Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 3 էջ 10-11
  • Բարեկամներու շրջանակդ մեծցուր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բարեկամներու շրջանակդ մեծցուր
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խնդիրը
  • Սուրբ Գիրքէն սկզբունք
  • Բարեկամներու մեր շրջանակը մեծցնելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ
  • Ի՞նչ կրնաս ընել
  • Անոնք նախապաշարումին դրած պատը քանդեցին
    Զարթի՛ր 2020
  • Սէր ցոյց տուր
    Զարթի՛ր 2020
  • Ընկերներդ իմաստութեամբ զատէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ի՛նչպէս կրնաք մշակել բարեկամութիւններ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 3 էջ 10-11
Ցեղային տարբեր ենթահողերէ եղող չորս կիներ կը խօսակցին ու կը խնդան, մինչ իրենց պզտիկները միասին խաղավայրին մէջ կը խաղան։

Բարեկամներու շրջանակդ մեծցուր

Խնդիրը

Հեռու մնալը այն մարդոցմէն, որոնց ժխտական աչքով կը նայինք, ա՛լ աւելի կը խորացնէ մեր նախապաշարումները։ Եւ եթէ մեր բարեկամները միայն մեզի պէս եղող մարդիկ են, կրնանք այն մտածելակերպը զարգացնել, թէ մտածելու, զգալու եւ վարուելու միակ ընդունելի կերպը մե՛ր կերպն է։

Սուրբ Գիրքէն սկզբունք

«Լայն բացէք ձեր սրտերը» (Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6։13)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Մեր «սիրտ»ը կրնայ ակնարկել մեր ջերմ զգացումներուն։ Եթէ ջերմ զգացումներ ունինք միայն մեզի պէս եղողներուն հանդէպ, մեր սիրտը գոց կը մնայ եւ չի լայննար։ Այս խնդիրին մէջ չիյնալու համար, պէտք է պատրաստ ըլլանք բարեկամանալու մեզմէ տարբեր եղող մարդոց հետ։

Բարեկամներու մեր շրջանակը մեծցնելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ

Երբ ուրիշները անձամբ կը ճանչնանք, կը սկսինք հասկնալ թէ ինչո՛ւ մեզմէ տարբեր կերպով կը վարուին։ Եւ մինչ անոնց կը մօտենանք, կը սկսինք զանոնք մեր խումբին մէկ մասը նկատել։ Զանոնք երթալով աւելի կ’արժեւորենք եւ անոնց ուրախութիւնն ու ցաւը կը դառնան մեր ուրախութիւնն ու ցաւը։

Նկատի առ Նըզարէ անունով կնոջ մը օրինակը։ Ատեն մը, ան նախապաշարուած էր գաղթականներուն հանդէպ։ Ան կը բացատրէ, թէ ի՛նչը իրեն օգնեց. «Անոնց հետ ժամանակ անցուցի եւ աշխատեցայ։ Ծանօթացայ մարդոց, որոնք ամբողջովին տարբեր էին այն կերպէն, որով զիրենք կը նկարագրէին։ Երբ տարբեր մշակոյթէ մարդոց հետ կը բարեկամանաս, կը գիտնաս որ բոլորը նոյնը չեն եւ կը սկսիս զիրենք սիրել ու գնահատել որպէս անհատներ»։

Զգուշացում

Կարգ մը մարդիկ այնպիսի ապրելակերպեր կ’ընտրեն, որոնք վնասակար են թէ՛ իրենց եւ թէ ուրիշներուն։ Ուստի, պէտք է զգուշութեամբ բարեկամներ զատենք։ Եթէ կը մերժենք բարեկամանալ մէկու մը հետ, որ անպարկեշտ կամ անբարոյ է, ասիկա չի նշանակեր թէ նախապաշարուած ենք։ Մինչ պէտք չէ փորձես վնաս հասցնել անոնց, որոնք քու բարոյական չափանիշներուդ համաձայն չեն ապրիր, կամ զանոնք իրենց իրաւունքներէն զրկել, իմաստութիւն է զիրենք բարեկամներու շրջանակիդ մէջ չպարփակել (Առակաց 13։20)։

Ի՞նչ կրնաս ընել

Գտիր առիթներ, որ խօսիս մարդոց հետ, որոնք տարբեր երկիրէ կամ ազգութենէ են եւ կամ տարբեր լեզուով կը խօսին։ Կրնաս՝

  • Անոնցմէ խնդրել, որ քեզի քիչ մը պատմեն իրենց մասին։

  • Զանոնք ճաշի հրաւիրել։

  • Անոնց փորձառութիւնները մտիկ ընել եւ գիտնալ թէ ի՛նչ բաներ կարեւոր են անոնց համար։

Եթէ ջանաս հասկնալ, թէ ի՛նչ փորձառութիւններ կաղապարած են անոնց անձնաւորութիւնը, կրնաս դրական վերաբերմունք զարգացնել անոնց խումբէն եղող մարդոց նկատմամբ։

Փորձառութիւն մը. Քանտըսամի եւ Սուքըմա (Քանատա)

Քանտըսամին ու Սուքըման, ամուսնացած զոյգ մը, կը պատմեն. «Մենք մեծցանք Հարաւային Ափրիկէի մէջ ցեղային խտրականութեան ժամանակներուն։ Տարբեր ցեղերու պատկանող մարդիկ ստիպուած էին զատ–զատ ապրիլ, ինչ որ անոնց մէջ արթնցուց նախապաշարումի զգացումներ իրարու հանդէպ։ Մենք մասնաւորաբար ճերմակամորթ մարդիկը չէինք սիրեր, քանի որ մեզ՝ սեւամորթներս, ստորադաս կը նկատէին։ Այդ ժամանակ չէինք զգար, որ նախապաշարուած էինք, հապա կը խորհէինք թէ զոհ էինք։

«Մեր կեցուածքը փոխելու համար, նախաքայլը առինք, որ մեր սրտերը լայն բանանք ու տարբեր ենթահողերէ բարեկամներ ունենանք։ Երբ սկսանք ճերմակամորթ մարդոց հետ ընկերակցիլ, անդրադարձանք որ շատ քիչ բան մեզ իրարմէ կը բաժնէ։ Բոլորս նոյնանման պարագաներէ եւ դժուարութիւններէ կ’անցնինք։

«Նոյնիսկ առիթ ունեցանք, որ ճերմակամորթ զոյգ մը երկար ժամանակ մեր տունին մէջ հիւրընկալենք։ Զանոնք մօտէն ճանչցանք։ Եւ շուտով բարեկամացանք եւ սկսանք իրար հաւասար նկատել։ Առ ի արդիւնք, սկսանք ընդհանուր առմամբ ճերմակամորթ մարդիկը աւելի դրական աչքով դիտել»։

Հարազատ եղբայրներ

Ճոնի եւ Կիտեըն Եհովայի վկաներուն Թագաւորութեան սրահէն դուրս պզտիկներու բարեւ կու տան։

Տարբեր ցեղերէ ըլլալով եւ տարբեր քաղաքական տեսակէտներ ունենալով հանդերձ, Ճոնի եւ Կիտեըն մտերիմ բարեկամութիւն զարգացուցին։

Դիտէ՛ Ճոնի եւ Կիտեըն. Ժամանակին թշնամիներ, հիմա եղբայրներ վիտէոն։ Վերնագիրը փնտռէ jw.org կայքին վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել