Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 18
  • Յակոբ Խառան կ’երթայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յակոբ Խառան կ’երթայ
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յակոբ բազմանդամ ընտանիք մը ունի
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Եհովան քեզի պիտի օգնէ երբ անակնկալ պարագաներ ունենաս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 18
Յակոբ Խառանի մարդոց կը խօսի Լաբանի եւ անոր աղջկան մասին

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 18

Յակոբ Խառան կ’երթայ

ԳԻՏԷ՞Ք հոս որոնց հետ կը խօսի Յակոբ։ Երկար օրեր ճամբորդելէ ետք, Յակոբ անոնց հանդիպեցաւ հորի մը քով։ Անոնք իրենց ոչխարներուն հոգ կը տանէին։ Յակոբ հարցուց. ‘Ուրկէ՞ էք դուք’։

‘Խառանէն’, պատասխանեցին անոնք։

‘Լաբանը կը ճանչնա՞ք’, հարցուց Յակոբ։

‘Այո, ահա իր Ռաքէլ աղջիկը իր հօր ոչխարներուն հետ կու գայ’, ըսին անոնք։ Հեռուէն եկող Ռաքէլը կը տեսնէ՞ք։

Ռաքէլ իր հօր ոչխարները կ’արածէ

Երբ Յակոբ տեսաւ Ռաքէլը իր մօրեղբօր ոչխարներուն հետ, ան գնաց եւ հորին վրայի քարը գլորեց որպէսզի ոչխարները ջուր խմեն։ Ապա Յակոբ համբուրեց Ռաքէլը եւ անոր իր ինքնութիւնը յայտնեց։ Ռաքէլ շատ ջղագրգռուեցաւ եւ տուն գնաց ու իր հօրը՝ Լաբանի, պատմեց պատահածը։

Լաբան շատ ուրախ էր որ Յակոբ իր հիւրն էր։ Իսկ երբ Յակոբ առաջարկեց Ռաքէլի հետ ամուսնանալ, Լաբան աւելի ուրախացաւ։ Բայց, Լաբան խնդրեց որ Յակոբ իր դաշտին մէջ եօթը տարի աշխատէր Ռաքէլի համար։ Քանի որ շատ կը սիրէր Ռաքէլը, Յակոբ ընդունեց այս առաջարկը։ Բայց երբ ամուսնութեան ժամանակը եկաւ, գիտէ՞ք ինչ պատահեցաւ։

Լաբան Ռաքէլի փոխարէն իր աւելի մեծ աղջիկը՝ Լիան տուաւ Յակոբի։ Երբ Յակոբ համաձայնեցաւ եօթը տարի ալ աշխատիլ Լաբանի համար, Լաբան Ռաքէլն ալ տուաւ Յակոբի կին ըլլալու։ Այդ օրերուն Աստուած թոյլ կու տար որ մարդիկ մէկէ աւելի կիներ ունենային։ Բայց հիմա, ինչպէս Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, մարդ մը միայն մէկ կին պէտք է ունենայ։

Ծննդոց 29։1–30

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել