (մսա դաս 2 կէտ 5)։
5. Վերայցելել
(4 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ jw.org կայքը գործածէ որ դիմացինին հարցումին պատասխանես (մսա դաս 8 կէտ 3)։
6. Աշակերտել
(5 վրկ.) Աշակերտիդ օգնէ որ պատրաստուի հետդ տունէ տուն քարոզելու (մսա դաս 11 կէտ 4)։
Երգ 142
7. Արդարութեամբ կը դատե՞ս
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Մենք ամէն օր մարդիկը կը դատենք։ Եւ երբեմն ալ ասիկա անգիտակցաբար կ’ընենք։ Ընդհանրապէս մենք մարդիկը կը դատենք մեր տեսածին հիման վրայ։ Բայց մեր Օրինակը՝ Յիսուսը տարբեր կերպով կը դատէ (Եսա. 11։3, 4) Ան կրնայ անձին սիրտը տեսնել եւ հասկնալ անոր մտածելակերպը, տրամաբանելու կերպը եւ մղումները։ Մենք այդ կարողութիւնը չունինք։ Բայց կրնանք մեր ամէն կարելին ընել որ Յիսուսը ընդօրինակենք։ Ան ըսաւ. «Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք» (Յովհ. 7։24)։
Մեր ծառայութիւնը կրնայ ժխտական կերպով ազդուիլ, եթէ մեր տեսածին հիման վրայ մարդիկը դատենք։ Օրինակ, արդեօք երկու մտքի վրայ կ’ըլլա՞նք քարոզելու թաղամասերու մէջ, ուր մարդիկ որոշ ազգի կամ կրօնքի կը պատկանին կամ ալ աղքատ թաղամասերու մէջ կ’ապրին։ Արդեօք դիմացինին տեսքին հիման վրայ կ’եզրակացնե՞նք որ մեզի մտիկ պիտի չընէ։ Աստուծոյ կամքն է որ «ամէն տեսակ մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտելիքներ ստանան» (Ա. Տիմ. 2։4, ՆԱ)։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Դիտարանէն դասեր. Երեւոյթին համեմատ մի՛ դատեր. Ետքը, հարցուր.
Վիտէոյին մէջ ի՞նչ կանխադատութիւններու մասին յիշուեցաւ։
Եթէ մեր եղբայրները դատենք, ասիկա ի՞նչ ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ժողովքէն ներս։
Ի՞նչը վիտէոյին մէջի քրիստոնեաներուն օգնեց, որ երեւոյթին համեմատ չդատեն։
Դուն ի՞նչ դասեր սորվեցար Դիտարան–ի այդ յօդուածէն։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դաս 46-47։