Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 20
  • Դինա դժուարութեան կը մատնուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դինա դժուարութեան կը մատնուի
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Պոռնկութենէն փախէք»
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Յակոբ բազմանդամ ընտանիք մը ունի
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Իրարմէ տարբեր երկուորեակներ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 20
Դինա եւ Սիւքէմ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 20

Դինա դժուարութեան կը մատնուի

ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞Ք Դինա որո՛նց այցելութեան կ’երթայ։ Ան Քանանու երկրին մէջ բնակող աղջիկները տեսնելու կ’երթայ։ Իր հայրը՝ Յակոբ ուրախ պիտի ըլլա՞ր արդեօք։ Այս հարցումին պատասխանը գտնելու համար, յիշեցէք թէ Աբրահամ եւ Իսահակ ինչ կը խորհէին Քանանացի կիներուն մասին։

Քանանացի երեք աղջիկներ

Աբրահամ կ’ուզէ՞ր որ իր որդին՝ Իսահակը, Քանանացի աղջկայ մը հետ ամուսնանար։ Ո՛չ, ան չէր ուզեր։ Իսահակ եւ Ռեբեկա կ’ուզէի՞ն որ իրենց որդին՝ Յակոբը, Քանանացի աղջկայ մը հետ ամուսնանար։ Ո՛չ, անոնք ալ չէին ուզեր։ Գիտէ՞ք ինչու։

Քանի որ Քանանու ժողովուրդը կեղծ աստուածներ կը պաշտէին։ Անոնք լաւ անհատներ չէին որ լաւ ամուսիններ կամ կիներ ըլլային, ոչ ալ մտերիմ բարեկամներ կրնային ըլլալ։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ Յակոբ ուրախ պիտի չըլլար որ իր աղջիկը բարեկամութիւն հաստատէր այս Քանանացի աղջիկներուն հետ։

Անշուշտ, Դինա դժուարութեան մատնուեցաւ։ Պատկերին մէջ կը տեսնէ՞ք այդ Քանանացի մարդը որ Դինայի կը նայի։ Անոր անունը Սիւքէմ է։ Օր մը երբ Դինա այցելութեան եկաւ, Սիւքէմ առաւ Դինան եւ ստիպեց որ իրեն հետ պառկի։ Ասիկա սխալ էր, քանի որ միայն ամուսնացած այրեր եւ կիներն են որ իրարու հետ պէտք է պառկին։ Սիւքէմի ըրած այս գէշ արարքը Դինային, շատ մը դժուարութիւններու առաջնորդեց։

Երբ Դինայի եղբայրները լսեցին ինչ որ պատահած էր, անոնք շատ բարկացան։ Անոնցմէ երկուքը՝ Շմաւոնը եւ Ղեւին, այնքան բարկացան որ սուրեր առին եւ քաղաք մտան ու անակնկալի բերին այր մարդիկը։ Անոնք, իրենց եղբայրներուն օգնութեամբ, սպաննեցին Սիւքէմը եւ մնացեալ բոլոր այր մարդիկը։ Յակոբ բարկացաւ իր որդիներուն ըրած այս գէշ արարքին համար։

Այս բոլոր դժուարութիւնները ինչո՞ւ պատահեցան։ Պարզ անոր համար որ Դինա բարեկամացաւ Աստուծոյ օրէնքներուն չհնազանդող մարդոց հետ։ Մենք պիտի չուզենք այսպիսի բարեկամներ ունենալ, այդպէս չէ՞։

Ծննդոց 34։1–31

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել