Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 21
  • Յովսէփի եղբայրները կ’ատեն զինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յովսէփի եղբայրները կ’ատեն զինք
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ան պաշտպանեց, ան հայթայթեց, ան յարատեւեց
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 21
Յովսէփի եղբայրները զինք որպէս գերի կը ծախեն

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 21

Յովսէփի եղբայրները կ’ատեն զինք

ՆԱՅԵՑԷՔ ի՜նչ տխուր եւ անյոյս է այս պատանին։ Ան Յովսէփն է։ Իր եղբայրները զինք այս մարդոց ծախեցին, որոնք Եգիպտոս կ’երթային։ Հոն Յովսէփ գերի պիտի ըլլայ։ Իր կէս եղբայրները ինչո՞ւ այս չար բանը ըրին։ Քանի որ անոնք Յովսէփի կը նախանձէին։

Իրենց հայրը շա՜տ, շատ կը սիրէր Յովսէփը։ Ան գեղեցիկ, երկար վերարկու մը շինել տալով, անոր հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց տուաւ։ Երբ իր 10 աւելի մեծ եղբայրները տեսան թէ իրենց հայրը որքան կը սիրէր զինք, անոնք սկսան նախանձիլ եւ ատել Յովսէփը։ Բայց անոնք ուրիշ պատճառով մըն ալ ատեցին զինք։

Յովսէփ երկու երազներ տեսաւ։ Յովսէփի երկու երազներուն մէջ ալ, իր եղբայրները կը խոնարհէին իր առջեւ։ Երբ Յովսէփ իր եղբայրներուն պատմեց իր երազները, անոնց ատելութիւնը ա՛լ աւելի սաստկացաւ։

Արդ օր մը երբ Յովսէփի աւելի մեծ եղբայրները իրենց հօր հօտը կ’արածէին, Յակոբ Յովսէփէ կը խնդրէ որ երթայ եւ եղբայրներուն որպիսութիւնը հարցնէ։ Երբ Յովսէփի եղբայրները իր գալը կը տեսնեն, անոնցմէ ոմանք կ’ըսեն. ‘Սպաննենք զինք’։ Բայց Ռուբէն, անդրանիկ եղբայրը, կ’ըսէ. ‘Ո՛չ, մի ընէք այդ բանը’։ Փոխանակ սպաննելու, անոնք Յովսէփը կը բռնեն եւ չորցած հորի մը մէջ կը նետեն։ Յետոյ կը նստին որ խորհրդակցին թէ ի՛նչ ընեն։

Յովսէփի եղբայրները իսմայէլացիներէն դրամ կ’առնեն

Ճիշդ այդ պահուն, քանի մը Իսմայելացիներ կ’անցնին այդ տեղէն։ Յուդա իր կէս եղբայրներուն կ’ըսէ. ‘Զինք Իսմայելացիներուն ծախենք’։ Ուստի այս է որ կ’ընեն։ Անոնք 20 կտոր արծաթի փոխարէն կը ծախեն Յովսէփը։ Ի՜նչ չարութիւն եւ անսրտութիւն էր իրենց ըրածը։

Եղբայրները ի՞նչ պիտի ըսեն իրենց հօրը։ Անոնք այծ մը կը մորթեն եւ Յովսէփի գեղեցիկ վերարկուն կրկին ու կրկին այծին արեան մէջ կը թաթխեն։ Ապա, վերարկուն տուն կը տանին իրենց հօրը՝ Յակոբին եւ կ’ըսեն. ‘Ասիկա գտանք։ Նայէ եւ տես թէ արդեօք ասիկա Յովսէփի՞ն վերարկուն է’։

Յակոբ կը հաստատէ որ անիկա Յովսէփին վերարկուն է ու լալով կ’ըսէ. ‘Վայրի անասուն մը սպաննած է Յովսէփը’։ Յովսէփի եղբայրները կ’ուզէին որ իրենց հայրը այդպէս խորհէր։ Յակոբ շա՜տ, շատ կը տխրի։ Ան երկար օրեր կու լայ։ Բայց Յովսէփ մեռած չէ։ Տեսնենք թէ ի՛նչ կը պատահի իրեն, երբ Եգիպտոս կը տարուի։

Ծննդոց 37։1–35

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել