Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ17 թիւ 6 էջ 8-9
  • Զաւակիդ սորվեցուր որ խոնարհ ըլլայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զաւակիդ սորվեցուր որ խոնարհ ըլլայ
  • Զարթի՛ր 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
  • ԳԻՏԷԻ՞Ր
  • ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ
  • Խոնարհ ըլլալ
    Զարթի՛ր 2019
  • Իսկական խոնարհութիւն մշակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Չյանձնուիլ
    Զարթի՛ր 2019
  • Յիսուսի օրինակելի խոնարհութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2017
զ17 թիւ 6 էջ 8-9
Մայր մը իր տղուն սպասաւորութիւն կ’ընէ

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ | ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Զաւակիդ սորվեցուր որ խոնարհ ըլլայ

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

  • Տղադ ինքնահաւանօրէն կը վարուի, հակառակ անոր որ միայն 10 տարեկան է։

  • Ան բոլորէն կ’ակնկալէ որ իրեն յատուկ աչքով նային։

Թերեւս մտածես. ‘Ինչո՞ւ այսպէս կը վարուի։ Ես կ’ուզե՛մ որ ինքնիր անձին արժէքը գիտնայ, բայց ոչ թէ կարծէ որ ուրիշներէն աւելի լաւ է’։

Արդեօք կարելի՞ է մեր զաւակներուն սորվեցնել որ խոնարհ ըլլան, առա՛նց անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորելու։

Աղջնակ մը թագուհիի պէս նստած է, իսկ իր ծնողքը իրեն առջեւ ծունկի եկած է

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Վերջերս ծնողներուն քաջալերութիւն կը տրուի, որ իրենց զաւակներուն ուզածը ընեն, միշտ գովեն,– նոյնիսկ եթէ գովասանքի արժանի բան չեն ըրած,– եւ զաւակ սրբագրելու կամ կրթելու չելլեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կ’ըսուի, որ եթէ մեր զաւակները զգան որ յատուկ են, հոգեկան գետնի վրայ առողջ կ’ըլլան եւ անարժէք չեն զգար։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Կրթուած եւ ուրախ պզտիկներու տեղ, կը տեսնենք անձնակեդրոն եւ ինքզինք տեսնող պզտիկներ» (Generation Me)։

Շատ մը զաւակներ, որոնք անտեղի գովասանքներով կը մեծնան, չեն պատրաստուիր յուսախաբութիւններու, քննադատութեան եւ ձախողութեան։ Եւ քանի՛ որ փոքր տարիքէն կը սորվին իրենց անձին վրայ կեդրոնանալ, իրենց համար շատ դժուար կ’ըլլայ մնայուն բարեկամութիւններ ունենալ երբ մեծնան։ Անոր համար է որ անոնցմէ շատեր մտահոգութենէ եւ ընկճուածութենէ կը տառապին։

Մեր զաւակները ինքնայարգանք կ’ունենան, երբ զանոնք սրտանց գովենք ամէն անգամ որ գովասանքի արժանի բան ընեն։ Քանի որ ինչպէս տեսանք, անտեղի գովասանքը զանոնք կը քանդէ։ Եւ անոնք ինքնայարգանք կ’ունենան ոչ միայն երբ զգան, որ բաւարար է որոշ կարողութիւն կամ ձիրք ունենալ, հապա՝ երբ ատոնց վրայ աշխատին եւ զարգացնեն (Առակաց 22։29)։ Անոնք նաեւ պէտք է ուրիշներուն պէտքերը հոգան (Ա. Կորնթացիս 10։24)։ Այս բոլորը խոնարհութիւն կը պահանջէ։

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Զաւակդ գովէ, միա՛յն՝ երբ գովասանքի արժանի բան ընէ։ Օրինակ, եթէ աղջիկդ լաւ նիշեր բերէ, գովէ՛։ Բայց եթէ նիշերը ցած ըլլան, շուտով ուսուցիչը մի՛ այպաներ։ Ասիկա աղջիկիդ խոնարհութիւն պիտի չսորվեցնէ։ Փոխարէն, անոր օգնէ որ գալ անգամ աւելի լաւ նիշեր բերէ։

Զաւակդ սրբագրէ, երբ պէտքը տեսնես։ Ասիկա չի նշանակեր զաւակդ քննադատել իր ըրած ամէն մէկ սխալին համար (Կողոսացիս 3։21)։ Բայց անշուշտ, երբ լուրջ սխալ ընէ, պէտք է սրբագրուի։ Զաւակդ սրբագրէ նաեւ երբ սխալ կեցուածք բռնէ, թէ ոչ ատիկա խոր արմատ պիտի կապէ իր սրտին մէջ։

Օրինակ, եթէ նկատես որ զաւակդ ինքզինք կը տեսնէ եւ սրբագրելու չելլես, ան կրնայ ինքնահաւան դառնալ եւ ուրիշները իրմէ կը խրտչին։ Անոր համար, զաւակիդ բացատրէ որ եթէ հպարտանայ, մարդոց մէջ լաւ անուն չունենար եւ ամօթով կը մնայ (Առակաց 27։2)։ Սիրալիր ոճով, անոր նաեւ բացատրէ, որ երբ մէկը իր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենայ, պէտք չունենար ուրիշներուն առջեւ իր կարողութիւնները ցուցադրելու։ Այսպէս, իրեն պիտի սորվեցնես որ խոնարհ ըլլայ՝ առանց իր արժանապատուութիւնը վիրաւորելու (Աստուածաշունչէն սկզբունք. Մատթէոս 23։12)։

Զաւակդ պատրաստէ, որ իրապաշտ ըլլայ։ Եթէ զաւակիդ ամէն մէկ փափաքը իրականացնես, իրեն պատճառ պիտի տաս որ ուռի եւ զգայ որ իրեն կ’իյնա՛յ այդքան հոգատարութիւն կամ նուէրներ։ Անոր համար, եթէ դրամ չունիս որ իր ուզածը բերես, իրեն բացատրէ ինչո՛ւ կարեւոր է որոշ պիւտճէի համաձայն ապրիլ։ Իսկ եթէ ստիպուիս պտոյտ մը կամ արձակուրդ մը չեղեալ ընել, իրեն բացատրէ որ յուսախաբութիւնը կեանքի մէկ մասն է եւ թէ դուն ինչպէ՛ս գլուխ կ’ելլես ատոնց հետ։ Զաւակդ ամէն մէկ դժուարութենէ պաշտպանելու տեղ, զինք պատրաստէ այն դժուարութիւններուն, որոնք պիտի դիմագրաւէ երբ մեծնայ (Աստուածաշունչէն սկզբունք. Առակաց 29։21, ՆԱ)

Զաւակիդ մէջ տալու հոգի զարգացուր։ Թող զաւակդ տեսնէ, որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Ինչպէ՞ս։ Դուն եւ ինքը կրնաք ցանկ մը պատրաստել եւ մէջը գրել, թէ որո՛նք պէտք ունին շուկայ երթալու, տեղէ տեղ փոխադրուելու կամ իրենց տունին մէջ բան մը նորոգելու։ Յետոյ զաւակդ հետդ տար, երբ երթաս անոնց օգնելու։ Թող զաւակդ տեսնէ որքա՜ն ուրախ եւ գոհունակ կը զգաս, երբ ուրիշներուն պէտքերը կը հոգաս։ Այսպէս, օրինակո՛վդ զաւակիդ խոնարհութիւն պիտի սորվեցնես. ինչ որ դաստիարակելու ամէնէն զօրաւոր կերպն է (Աստուածաշունչէն սկզբունք. Ղուկաս 6։38)։

Աւելի տեղեկութիւններու համար, այցելէ jw.org կայքը, եւ կարդայ «Հոգատար զաւակներ մեծցնել եսասէր աշխարհի մէջ» նիւթը։

ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՄԱՐՆԵՐ

  • «Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Մատթէոս 23։12)։

  • «Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ, վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ [«անշնորհակալ կ’ըլլայ», ՆԱ]» (Առակաց 29։21)։

  • «Տուէ՛ք» (Ղուկաս 6։38)։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՍԵՊԵԼ

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փիլիպպեցիս 2։3, 4)։

Այն զաւակը, որ աս սկզբունքով կը մեծնայ, աւելի հաւանական է որ հասկնայ, որ ուրիշները ձեւով մը իրմէ լաւ են կեանքի որոշ մարզերուն մէջ։ Յիշէ, որ խոնարհութի՛ւնն է որ զաւակիդ պիտի օգնէ, որ անձնակեդրոն չըլլայ այս եսասէր աշխարհին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել