Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 46
  • Երիքովի պարիսպները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երիքովի պարիսպները
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ռախաբ կը պահէ լրտեսները
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Ռախաբ Եհովային հաւատաց
    Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Ան «գործերով արդարացաւ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Յեսուայ գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 46
Յեսու կ’առաջնորդէ իսրայէլացիները որոնք կ’աղաղակեն եւ իրենց փողերը կը հնչեցնեն մինչ Երիքովի պարիսպները կը փլին

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 46

Երիքովի պարիսպները

Ի՞ՆՉ բան պատճառ կ’ըլլայ որ Երիքովի պարիսպները փլին։ Կարծես թէ մեծ ռումբ մը հարուածած է զանոնք։ Բայց այն օրերուն անոնք ռումբեր չունէին. անոնք նոյնիսկ հրացան չունէին։ Ահաւասիկ Եհովայի ուրիշ մէկ հրաշքը։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս պատահեցաւ անիկա։

Մտիկ ըրէք թէ Եհովա ի՛նչ կ’ըսէ Յեսուի. ‘Դուն եւ քու ռազմիկներդ քաղաքին շուրջը պէտք է դառնաք։ Վեց օր, օրական մէկ անգամ անոր շուրջը դարձէք։ Ուխտի տապանակը ձեզի հետ առէք։ Անոր առջեւէն եօթը քահանաներ պէտք է քալեն եւ իրենց փողերը հնչեցնեն’։

‘Եօթներորդ օրը քաղաքին շուրջը եօ՛թը անգամ պէտք է դառնաք։ Յետոյ փողը երկար հնչեցուցէք եւ ամէն մարդ բարձրաձայն աղաղակէ, ու պարիսպները պիտի փլի՛ն’։

Երիքովի պարիսպները կը փլին, բացի Ռախաբի տունէն, ուր կարմիր պարանը կախուած է

Յեսուն եւ ժողովուրդը կ’ընեն Եհովայի ըսածը։ Քալելու ատեն, բոլորն ալ լուռ են. բառ մը չեն խօսիր։ Միմիայն փողերուն եւ քալուածքի ձայնը կը լսուի։ Երիքովի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիները հաւանաբար ահ ու սարսափի մէջ են։ Կը տեսնէ՞ք պատուհանէ մը կախուած կարմիր պարանը։ Անիկա որո՞ւ պատուհանն է։ Այո, Ռախաբ մտիկ ըրած է երկու լրտեսներուն։ Իր ամբողջ ընտանիքը ներսն են եւ իրեն հետ կը դիտեն։

Վերջապէս, եօթներորդ օրը, քաղաքին շուրջը եօթը անգամ դառնալէ ետք, փողերը կը հնչեցնեն, պատերազմողները կ’աղաղակեն եւ պարիսպները կը փլին։ Այն ատեն, Յեսու կ’ըսէ. ‘Քաղաքին բոլոր բնակիչները սպաննեցէք եւ այրեցէք զանիկա։ Ամէն բան այրեցէք։ Միայն ոսկին, արծաթը, պղինձը եւ երկաթը պահեցէք եւ զանոնք Եհովայի վրանին գանձանակը տարէք’։

Իսկ Յեսու երկու լրտեսներուն կ’ըսէ. ‘Գացէք Ռախաբի տունը եւ զինք ու իր ամբողջ ընտանիքը դուրս հանեցէք’։ Ինչպէս որ լրտեսները խոստացած էին, Ռախաբ եւ իր ընտանիքը կը փրկուին։

Յեսուայ 6։1–25

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել