Կը յիշե՞ս
Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
Ինչպէ՞ս պիտի վարձատրուինք, եթէ ժամանակ անցընենք Եհովային խօսելով, մտիկ ընելով եւ իր մասին մտածելով։
Աւելի լաւ որոշումներ պիտի առնենք, աւելի լաւ ուսուցիչ պիտի ըլլանք, մեր հաւատքը պիտի զօրանայ եւ Եհովային հանդէպ մեր սէրը պիտի աւելնայ (դ22.01, էջ 30-31)։
Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք, եթէ սորվինք վստահիլ Եհովային եւ իր ներկայացուցիչներուն։
Հիմա է ժամանակը սորվելու վստահիլ այն կերպին, որով Աստուած հարցերը ձեռք կ’առնէ։ Ատիկա կրնանք ընել, եթէ հարցականի տակ չառնենք երէցներուն տուած ուղղութիւններն ու առած որոշումները։ Երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, պատրաստ պիտի ըլլանք հնազանդելու, նոյնիսկ եթէ մեզի տրուին ուղղութիւններ, որոնք տարօրինակ կամ անտրամաբանական թուին (դ22.02, էջ 4-6)։
Հրեշտակը ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ Զաքարիային ըսաւ ‘Զօրաբաբէլ [կառավարիչին] ձեռքին մէջ եղող կապարալարին’ մասին (Զաք. 4։8-10)։
Այս տեսիլքը Աստուծոյ ժողովուրդը վստահեցուց, որ համեստ տաճարը պիտի ամբողջանար եւ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն պիտի ըլլար դ22.03, էջ 16-17)։
Ինչպէ՞ս կրնանք ‘օրինակ ըլլալ խօսքով’ (Ա. Տիմ. 4։12)։
Ծառայութեան մէջ ազնուօրէն ու յարգանքով կը խօսինք, ժողովներուն մէջ սրտանց կ’երգենք, կանոնաւորաբար պատասխան կու տանք, ճշմարտութիւնը կը խօսինք, մեր խօսելակերպով ուրիշները կը քաջալերենք եւ վիրաւորական խօսքեր չենք ըսեր (դ22.04, էջ 6-9)։
Ինչո՞ւ Յայտնութիւն 13։1, 2–ի մէջ նկարագրուած գազանը կազմուած է Դանիէլ 7–րդ գլուխին մէջ յիշուած չորս գազաններուն (թագաւորութիւններուն) յատկութիւններէն։
Յայտնութիւն 13–րդ գլուխին մէջ յիշուած գազանը չի ներկայացներ միայն որոշ մէկ թագաւորութիւն, օրինակ՝ Հռոմը։ Փոխարէնը, անիկա կը ներկայացնէ մարդկութեան վրայ իշխած բոլոր քաղաքական ուժերը (դ22.05, էջ 9)։
Ի՞նչ կարեւոր կերպով մը կրնանք ցոյց տալ մեր վստահութիւնը Աստուծոյ արդարութեան հանդէպ։
Եթէ մէկը մեզ վիրաւորած է կամ մեզի դէմ մեղք գործած է, ջանք կ’ընենք որ բարկութիւնն ու ոխը մէկդի դնենք, հարցերը Եհովային ձեռքերուն մէջ դնելով։ Ան պիտի վերցնէ մեղքին պատճառած բոլոր վնասները (դ22.06, էջ 10-11)։
Ժողովի մը ատեն աղօթող եղբայր մը ի՞նչ պէտք է յիշէ։
Աղօթքը պէտք չէ օգտագործուի ժողովքին խրատ տալու կամ ծանուցում մը ընելու համար։ Մանաւանդ ժողովին սկիզբը ‘շատախօսութեան’ պէտք չկայ (Մատ. 6։7) (դ22.07, էջ 24-25)։
Ի՞նչ առումով «անոնք որ չար գործեր են» դուրս պիտի գան «դատապարտութեան [«դատաստանի», ՆԱ] յարութեան համար» (Յովհ. 5։29)։
Անոնք պիտի չդատապարտուին իրենց անցեալի գործերուն հիման վրայ։ Փոխարէնը, անոնք պիտի դատուին յարութենէն ետք իրենց կեցուածքին եւ գործերուն հիման վրայ (դ22.09, էջ 18)։
1922–ի սեպտեմբերի համաժողովին, Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ ի՞նչ հետաքրքրական քաջալերութիւն տուաւ։
Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ, ԱՄՆ, տեղի ունեցած համաժողովին մէջ ան բարձրաձայն ըսաւ. «Ահաւասի՛կ Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք անոր ներկայացուցիչներն էք։ Հետեւաբար, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ անոր Թագաւորութիւնը» (դ22.10, էջ 3-5)։
Եսայի 30–րդ գլուխը ի՞նչ երեք կերպեր կը շեշտէ, որոնցմով Աստուած մեզի կ’օգնէ որ տոկանք։
Այս գլուխը ցոյց կու տայ, որ Եհովան՝ 1) մեր աղօթքներուն մտիկ կ’ընէ եւ կը պատասխանէ, 2) մեզ կ’առաջնորդէ, 3) մեզի օրհնութիւններ կու տայ հիմա եւ ապագային (դ22.11, էջ 9)։
Ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել, որ Սաղմոս 37։10, 11, 29–ին խօսքերը կատարուեցան անցեալին եւ պիտի կատարուին ապագային։
Դաւիթին խօսքերը տեղին ըլլալով կը նկարագրեն այն օրհնուած վիճակը, որ կը տիրէր Իսրայէլի մէջ, օրինակ՝ Սողոմոնի իշխանութեան ատեն։ Յիսուս ակնարկեց ապագայ դրախտի մը եւ մէջբերեց 11–րդ համարը (Մատ. 5։5. Ղուկ. 23։43) (դ22.12, էջ 8-10, 14)։