Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 111
  • Երիտասարդ մը քունի կը տարուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երիտասարդ մը քունի կը տարուի
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կղզիի մը վրայ նաւաբեկութիւն
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Տիմոթէոս՝ Պօղոսի նոր օգնականը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Քա՛ջ եղիր. Եհովան օգնականդ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 111
Եւտիքոս մեռած վիճակի մէջ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 111

Երիտասարդ մը քունի կը տարուի

Ի՞ՆՉ տեղի կ’ունենայ հոս։ Գետին ինկած երիտասարդը ծանր վիրաւո՞ր է։ Ահաւասիկ, տունէն դուրս եկող մարդոցմէ մէկը Պօղոսն է։ Իրեն հետ Տիմոթէոսն ալ կը տեսնէ՞ք։ Երիտասարդը պատուհանէ՞ն վար ինկաւ։

Այո, ան պատուհանէն վար ինկաւ։ Հոս Տրովադայի մէջ Պօղոս աշակերտներուն դասախօսութիւն մը կու տար։ Ան գիտէր թէ երկար ատեն զիրենք պիտի չտեսնէր քանի որ յաջորդ օրը նաւով պէտք էր ճամբորդէր։ Ուստի ան շարունակեց խօսիլ մինչեւ կէս գիշեր։

Այս երիտասարդը որուն անունն է Եւտիքոս, պատուհանը նստած էր եւ քունի կը տարուի։ Ան երեք յարկէն վար կ’իյնայ։ Անոր համար է որ մարդիկ այսքան մտահոգ կ’երեւնան։ Երբ անոնք երիտասարդը կը գրկեն, ճիշդ իրենց մտքէն անցածն է՝ ‘Ան մեռած է’։

Երբ Պօղոս կը տեսնէ թէ երիտասարդը մեռած է, անոր վրայ կը պառկի եւ զայն իր թեւերուն մէջ կ’առնէ։ Ապա ան կ’ըսէ. ‘Մի՛ մտահոգուիք, տղան առողջ է’։ Իրապէս հրաշքով մը Պօղոս զինք ետ կեանքի կը բերէ։ Ամբողջ ամբոխը ուրախութեամբ կը լեցուի։

Անոնք դարձեալ վերնայարկ սենեակը կ’երթան ընթրելու համար։ Պօղոս կը շարունակէ խօսիլ մինչեւ արշալոյս։ Բայց վստահ կրնաք ըլլալ որ Եւտիքոս անգամ մը եւս քունի չի տարուիր։ Ապա Պօղոս, Տիմոթէոս եւ իրենց հետ ճամբորդողները նաւ կը մտնեն։ Գիտէ՞ք անոնք ո՛ւր կ’երթան։

Պօղոս եւ Տիմոթէոս կը տեսնեն թէ Եւտիքոս մեռած է

Պօղոս տակաւին նոր վերջացուցած է իր երրորդ քարոզչական շրջապտոյտը եւ տուն կը վերադառնայ։ Այս շրջապտոյտին Պօղոս երեք տարի մինակ Եփեսոս քաղաքին մէջ մնաց։ Ուրեմն իր երրորդ շրջապտոյտը՝ երկրորդէն աւելի երկար էր։

Տրովադայէն մեկնելէ ետք, նաւը քիչ ժամանակ մը կանգ կ’առնէ Մելիտոսի մէջ։ Քանի որ Եփեսոս Մելիտոսէն մի քանի քիլոմեթր հեռու է, Պօղոս մարդ կը ղրկէ որպէսզի Եփեսոսի ժողովքին երեցները Մելիտոս գան, որպէսզի անոնց հետ վերջին խօսակցութիւն մը ունենայ։ Անկէ ետք, երբ ժամանակը կու գայ որ նաւը ճամբայ ելլէ, բոլորն ալ շա՜տ կը տխրին տեսնելով Պօղոսի մեկնիլը։

Վերջապէս նաւը Կեսարիա կը հասնի։ Մինչ Պօղոս Կեսարիոյ մէջ կը կենայ Փիլիպպոս աշակերտին տան մէջ, Ագաբոս մարգարէն կը զգուշացնէ Պօղոսը։ Ան կ’ըսէ թէ Պօղոս պիտի բանտարկուի երբ Երուսաղէմ երթայ։ Իրապէս ալ այդպէս կը պատահի։ Յետոյ երկու տարի Կեսարիոյ մէջ բանտ մնալէն ետք, Պօղոս Հռովմ կը ղրկուի որպէսզի Հռովմէացի կառավարիչ Կայսրին առջեւ դատուի։ Տեսնենք թէ դէպի Հռովմ ճամբորդութեան ընթացքին ի՛նչ կը պատահի։

Գործք 19–26 գլուխները

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել