Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 42
  • Էշ մը կը խօսի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Էշ մը կը խօսի
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս որպէս Թագաւոր կու գայ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Թուոց գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Զգուշացէ՛ք սուտ ուսուցիչներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 42
Էշը Բաղաամի կը խօսի քանի որ հրեշտակ մը ճամբան գոցած է

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 42

Էշ մը կը խօսի

ԲՆԱՒ լսա՞ծ էք իշու մը խօսիլը։ Վստահաբար ‘Ո՛չ’, պիտի ըսէք։ ‘Անասունները չեն խօսիր’։ Բայց Աստուածաշունչը կը յիշէ էշ մը, որ խօսեցաւ։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս ասիկա պատահեցաւ։

Իսրայելացիները գրեթէ Քանանու երկիրը մտնելու պատրաստ են։ Մովաբի թագաւորը՝ Բաղակ, Իսրայելացիներէն կը վախնայ։ Ուստի մարդ կը ղրկէ Բաղաամ անունով խելացի մարդու մը քով, որպէսզի գայ եւ Իսրայելացիները անիծէ։ Բաղակ շատ դրամ կը խոստանայ Բաղաամի, ուստի Բաղաամ իր իշուն վրայ կը նստի ու ճամբայ կ’իյնայ Բաղակը տեսնելու։

Եհովա չուզեր որ Բաղաամ Իր ժողովուրդը անիծէ։ Ուստի երկար սուր ունեցող հրեշտակ մը կը ղրկէ որպէսզի ճամբուն մէջ կենալով արգելք հանդիսանայ Բաղաամի։ Բաղաամ չի կրնար տեսնել հրեշտակը, բայց իր էշը կը տեսնէ։ Ուստի ան կը ջանայ հրեշտակէն խուսափիլ եւ վերջապէս գետին կը նստի։ Բաղաամ շատ կը բարկանայ եւ իր ձեռքի գաւազանով կը ծեծէ իր էշը։

Այն ատեն Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ Բաղաամ լսէ իր իշուն խօսիլը։ ‘Ի՞նչ ըրի քեզի որ ինծի կը ծեծես’, կը հարցնէ էշը։

‘Իմ վրաս խնդացիր’, կը պատասխանէ Բաղաամ։ ‘Եթէ սուր մը ունենայի, քեզ պիտի սպաննէի’։

‘Ես քեզի հետ բնաւ այսպէս վարուա՞ծ եմ’, կը հարցնէ էշը։

‘Ոչ’, կ’ըսէ Բաղաամ։

Այն ատեն Եհովա թոյլ կու տայ որ Բաղաամ տեսնէ ճամբուն վրայ կեցող եւ ձեռքը սուր ունեցող հրեշտակը։ Հրեշտակը կ’ըսէ. ‘Ինչո՞ւ ծեծեցիր էշդ։ Ես եկայ որ ճամբադ գոցեմ, քանի որ Իսրայէլը անիծելու պէտք չէ երթաս։ Եթէ էշդ ինծմէ չքաշուեր, ես քեզ սպաննած պիտի ըլլայի, բայց իշուդ վնաս մը պիտի չհասցնէի’։

Բաղաամ կ’ըսէ. ‘Ես մեղք գործեցի։ Չգիտցայ որ դուն ճամբուն մէջ կը կայնէիր’։ Հրեշտակը կը ձգէ որ Բաղաամ երթայ, իսկ Բաղաամ կ’երթայ Բաղակը տեսնելու։ Ան տակաւին կը փորձէ անիծել Իսրայէլը, բայց երեք անգամ ալ Եհովա անէծքը օրհնութեան կը վերածէ։

Թուոց 21։21–35. 22։1–40. 23։1–30. 24։1–25

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել