Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 22
  • Յովսէփ բանտ կը նետուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յովսէփ բանտ կը նետուի
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Եհովան քեզի կ’օգնէ որ յաջողիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 22
Յովսէփ բանտին մէջ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 22

Յովսէփ բանտ կը նետուի

ՅՈՎՍԷՓ միայն 17 տարեկան է երբ Եգիպտոս կը տարուի։ Հոն Պետափրէս անունով մարդու մը կը ծախուի։ Պետափրէս կ’աշխատի Եգիպտոսի թագաւորին համար, որ Փարաւոն կը կոչուի։

Յովսէփ ծանր կ’աշխատի իր տիրոջ՝ Պետափրէսի, համար։ Ուստի երբ Յովսէփ կը մեծնայ, Պետափրէս զինք իր ամբողջ տան պատասխանատուն կ’ընէ։ Բայց Յովսէփ հոս ինչո՞ւ բանտին մէջ է։ Պետափրէսի կնկան պատճառաւ։

Յովսէփ շատ վայելուչ մարդ մը կը դառնայ, իսկ Պետափրէսի կինը կ’ուզէ որ ան իրեն հետ պառկի։ Բայց Յովսէփ գիտէ թէ ասիկա սխալ է, ու կը մերժէ։ Պետափրէսի կինը շատ կը բարկանայ։ Ուստի երբ իր ամուսինը տուն կու գայ, ան կը ստէ ու անոր կ’ըսէ. ‘Այս չար Յովսէփը փորձեց ինծի հետ պառկիլ’։ Պետափրէս կը հաւատայ իր կնոջ եւ շատ կը բարկանայ Յովսէփի դէմ։ Ուստի ան բանտ նետել կու տայ զինք։

Բանտի պատասխանատուն անմիջապէս կը նշմարէ որ Յովսէփ բարի մարդ մըն է։ Ուստի ան միւս բոլոր բանտարկեալներուն վրայ պատասխանատու կը դնէ զինք։ Հետագային, Փարաւոնը կը բարկանայ իր մատռուակապետին եւ հացագործապետին դէմ եւ զանոնք բանտ նետել կու տայ։ Գիշեր մը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը մասնայատուկ երազ մը կը տեսնէ, բայց անոնք անոնց իմաստը չեն հասկնար։ Յաջորդ օրը, Յովսէփ կ’ըսէ. ‘Ինծի պատմեցէք ձեր երազները’։ Երբ անոնք կը պատմեն, Յովսէփ, Աստուծոյ օգնութեամբ, երազները կը մեկնէ անոնց։

Մատռուակապետին, Յովսէփ կ’ըսէ. ‘Երեք օրէն բանտէն ազատ պիտի արձակուիս եւ դարձեալ Փարաւոնին մատռուակապետը պիտի ըլլաս’։ Ապա Յովսէփ կ’աւելցնէ. ‘Երբ դուրս ելլես, Փարաւոնին խօսէ իմ մասիս եւ օգնէ ինծի որ այս տեղէն դուրս գամ’։ Բայց հացագործապետին, Յովսէփ կ’ըսէ. ‘Ճիշդ երեք օրէն Փարաւոն քեզ գլխատել պիտի տայ’։

Երեք օր ետք, Յովսէփի ըսածները ճիշդ կ’ելլեն։ Փարաւոն հացագործապետը գլխատել կու տայ, բայց մատռուակապետը ազատ կ’արձակէ եւ ան դարձեալ կը սկսի ծառայել թագաւորին։ Բայց ան բոլո՛րովին կը մոռնայ Յովսէփը։ Ան Փարաւոնին բան մը չըսեր Յովսէփի մասին, իսկ Յովսէփ բանտին մէջ կը մնայ։

Ծննդոց 39։1–23. 40։1–23

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել