ՄԱՍ Բ
Ջրհեղեղէն մինչեւ Եգիպտոսէ ազատագրումը
Ջրհեղեղէն միայն ութը հոգի վերապրեցան, բայց ժամանակի ընթացքին, անոնք բազմացան եւ հազարաւորներու հասան։ Ջրհեղեղէն 352 տարի ետք, Աբրահամ ծնաւ։ Աստուած իր խոստումը պահեց Աբրահամի տալով որդի մը՝ Իսահակ անունով։ Յետոյ, Իսահակի երկու որդիներէն, Աստուած Յակոբը ընտրեց։
Յակոբ 12 որդիներ եւ քանի մը աղջիկներ ունեցաւ։ Յակոբի 10 զաւակները ատեցին իրենց կրտսեր եղբայրը՝ Յովսէփը եւ զայն Եգիպտոսի մէջ գերի ըլլալու ծախեցին։ Հետագային, Յովսէփ մեծ իշխան մը եղաւ Եգիպտոսի մէջ։ Երբ սաստիկ սով մը եղաւ, Յովսէփ փորձեց իր եղբայրները, տեսնելու համար թէ անոնք իրենց սրտի վիճակը փոխած են թէ ոչ։ Վերջապէս, Յակոբի ամբողջ ընտանիքը, Իսրայելացիները, Եգիպտոս փոխադրուեցան։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Աբրահամի ծնունդէն 290 տարի ետք։
Յաջորդ 215 տարիներու ընթացքին, Իսրայելացիները բնակեցան Եգիպտոսի մէջ։ Յովսէփի մահէն ետք, անոնք հոն գերիներ եղան։ Ատեն մը ետք, Մովսէս ծնաւ եւ Աստուած զինք գործածեց Իսրայելացիները Եգիպտոսէ ազատագրելու համար։ Այս ԵՐԿՐՈՐԴ Մասը ընդամէնը 857 տարուայ պատմութիւն մը կը ծածկէ։