Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 95
  • Յիսուսի սորվեցուցած կերպը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուսի սորվեցուցած կերպը
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իսկական ընկերը ո՞վ է
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Բարեսիրտ սամարացին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ընկերային սամարացի մը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Սամարացի կնոջ մը կը սորվեցնէ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 95
Բարի սամարացին հրեայի մը վէրքերը կը փաթթէ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 95

Յիսուսի սորվեցուցած կերպը

ՕՐ ՄԸ Յիսուս մարդու մը կ’ըսէ թէ իր դրացին պէտք է սիրէ։ Մարդը կը հարցնէ Յիսուսին. ‘Ո՞վ է իմ դրացիս’։ Այո, Յիսուս գիտէ թէ այս մարդը ի՛նչ կը մտածէ։ Այս մարդը կը խորհի թէ միայն իր ցեղին եւ կրօնքին պատկանողներն են իր դրացիները։ Ուստի տեսնենք թէ Յիսուս ի՛նչ կը պատասխանէ իրեն։

Յիսուս երբեմն պատմութիւն մը պատմելով կը սորվեցնէր։ Արդ ասիկա է որ կ’ընէ։ Ան կը պատմէ Հրեայի մը եւ Սամարացիի մը պատմութիւնը։ Արդէն սորված ենք որ շատ մը Հրեաներ չեն սիրեր Սամարացիները։ Ուստի Յիսուս հետեւեալը կը պատմէ.

Օր մը Հրեայ մը կար, որ լեռնային ճամբէ մը դէպի Երիքով կ’իջնէր։ Սակայն աւազակներ անոր վրայ յարձակեցան։ Անոր դրամը առին, զինք ծեծեցին եւ գրեթէ մահուան վիճակի հասցուցին։

Յետոյ, Հրեայ քահանայ մը այն ճամբէն անցաւ։ Ան ծեծուած մարդը տեսաւ։ Ի՞նչ ըրաւ, կը խորհիք։ Այո, ան ճամբուն միւս կողմը անցաւ եւ իր ճամբան շարունակեց։ Ապա ուրիշ կրօնական մարդ մը այնտեղէն անցաւ։ Ան Ղեւտացի մըն էր։ Արդեօք ան կեցա՞ւ։ Ո՛չ, ան ալ չկեցաւ այս ծեծուած մարդուն օգնելու համար։ Կը տեսնէ՞ք քահանան եւ Ղեւտացին որ հեռուն իրենց ճամբան կը շարունակեն։

Բայց նայեցէք հոս թէ ծեծուած մարդուն քովինը ո՛վ է։ Ան Սամարացի մըն է։ Ան կ’օգնէ Հրեային։ Անոր վէրքերուն վրայ դեղ կը դնէ եւ ապա, կ’առնէ Հրեան եւ կը տանի տեղ մը ուր կարենայ լաւ հանգչիլ եւ առողջանալ։

Իր պատմութիւնը վերջա­ցնելէն ետք, Յիսուս իրեն հարցում ուղղած մարդուն կ’ըսէ. ‘Այս երեքէն ո՞ր մէկը, կը խորհիս, որ դրացիի մը պէս վարուեցաւ ծեծուած մարդուն հետ։ Քահանա՞ն, Ղեւտացի՞ն թէ Սամարացին’։

Մարդը կը պատասխանէ. ‘Սամարացին։ Ան էր որ ազնուութեամբ վարուեցաւ ծեծուած մարդուն հետ’։

Յիսուս կ’ըսէ. ‘Շիտակ ըսիր։ Ուստի գնա՛ եւ դուն ալ նոյնպէս վարուէ ուրիշներուն հետ’։

Կը սիրէ՞ք Յիսուսի սորվեցուցած կերպը։ Մենք ալ շատ, շատ կարեւոր բաներ կը սորվինք եթէ մտիկ ընենք ինչ որ Յիսուս կ’ըսէ Աստուածաշունչին մէջ, այդպէս չէ՞։

Ղուկաս 10։25–37

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել