Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Սեպտեմբեր էջ 26-30
  • Եհովան մեզի օգնեց որ ‘ծաղկինք ուր որ ցանուեցանք’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան մեզի օգնեց որ ‘ծաղկինք ուր որ ցանուեցանք’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովան ակնկալածէս շատ աւելի զիս օրհնած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Եհովան ‘շաւիղներս ուղղած է’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Եհովա իմ ապաւէնս ու իմ զօրութիւնս է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Նշանակումդ փոխուելով՝ ինչպէ՞ս կրնաս նորին վարժուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Սեպտեմբեր էջ 26-30
Մաթսը եւ Էն–⁠Քաթրինը իրենց ինքնաշարժին քով կայնած են գիւղի մը մէջ։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովան մեզի օգնեց որ ‘ծաղկինք ուր որ ցանուեցանք’

ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ՄԱԹՍ ԵՒ ԷՆ–ՔԱԹՐԻՆ ՔԱՍՀՈԼՄ

«ԾԱՂԿԻՐ ո՛ւր որ կը ցանուիս»։ Թերեւս ասիկա տարօրինակ խրատ մըն է, բայց Մաթս եւ Էն–Քաթրին անունով շուէտացի զոյգ մը իրապէս ալ շատ անգամ «ցանուեցան»։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս «ցանուեցան» եւ թէ այս խրատը ինչպէ՛ս օգնեց իրենց։

1979–ին, Մաթսը եւ Էն–Քաթրինը Գաղաադի դպրոց գացին եւ տարիներու ընթացքին տարբեր տեղեր «ցանուեցան», ուրիշ խօսքով նշանակուեցան ծառայելու՝ Զայիրի, Թանզանիոյ, Իրանի, Մավրիկիոսի Միանմարի եւ Ուկանտայի մէջ։ Գաղաադի ուսուցիչներէն մէկը՝ Ճէք Ռէտֆորտը խրատ մը տուաւ, որ անոնց օգնեց ամէն անգամ որ «կը ցանուէին», «արմատէն կը փրցուէին» եւ «ետ կը ցանուէին»։ Հիմա անոնք աւելի պիտի պատմեն ասոր մասին։

Մաթս, հաճիս նախ մեզի պատմէ որ ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը գիտցար։

Մաթս. Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին հայրս Լեհաստան կ’ապրէր, եւ հոն շատ կեղծաւորութիւն տեսած էր կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ։ Բայց ան միշտ մեզի կ’ըսէր. «Գիտեմ որ ճշմարիտ կրօնքը դուրսը տեղ մըն է»։ Ժամանակի ընթացքին տեսայ որ իրապէս ալ ճշմարիտ կրօնք կայ։ Անգամ մը, շատ մը գործածուած գիրքեր գնեցի։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Այս վերնագիրը ուշադրութիւնս գրաւեց, եւ նոյն գիշերը ամբողջ գիրքը կարդացի։ Երբ առտու եղաւ, արդէն համոզուած էի որ ճշմարտութիւնը գտած էի։

Ապրիլ 1972–էն սկսեալ, Եհովայի վկաներու շատ մը ուրիշ հրատարակութիւններ ալ կարդացի, եւ Սուրբ Գիրքին վերաբերեալ ունեցած հարցումներուս պատասխանները գտայ։ Զգացի որ Յիսուսին առակին մէջի վաճառական մարդուն պէս եմ, որ պատուական մարգարիտ մը գտնելէն ետք, իր բոլոր ունեցածը ծախեց, որպէսզի այդ մարգարիտը գնէ։ Ես ալ, համալսարան երթալու եւ բժիշկ ըլլալու նպատակս «ծախեցի», որ գնեմ գտած «մարգարիտ»ս, այսինքն՝ ճշմարտութիւնը (Մատ. 13։45, 46)։ Մկրտուեցայ՝ 10 դեկտեմբեր 1972–ին։

Մէկ տարուան ընթացքին, ծնողքս ու պզտիկ եղբայրս ալ ընդունեցին ճշմարտութիւնը եւ մկրտուեցան։ Յուլիս 1973–ին, լիաժամ ծառայելու սկսայ։ Ժողովքիս մէջ կար Եհովան շատ սիրող եւ կանոնաւոր ռահվիրայ եղող աչքառու քոյր մը՝ էն–Քաթրինը։ Իրարու սիրահարուեցանք եւ 1975–ին ամուսնացանք։ Չորս տարի ապրեցանք Շուէտի Սդրըմսունտ գիւղաքաղաքը, ուր շատեր կ’ուզէին Սուրբ Գիրքին մասին սորվիլ։

Էն–Քաթրին. Հայրս Սթոքհոլմի մէջ ճշմարտութեան ծանօթացաւ իր համալսարանական տարիներուն վերջերը։ Այդ ժամանակ ես երեք ամսուան էի, բայց հայրս զիս իր հետը կը տանէր ժողովի եւ ծառայութեան։ Մայրս ասով ուրախ չէր եւ կ’ուզէր փաստել որ Վկաները սխալ են։ Բայց չկրցաւ փաստել, եւ ժամանակի ընթացքին ինքն ալ մկրտուեցաւ։ 13 տարեկանիս մկրտուեցայ եւ 16 տարեկանիս ռահվիրայ եղայ։ Ումէոյի մէջ ծառայեցի, քանի որ հոն հրատարակիչներու շատ պէտք կար, եւ ետքը մասնաւոր ռահվիրայ եղայ։

Մեր ամուսնութենէն ետք, Մաթսը ու ես ուրախ էինք, որ կրցանք կարգ մը մարդոց օգնել ճշմարտութիւնը սորվելու։ Անոնց մէջ կար Մէյվըր անունով պատանի աղջիկ մը, որ մարզիկ ըլլալու իր նպատակէն վազ անցաւ եւ պզտիկ քրոջս հետ ռահվիրայութիւն ըրաւ։ 1984–ին, անոնք Գաղաադի դպրոց գացին եւ հիմա միսիոնար են Էքուատորի մէջ։

Ձեր միսիոնարական նշանակումներուն մէջ ի՞նչը ձեզի օգնեց, որ ‘ծաղկիք ո՛ւր որ ցանուեցաք’։

Մաթս. Տարբեր–տարբեր տեղեր «ցանուեցանք» եւ նոր նշանակումներ ստացանք։ Բայց միշտ փորձեցինք խոր «արմատ կապել» Յիսուսին վրայ, մեր լաւագոյնը ընելով որ իր յատկութիւնները ունենանք, մանաւանդ՝ իր խոնարհութիւնը (Կող. 2։6, 7)։ Օրինակ, փոխանակ ակնկալելու որ տեղացի Վկաները մեզի յարմարին, փորձեցինք մե՛նք սորվիլ որ անոնք որոշ բաներ ինչպէ՛ս կ’ընեն եւ ինչո՛ւ կ’ընեն։ Կ’ուզէինք հասկնալ անոնց մտածելակերպը եւ մշակոյթը։ Որքա՛ն աւելի Յիսուսին յատկութիւնները զարգացնէինք, այնքա՛ն աւելի կը զգայինք որ «ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս» էինք եւ մեր նշանակուած տեղը կը ծաղկէինք (Սաղ. 1։2, 3)։

Մաթսը եւ Էն–⁠Քաթրինը ճամբորդութեան պայուսակներ եւ ուտելիք շալկած են։

Երբ Զայիրի մէջ էինք, շատ կը ճամբորդէինք որ ժողովքներ այցելելու համար

Էն–Քաթրին. Ծառ մը ցանուելէն ետք, արեւի տաքուկ ճառագայթի պէտք ունի որ աճի։ Եհովան միշտ մեր «արեւ»ը եղած է (Սաղ. 84։11)։ Ան մեզի տուած է մեր սիրալիր եւ ջերմ եղբայրներն ու քոյրերը։ Օրինակ, Իրանի մայրաքաղաքին մէջ, եղբայրներն ու քոյրերը շատ հիւրասէր ու առատաձեռն էին, ինչ որ մեզի յիշեցուց Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած կարգ մը անձնաւորութիւններու հիւրասիրութիւնը։ Շատ կը փափաքէինք Իրան մնալ, բայց յուլիս 1980–ին՝ Եհովայի վկաները պաշտօնապէս արգիլուեցան այդ երկրին մէջ։ 48 ժամ ունէինք որ երկիրը ձգենք–երթանք։ Ասանկով, նոր նշանակում մը տրուեցաւ մեզի՝ Ափրիկէի Զայիր քաղաքին մէջ (ներկայիս կը կոչուի Քոնկօ)։

[Նկար՝ էջ 28–ի վրայ]

Ուրախ յիշատակներ, երբ Զայիրի մէջ կը ծառայէինք՝ 1982–ին

Հազիւ որ գիտցայ որ Ափրիկէ նշանակուեցանք, վախէս լացի, քանի որ լսած էի որ Ափրիկէն օձերով ու հիւանդութիւններով լեցուն էր։ Բայց մեզի մտերիմ եղող զոյգ մը, որ երկար տարիներ ծառայած էին Ափրիկէի մէջ, մեզի ըսին. «Չէք գիտեր Ափրիկէն ինչպիսի տեղ մըն է, մինչեւ որ չփորձէք։ Հաւատացէ՛ք որ պիտի սիրէք»։ Իրապէս ալ սիրեցինք։ Այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը սիրալիր եւ ջերմ են։ Այնքան սիրեցինք զանոնք, որ երբ վեց տարի ետք մեր գործը արգիլուեցաւ Զայիրի մէջ եւ մենք ստիպուեցանք հոնկէ ելլել, աղօթեցի. «Հաճիս կ’ուզեմ Ափրիկէ մնալ»։ Մէջէս խնդացի, քանի որ զգացումներս փոխուած էին։

Տարիներու ընթացքին ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած էք։

Էն–⁠Քաթրինը ծալուելիք աթոռի մը վրայ նստած է՝ իրենց ինքնաշարժին քով։

Մեր «ննջասենեակը» Թանզանիայի մէջ՝ 1988–ին

Մաթս. Տարիներու ընթացքին մտերիմ բարեկամութիւններ ունեցած ենք շատ մը միսիոնարներու հետ, որոնք տարբեր տեղերէ եկած էին։ Նաեւ կարգ մը նշանակումներու մէջ վայելած ենք այն ուրախութիւնը, որ կը զգաս երբ շատ դասեր կ’ունենաս։ Ատեններ, ամէն մէկս գրեթէ 20 դաս կ’ունենայինք։ Նաեւ Ափրիկէի եղբայրներուն ու քոյրերուն առատաձեռնութիւնն ալ օրհնութիւն մըն էր։ Երբ Թանզանիոյ ժողովքները կ’այցելէինք, մեր «ննջասենեակը» (Volkswagen Kombi) իրենց տանը քով կը շարէինք, եւ շատեր իրենց «կարողութենէն ալ աւելի» հոգ կը տանէին մեզի (Բ. Կոր. 8։3)։ Նաեւ մեզի շատ ուրախութիւն կու տային մեր «Պատմութեան ժամանակ»ները։ Ամէն օրուան վերջաւորութեան, Էն–Քաթրինը ու ես կը նստէինք եւ իրարու կը պատմէինք օրուան մէջ ի՛նչ եղաւ, եւ Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնէինք, որ միշտ մեզի հետ էր։

Էն–Քաթրին. Աշխարհի չորս կողմէն եղբայրներու եւ քոյրերու ծանօթանալը շատ ուրախութիւն տուաւ ինծի։ Նոր լեզուներ սորվեցանք, մէջը ըլլալով՝ պարսկերէն, ֆրանսերէն, լուկանտա եւ սուահիլի։ Ինչպէս նաեւ տարբեր մշակոյթներու ծանօթացանք։ Կրցանք նոր եղբայրներ ու քոյրեր մարզել, լաւ ընկերներ ունենալ եւ հետերնին «մէկ սրտով» Եհովային ծառայել (Սոփ. 3։9)։

Նաեւ կրցանք տեսնել Եհովային գեղեցիկ ստեղծագործութիւնը։ Ամէն անգամ որ Եհովային ծառայութեան մէջ նոր նշանակում մը կ’ընդունէինք, կը զգայինք որ կարծես թէ Եհովան մեզ նոր ճամբորդութեան մը կը հանէր։ Ան մեզի սորվեցուց բաներ, որոնք անկարելի էր որ առանձին սորվէինք։

1. Մաթսը եւ Էն–⁠Քաթրինը կը քարոզեն մօր մը եւ անոր զաւակներուն։ 2. Էն–⁠Քաթրինը կը քարոզէ մասայ տղու մը։

Թանզանիայի տեսակաւոր թաղամասերուն մէջ կը քարոզենք

Ի՞նչ խնդիրներ ունեցած էք, եւ ի՞նչը ձեզի օգնած է։

Մաթս. Տարիներու ընթացքին շատ մը հիւանդութիւններ անցուցած ենք, օրինակ՝ մալարիա։ Եւ Էն–Քաթրինը քանի մը անակնկալ գործողութիւններ ունեցած է։ Նաեւ կը մտահոգուէինք մեր ծնողքին համար, քանի որ անոնք տարիքով կը մեծնային։ Ասոր համար, շատ շնորհակալ ենք մեր ընտանիքի անդամներուն, քանի որ մեր ծնողներուն հոգ տարին մեր բացակայութեան։ Անոնք համբերութեամբ, ուրախութեամբ եւ սիրով հոգ տարին անոնց (Ա. Տիմ. 5։4)։ Ասկէ զատ, ատեններ ալ շատ գէշ կը զգայինք, քանի որ մեր ձեռքէն բան մը չէր գար մեր ծնողքին հոգ տանելու համար։

Էն–Քաթրին. 1983–ին, երբ Զայիրի մէջ կը ծառայէինք, քոլերա ունեցայ։ Վիճակս այնքան ծանր էր, որ բժիշկը Մաթսին ըսաւ. «Այսօ՛ր իրեն երկրէն դուրս հանէ»։ Յաջորդ օրը, ապրանք կրող օդանաւով մը ճամբայ ելանք դէպի Շուէտ, քանի որ ուրիշ օդանաւ չկար։

Մաթս. Լացինք, քանի որ կարծեցինք որ այլեւս չէինք կրնար միսիոնար մնալ։ Բժիշկը ըսաւ որ Էն–Քաթրինը պիտի չլաւանայ, բայց լաւացաւ։ Եւ մէկ տարի ետք կրցանք Զայիր վերադառնալ եւ միացանք սուահիլի խօսող ժողովքի մը՝ Լուպումպաշի քաղաքին մէջ։

Էն–Քաթրին. Երբ Լուպումպաշի էինք, չծնած զաւակս կորսնցուցի։ Թէեւ չէինք ծրագրած զաւակ բերել, բայց մեր զաւակը կորսնցնելը չափէն աւելի դժուար էր ինծի։ Բայց այդ ցաւիս մէջ, Եհովայէն անակնկալ նուէր մը ստացանք։ Որեւէ ժամանակէ աւելի դասեր սկսանք ունենալ։ Մէկ տարի չանցած, մեր ժողովքի հրատարակիչներուն թիւը 35–էն 70–ի հասաւ եւ ժողովի ներկաներուն թիւը 40–էն՝ 220–ի։ Շատ զբաղուած էինք ծառայութեան մէջ եւ Եհովային օրհնութիւնները մխիթարեցին զիս։ Բայց շատ ատեններ մեր սիրելի զաւակը մեր միտքը կու գայ եւ իր մասին կը խօսինք։ Անհամբեր կը սպասենք տեսնելու, թէ ինչպէս Եհովան մեր այս սրտի ցաւը լման պիտի բուժէ նոր աշխարհին մէջ։

Մաթս. Ժամանակ մը կար որ Էն–Քաթրինը շատ յոգնած եւ տկար էր։ Նոյն ատեն, մէջտեղ ելաւ որ ես հաստ աղիքի քաղցկեղ ունիմ, որ տարածուած է եւ մեծ գործողութեան պէտք ունիմ։ Բայց հիմա լաւ եմ եւ Էն–Քաթրինն ալ իր լաւագոյնը կ’ընէ, որ իր ունեցած ուժով Եհովային ծառայէ։

Տարիներու ընթացքին տեսանք որ ուրիշներն ալ դժուարութիւններէ կ’անցնին։ 1994–ին, Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ետք, շատ մը եղբայրներու ու քոյրերու այցելեցինք գաղթակայաններու մէջ։ Երբ տեսանք անոնց հաւատքը, համբերութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը, հակառակ որ շատ գէշ պայմաններու մէջ կ’ապրէին, համոզուեցանք որ Եհովան ունի զօրութիւնը, որ իր ծառաներուն օգնէ՝ ի՛նչ որ ալ ըլլան իրենց դժուարութիւնները (Սաղ. 55։22)։

Էն–Քաթրին. Փորձանքի մըն ալ հանդիպեցանք, երբ 2007–ին Ուկանտայի մասնաճիւղին բացումէն կը վերադառնայինք։ Յայտագրէն ետք, շուրջ 25 միսիոնարներով ու բեթէլականներով լեցուն պասով մը կը ճամբորդէինք Նայրոպի, Քենիա։ Սահմանը չհասած, բեռնակառք մը յանկարծ դիմացէն մեր կողմը անցաւ եւ ուղղակի մեր պասին մտաւ։ Մեր վարիչը եւ հինգ եղբայրներ ու քոյրեր տեղւոյն վրայ մահացան, իսկ քոյր մըն ալ ետքը հիւանդանոցին մէջ մահացաւ։ Որքա՜ն կը կարօտնանք եւ կ’ուզենք նորէն տեսնել զիրենք (Յոբ 14։13-15)։

Ժամանակ մը ետք, մարմնիս վէրքերը առողջացան։ Բայց մենք եւ մեզի հետ եղողներէն ոմանք ունեցանք յետհոգեխոցեան սթրեսային խանգարում (post-traumatic stress disorder)։ Ես անձնապէս իրիկունները նոպաներ կ’անցընէի եւ կը զգայի որ կարծես թէ սրտի կաթուած կ’անցընեմ։ Շատ կը վախնայի։ Բայց միշտ երբ Եհովային կ’աղօթէինք եւ մեր սիրած համարները կը կարդայինք եւ անոնց մասին կը մտածէինք, կը հանգչէինք։ Մենք նաեւ բժիշկի գացինք եւ շատ օգտուեցանք։ Հիմա առաջուընէ աւելի լաւ ենք, եւ Եհովայէն կը խնդրենք որ մեզի օգնէ մխիթարելու բոլոր անոնք, որոնք այսպիսի խնդիրներ կ’ունենան։

Մինչ կը բացատրէիք թէ ինչպէ՛ս կրցաք դժուար պարագաներու հետ գլուխ ելլել, ըսիք որ Եհովան ձեզ շալկեց «հում հաւկիթներ»ու պէս։ Ի՞նչ ըսել ուզեցիք։

Մաթս. Յիշուած խօսքը, սուահիլի խօսքէ մը առնուած է, որ կ’ըսէ. «Դումէպէպուայ քամա մայիայի մապիջի», եւ կը նշանակէ՝ «Շալկուեցանք ինչպէս որ հում հաւկիթները կը շալկուին»։ Ինչպէս որ մէկը ուշադրութեամբ կը շալկէ հում հաւկիթները որպէսզի չիյնան–չկտրուին, նոյն կերպով Եհովան նրբութեամբ մեզի օգնեց մեր նշանակումներէն ամէն մէկուն մէջ։ Մեր պէտքերը միշտ ապահովուած էին, եւ նոյնիսկ անոնցմէ աւելին ալ ունէինք։ Օրինակ, Կառավարիչ մարմինը միշտ մեզի հետ կը զգար, եւ ասիկա կերպերէն մէկն էր, որուն միջոցաւ Եհովան մեզի սէր ցոյց տուաւ եւ օգնեց։

Էն–Քաթրին. Օրինակ մը տամ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի օգնած է։ Օր մը, ինծի հեռաձայն եկաւ եւ լուր առի որ հայրս, Շուէտի մէջ, հիւանդանոցն է եւ վիճակը ծանր է։ Մաթսը դեռ նոր առողջացած էր մալարիայէն, եւ մենք դրամ չունէինք որ օդանաւի տոմսեր գնէինք՝ հօրս քով երթալու համար։ Որոշեցինք մեր ինքնաշարժը ծախել։ Բայց յանկարծ, մեր հեռաձայնը զարկաւ։ Զոյգ մըն էր, որ մեր պարագաներուն մասին լսած էր եւ կ’ուզէր մէ՛կ տոմսին գինը վճարել։ Յետոյ նորէն հեռաձայնը զարկաւ։ Այս անգամ տարեց քոյր մըն էր, որ կ’ուզէր իր շատցուցած դրամը մեզի տալ։ Ան դրամ կը շատցնէր տուփի մը մէջ, որուն վրայ գրած էր՝ «Պէտք ունեցող մէկու մը համար»։ Եհովան մի քանի վայրկեանուան մէջ արդէն կարգադրած էր ամէն բան (Եբ. 13։6)։

Ի՞նչ սորված էք ձեր 50 տարուան լիաժամ ծառայութենէն։

Մաթսը եւ Էն–⁠Քաթրինը ժպիտը երեսնին կայնած են իրար քով։

Մեր նոր նշանակումին մէջ՝ Միանմար

Էն–Քաթրին. Սորվեցայ որ ‘մեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ’։ Երբ Եհովային վստահինք, ձեւով մը մեր պատերազմը ի՛ր պատերազմը կ’ըլլայ (Եսա. 30։15. Բ. Մն. 20։15, 17)։ Ամէն մէկ նշանակումին մէջ մեր լաւագոյնը տալով Եհովային, ստացանք օրհնութիւններ, որոնք պիտի չստանայինք եթէ ուրիշ բան մը ընէինք։

Մաթս. Հիմնական դասը որ սորվեցայ այն է, որ Եհովային վստահիմ ամէն պարագաներու մէջ եւ տեսնեմ թէ ան ինծի համար ի՛նչ պիտի ընէ (Սաղ. 37։5)։ Ան միշտ ինծի օգնած է, ճիշդ ինչպէ՛ս որ խոստացած է։ Միջեւ այսօր կը տեսնենք, թէ Եհովան տակաւին իր խոստումին տէրը կ’ելլէ՝ մինչ կը ծառայենք Միանմարի Բեթէլին մէջ։

Կը յուսանք որ շատ երիտասարդներ, որոնք կ’ուզեն իրենց ծառայութիւնը ընդլայնել, վայելեն Եհովային հաւատարիմ սէրը որ մենք վայելեցինք։ Անոնք պիտի վայելեն, եթէ Եհովային առիթը տան որ զիրենք ծաղկեցնէ, ո՛ւր որ ալ «ցանուին»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել