Երգ 59
Գնահատենք Աստուծոյ կանոնները
1. Ուրախ են օրէնքդ պահողները,
Սիրտդ ուրախացնողները։
Կանոններուդ համաձայն քալելով,
Իրապէս հրճուողները։
Պատուիրանքէդ հաճոյք առնողներն
քու բարութիւնդ կը հռչակեն։
Ամէն վայրեան քեզի կը վստահին
Եւ քու կամքդ կը կատարեն։
2. Անսահման է, Տէ՛ր, քու բարութիւնդ,
Կը պաշտպանէ ծառաներդ,
Ո՛վ Եահ, արդար են դատաստաններդ,
Իրաւունք են ճամբաներդ։
Օրէնքդ շատ սիրողները Տէր,
ունին խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն։
Քու խօսքդ իրենց սիրտը կը պահեն,
Մեղքը կ’նըկատեն պղծութիւն։
3. Ո՛վ Տէր, լսէ երբ քեզ կը պաղատինք,
Խօսքդ մատչելի դարձուր մեզ։
Նաեւ քու շնորհքովդ մեզ օժտէ,
Քու դպրոցիդ մէջ կոփէ մեզ։
Թող մեր սրտերը լման ըլլան,
պահելով միշտ քու կանոններդ։
Կը հաւատանք քու բոլոր խօսքերուդ,
Քանզի արդար ես դուն ինքդ։