Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 2 էջ 8-9
  • 2. Տառապանքին պատճառը մա՞րդն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 2. Տառապանքին պատճառը մա՞րդն է
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է
  • Պահ մը մտածէ
  • Աստուածաշունչը կ’ըսէ
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2020
  • Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • 4. Ստեղծուած ենք տառապելո՞ւ համար
    Զարթի՛ր 2020
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 2 էջ 8-9
Տղամարդ մը իր տան նստասենեակը նստած է եւ մէկ ձեռքով ծխախոտը բռնած է, իսկ միւս ձեռքով գարեջուրի բաց շիշ մը։

2. Տառապանքին պատճառը մա՞րդն է

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Եթէ պատասխանը այո է, ուրեմն կրնանք բան մը ընել տառապանքը նուազեցնելու համար։

Պահ մը մտածէ

Մարդիկ ո՞ր աստիճան պատասխանատու են տառապանք պատճառող հետեւեալ բաներուն համար։

  • Չարաշահութիւն ներկայացնող բռունցքի պատկերակ։

    Չարաշահութիւն։

    Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) տուեալներուն, ամէն 4 չափահասներէն 1–ը մանկութեան ատեն ֆիզիքական չարաշահութեան ենթարկուած է, իսկ ամէն 3 կիներէն 1–ը իր կեանքին ընթացքին ենթարկուած է ֆիզիքական եւ/կամ սեռային չարաշահութեան։

  • Գերեզմանատուն ներկայացնող գերեզմանաքարերու պատկերակ։

    Սիրելիի մը մահը։

    «Ըստ տուեալներու, 2016–ին, համայն աշխարհի մէջ 477,000 մարդիկ սպաննուեցան», կը նշէ World Health Statistics 2018–ը, հրատարակուած ԱՀԿ–ի կողմէ։ Ասկէ զատ, կ’ենթադրուի որ այդ տարի 180,000 մարդիկ մեռան պատերազմներու եւ խռովութիւններու պատճառով։

  • Առողջապահական խնդիրներ ներկայացնող սիրտի եւ ելեկտրասրտագրութեան պատկերակ։

    Առողջապահական խնդիրներ։

    National Geographic պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած յօդուածին մէջ, Ֆրան Սմիթ կը նշէ. «Աւելի քան մէկ միլիառ մարդ կը ծխէ, իսկ ծխախոտը դեր ունի մահուան գլխաւոր 5 պատճառներուն մէջ. սրտի հիւանդութիւններ, կաթուած, շնչառական վարակումներ, թոքերու երկարատեւ խցումի հիւանդութիւն եւ թոքի քաղցկեղ»։

  • Ընկերային անհաւասարութիւն ներկայացնող անհաւասարակշիռ կշիռքի պատկերակ։

    Ընկերային անհաւասարութիւն։

    Հոգեբան Ճէյ Ուաթց կ’ըսէ. «Աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնը, ցեղային եւ սեռային գետնի վրայ խտրականութեան ենթարկուիլը, տեղահան ըլլալը եւ մրցակցութիւնը, բոլորն ալ կ’աւելցնեն մտային տառապանքի հաւանականութիւնը»։

    ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

    Կրնաս դիտել Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը վիտէոն, www.jw.org/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Նախապէս ներկայացուած տղամարդը հիւանդանոցի անկողնին մէջն է։ Անոր կինը իր երեսը կը դարձնէ, մինչ բժիշկը գէշ լուր կու տայ։

Աշխարհի մէջ, տառապանքին մեծ մասը մարդոց պատճառով կ’ըլլայ։

Հարստահարող կառավարութիւններ շատ տառապանք պատճառած են, դժուարացնելով այն մարդոց կեանքը, որոնց կը դաւանին ծառայել։

«Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (ԺՈՂՈՎՈՂ 8։9)։

Տառապանքը կարելի է նուազեցնել։

Սուրբ Գիրքի սկզբունքները կը նպաստեն լաւ առողջութեան եւ ուրիշներու հետ խաղաղ փոխյարաբերութեան։

«Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է» (ԱՌԱԿԱՑ 14։30)։

«Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ» (ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։31)։

Տառապանքին պատճառը մա՞րդն է

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ» (Գաղատացիս 6։7, 8)։ Տառապանք կայ, որ մե՛նք մեր գլխուն կը բերենք մեր ըրած ընտրութիւններով։ Ատոր համար, բժիշկները կը յանձնարարեն որ մարդիկ սննդարար ուտելիքներ ուտեն, մարզանք ընեն եւ հեռու կենան վնասակար սովորութիւններէ, ինչպէս՝ ծխել։ Սակայն սխալ կ’ըլլայ ըսել որ մարդ արարածն է ամբողջ տառապանքը պատճառողը։ Շատեր զոհ կ’երթան՝ արկածներու, աղէտներու եւ ուրիշ ցաւալի դէպքերու։

Ինչո՞ւ բարի մարդիկը կը տառապին։

Տե՛ս 3–րդ հարցումը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել