Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 61
  • Դաւիթ թագաւոր կը հռչակուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դաւիթ թագաւոր կը հռչակուի
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դաւիթ ինչո՛ւ պէտք է փախչի
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Իսրայէլացիները թագաւոր մը կ’ուզեն
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Եհովայի անունը միասի՛ն բարձրացնենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 61
Գիշերուան մթութեան մէջ Դաւիթ Սաւուղ թագաւորը կը կանչէ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 61

Դաւիթ թագաւոր կը հռչակուի

ՍԱՒՈՒՂ դարձեալ կը փորձէ ձերբակալել Դաւիթը։ Ան իր լաւագոյն զինուորներէն 3,000 հոգի կ’առնէ եւ անոր ետեւէն կ’իյնայ։ Երբ Դաւիթ այս մասին կը լսէ, լրտեսներ կը ղրկէ գիտնալու համար թէ Սաւուղ եւ իր մարդիկը գիշերը ուր բանակած են։ Ապա Դաւիթ իր երկու մարդոցը կը հարցնէ. ‘Ձեզմէ ո՞վ ինծի հետ պիտի գայ Սաւուղի բանակավայրը’։

‘Ես պիտի գամ’, կը պատասխանէ Աբեսսա։ Աբեսսա Դաւիթի քրոջ՝ Շարուհեայի որդին է։ Մինչ Սաւուղ եւ իր մարդիկը կը քնանան, Դաւիթ եւ Աբեսսա առանց ձայնի կը սպրդին բանակավայրը։ Անոնք Սաւուղի գլխուն քովէն նիզակը եւ ջուրի կուժը կ’առնեն։ Ոչ մէկը կը տեսնէ կամ կը լսէ քանի որ բոլորն ալ խոր կը քնանան։

Արդ նայեցէք Դաւիթին եւ Աբեսսային։ Անոնք հեռացած եւ բլուրի մը գագաթը ապահով են։ Դաւիթ Իսրայէլի բանակի գլխաւորին կը պոռայ ու կ’ըսէ. ‘Ո՛վ Աբեններ, ինչո՞ւ քու տէրդ, թագաւորը, չես պաշտպաներ։ Նայէ՛, ո՞ւր են անոր նիզակը եւ ջուրի կուժը’։

Սաւուղ կ’արթննայ։ Ան կը ճանչնայ Դաւիթի ձայնը եւ կը հարցնէ. ‘Դո՞ւն ես, ո՛վ Դաւիթ’։ Պատկերին մէջ կը տեսնէ՞ք Սաւուղը եւ Աբենները, վարը կայնած։

‘Այո, տէր իմ թագաւոր’, կը պատասխանէ Դաւիթ Սաւուղին եւ կը հարցնէ. ‘Ինչո՞ւ կը փորձես զիս բռնել։ Ի՞նչ գէշութիւն ըրած եմ։ Ահաւասիկ նիզակդ, ո՛վ թագաւոր։ Թող մարդոցմէդ մէկը գայ եւ առնէ զանիկա’։

Սաւուղ թագաւոր Դաւիթի ձայնը կը լսէ

‘Ես սխալ գործած եմ’, կ’ընդունի Սաւուղ։ ‘Յիմարօրէն վարուած եմ’։ Անկէ ետք Դաւիթ իր ճամբան կ’երթայ, իսկ Սաւուղ տուն կը վերադառնայ։ Բայց Դաւիթ ինքն իրեն կ’ըսէ. ‘Սաւուղ օր մը պիտի սպաննէ զիս։ Ես Փղշտացիներուն երկիրը փախչիմ’։ Այդպէս ալ կ’ընէ։ Դաւիթ կը խաբէ Փղշտացիներուն եւ անոնց կը հաւատացնէ թէ ինք այլեւս իրենց կողմէն է։

Ատեն մը վերջ Փղշտացիները Իսրայէլի դէմ պատերազմի կ’ելլեն։ Պատերազմին մէջ, թէ՛ Սաւուղ եւ թէ Յովնաթան կը սպաննուին։ Ասիկա մեծապէս կը տխրեցնէ Դաւիթը եւ շատ գեղեցիկ երգ մը կը հիւսէ, որու մէջ ան կ’երգէ. ‘Շա՜տ տխուր եմ քեզի համար, եղբա՛յր իմ Յովնաթան։ Ի՜նչ սիրելի էիր դուն ինծի’։

Անկէ ետք Դաւիթ Իսրայէլի Քեբրոն քաղաքը կը դառնայ։ Հոն կռիւ մը կը ծագի Սաւուղի որդին՝ Յեբուսթէն թագաւոր ընտրող մարդոց եւ Դաւիթը թագաւոր ուզող մարդոց միջեւ։ Վերջապէս Դաւիթի մարդիկը կը յաղթեն։ Դաւիթ 30 տարեկանին թագաւոր կը հռչակուի։ Եօթուկէս տարի ան Քեբրոնի մէջ կը թագաւորէ։ Իրեն ծնած որդիներէն ոմանց անուններն են՝ Ամնոն, Աբիսողոմ եւ Ադոնիա։

Ժամանակ մը վերջ, Դաւիթ եւ իր մարդիկը գեղեցիկ քաղաք մը կը գրաւեն, որ Երուսաղէմ կը կոչուի։ Դաւիթի քրոջ՝ Շարուհեայի միւս որդին՝ Յովաբը, կռիւին մէջ գլխաւորութիւնը կ’առնէ։ Ուստի Դաւիթ իր բանակին սպարապետը ընելով կը վարձատրէ զինք։ Արդ Դաւիթ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ կը սկսի իշխել։

Ա. Թագաւորաց 26։1–25. 27։1–7. 31։1–6. Բ. Թագաւորաց 1։26. 3։1–21. 5։1–10. Ա. Մնացորդաց 11։1–9

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել