Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 34
  • Նոր ուտելիք մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նոր ուտելիք մը
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Պղնձէ օձը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Յիսուսի անուան կառչած մնալ
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 34
Իսրայէլացի մայր մը եւ իր տղան մանանայ կը հաւաքեն

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 34

Նոր ուտելիք մը

ԿՐՆԱ՞Ք ըսել թէ այս մարդիկը գետնէն ի՛նչ կը հաւաքեն։ Անիկա եղեամի կը նմանի. ճերմակ, բարակ եւ թեփաձեւ բան մըն է։ Բայց անիկա եղեամ չէ, այլ՝ ուտուելիք բան մըն է։

Իսրայելացիներուն Եգիպտոսէ դուրս ելլելուն տակաւին ամիս մը եղած է եւ անոնք անապատին մէջ կը գտնուին։ Քանի որ անապատին մէջ շատ ուտելիք չաճիր, ժողովուրդը կը գանգատին, ըսելով. ‘Կը նախընտրէինք որ Եհովան մեզի Եգիպտոսի մէջ մեռցնէր։ Գոնէ հոն մեր ուզած ուտելիքը ունէինք’։

Ուստի Եհովա կ’ըսէ. ‘Ես երկինքէն ձեզի համար ուտելիք պիտի տեղացնեմ’։ Իրապէս ալ Եհովա կ’ընէ ասիկա։ Յաջորդ օրը երբ Իսրայելացիները կը տեսնեն այս ինկած ճերմակ նիւթը, իրարու կը հարցնեն. ‘Ի՞նչ է ասիկա’։

Մովսէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա է այն ուտելիքը որ Եհովա ձեզի տուած է’։ Ժողովուրդը զանիկա կը կոչեն ՄԱՆԱՆԱՅ։ Անոր համը մեղրով շինուած համեղ կարկանդակներու կը նմանի։

‘Իւրաքանչիւր անձի կերած չափով հաւաքեցէք անկէ’, կ’ըսէ Մովսէս ժողովուրդին։ Ուստի, ամէն առաւօտ անոնք կը հաւաքեն։ Ապա, երբ արեւը աւելի կը տաքնայ, գետինը մնացած մանանան կը հալի։

Մովսէս կ’ըսէ նաեւ. ‘Ձեզմէ ոչ մէկը յաջորդ օրուան համար մանանան պահէ’։ Բայց ոմանք այս խօսքին մտիկ չեն ըներ։ Գիտէ՞ք ինչ կը պատահի։ Յաջորդ օրը իրենց հաւաքած մանանան կ’որդնոտի եւ կը սկսի հոտիլ։

Իսրայէլացիները մանանայ կը հաւաքեն

Եհովա կ’ըսէ որ շաբթուան մէջ միայն մէկ օր՝ վեցերորդ օրը անոնք կրկնապատիկ մանանայ հաւաքեն։ Եհովա կ’ըսէ որ անկէ յաջորդ օրուան համար ալ պահեն, քանի որ եօթներորդ օրը ան մանանայ պիտի չտեղացնէ։ Երբ եօթներորդ օրուան համար մանանայ կը պահեն, այն ատեն անիկա ո՛չ կ’որդնոտի եւ ո՛չ ալ կը հոտի։ Ահաւասիկ ուրիշ հրաշք մը։

Այնքան ատեն որ Իսրայելացիները անապատին մէջ են, Եհովա զիրենք կը կերակրէ մանանայով։

Ելից 16։1–36. Թուոց 11։7–9. Յեսուայ 5։10–12

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել