panitan/stock.adobe.com
Յիսուս աղքատութեան վերջ պիտի դնէ
Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս խոր սէր ցոյց տուաւ մարդոց հանդէպ, մա՛նաւանդ աղքատներուն եւ նեղութիւն քաշողներուն հանդէպ (Մատթէոս 9։36)։ Ան նոյնիսկ իր կեանքը զոհեց՝ ուրիշներու օգտին համար (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 15։13)։ Մօտ օրէն, Յիսուս մարդոց հանդէպ իր սէրը նորէ՛ն ցոյց պիտի տայ, երբ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր աղքատութեան վերջ դնէ՝ ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ։
Գեղեցիկ խօսքով, Աստուածաշունչը կը նկարագրէ թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ.
«Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ, տնանկին զաւակները պիտի ազատէ» (Սաղմոս 72։4)։
Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ շնորհակա՛լ ենք այն բոլոր բաներուն համար, որոնք Յիսուս ըրած է եւ դե՛ռ պիտի ընէ։ Օրինակ, կրնանք աւելի՛ սորվիլ Յիսուսին քարոզած «Աստուծոյ թագաւորութեան» մասին (Ղուկաս 4։44)։ Կարդա՛ «Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը» յօդուածը։