Բնակա՞ն է այսպէս զգալ
Այրի տղամարդ մը կը գրէ. «Անգլիոյ մէջ, երբ երախայ էի, ինծի սորվեցուցած էին որ զգացումներս հանրապէս չյայտնեմ։ Կը յիշեմ հայրս, որ զինուորական մը եղած էր, ակռաները սեղմած ինծի կ’ըսէր՝ ‘Չըլլա՛յ որ լաս’, երբ ինծի ցաւ պատճառող բան մը ըլլար։ Չեմ յիշեր որ օր մը չէ օր մը մայրս մեզ՝ երախաներս՝ (չորսս) համբուրած կամ իր թեւերուն մէջ առած է։ 56 տարեկան էի, երբ տեսայ հօրս մահը։ Շա՛տ մեծ կորուստ զգացի։ Բայց սկիզբը չկրցայ լալ»։
Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, մարդիկ իրենց զգացումները բացէ ի բաց կը յայտնեն։ Անոնց ուրախութիւնն ալ տխրութիւնն ալ ուրիշները կը գիտնան։ Իսկ աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, մանաւանդ հիւսիսային Եւրոպայի եւ Բրիտանիոյ մէջ, մարդոց՝ մանաւանդ տղամարդոց՝ պարտադրուած է որ իրենց զգացումները պահեն, իրենց յուզումները զսպեն, իրենց պաղարիւնութիւնը պահեն եւ իրենց զգացումները թաքցնեն։ Բայց երբ սիրելի մը կորսնցուցած էք, ձեր վիշտը արտայայտելու մէջ սխալ մը կա՞յ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Անոնք Որոնք Լացած Են Աստուածաշունչին Մէջ
Աստուածաշունչը գրուած էր Միջերկրականի արեւելքը գտնուող Եբրայեցիներու կողմէ, որոնք իրենց զգացումները դրսեւորող ժողովուրդ մըն են։ Անիկա կը խօսի բազմաթիւ անհատներու մասին, որոնք իրենց վիշտը բացէ ի բաց ցոյց տուին։ Դաւիթ Թագաւոր իր սպաննուած որդւոյն՝ Ամնոնի համար սուգ ըրաւ։ Արդարեւ, ան ‘խիստ մեծ լացով մը լացաւ’։ (Բ. Թագաւորաց 13։28-38) Ան նոյնիսկ իր դաւաճան որդւոյն Աբիսողոմի մահուան համար սուգ ըրաւ, որ փորձած էր թագաւորութիւնը յափշտակել։ Աստուածաշունչի պատմութիւնը կ’ըսէ. «[Դաւիթ] թագաւորը խռովեցաւ ու դրան վերնատունը ելաւ ու լացաւ եւ քալելով այսպէս կ’ըսէր. ‘Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ’»։ (Բ. Թագաւորաց 18։33) Դաւիթ ոեւէ բնական հօր մը նման ողբաց։ Քանի՜ անգամ ծնողներ փափաքած են որ իրենց զաւակներուն տեղ իրենք մեռած ըլլային։ Շա՛տ անբնական կը թուի որ զաւակ մը ծնողներէն առաջ մեռնի։
Յիսուսի հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ, իր բարեկամին՝ Ղազարոսի մահուան դիմաց։ Երբ գերեզմանին մօտեցաւ, Յիսուս լացաւ։ (Յովհաննու 11։30-38) Հետագային, Մարիամ Մագդաղենացի լացաւ, Յիսուսի շիրմին մօտ։ (Յովհաննու 20։11-16) Ճիշդ է որ Աստուածաշունչի յարութեան յոյսին հասկացողութիւնը ունեցող Քրիստոնեայ մը անմխիթարօրէն չ’ողբար, ինչպէս ուրիշները, որոնք մեռելներու վիճակին մասին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յստակ հաւատք մը չունին։ Բայց բնական զգացումներ ունեցող մարդոց նման, ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը յարութեան յոյսը ունենալով հանդերձ կ’ողբայ կամ կը սգայ սիրելիի մը կորուստը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13, 14
Լա՞լ՝ թէ Չլալ
Ներկայիս մեր հակազդեցութեան մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Ձեր զգացումները ցոյց տալու կ’ամչնաք կամ կը քաշուի՞ք։ Խրատատուները ի՞նչ կը յանձնարարեն։ Անոնց արդի տեսակէտները յաճախ կ’արձագանգեն Աստուածաշունչի ներշնչեալ հին իմաստութիւնը։ Անոնք կ’ըսեն թէ պէ՛տք է արտայայտենք մեր վիշտը եւ ո՛չ թէ զսպենք զայն։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ վաղեմի կարգ մը հաւատարիմ մարդիկ, ինչպէս Յոբ, Դաւիթ եւ Երեմիա, որոնց վշտի արտայայտութիւնները կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ։ Անոնք վստահաբար իրենց զգացումները չթաքցուցին։ Ուստի, իմաստութիւն չէ մեկուսանալ։ (Առակաց 18։1) Անշուշտ, տարբեր մշակոյթներու մէջ սուգը տարբեր կերպով կ’արտայայտուի, նոյնիսկ կրօնական համատարած հաւատալիքներէն ալ կախեալ ըլլալով։a
Բայց եթէ ձեր սիրտը լալ կ’ուզէ. . . ։ Մարդկային բնոյթին մաս կը կազմէ լալը։ Դարձեալ յիշեցէք Ղազարոսի մահը, երբ Յիսուս «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու . . . լացաւ»։ (Յովհաննու 11։33, 35) Այս կերպով ան ցոյց տուաւ որ մահացած սիրելիի մը կորուստին համար լալը բնական հակազդեցութիւն մըն է։
Բնական է սիրելիի մը մահուան համար վիշտ զգալ ու լալ
Ասոր կ’երկրորդէ մօր մը պարագան, որ Մանկական Անակնկալ Մահուան Ախտանշաններու Համադրումի (SIDS) որպէս հետեւանք, Ռաքէլ անունով իր մանուկը կորսնցուց։ Ամուսինը կը բացատրէ. «Զարմանալի բանը այն էր որ ո՛չ ես եւ ոչ ալ Աննը թաղման ընթացքին լացինք։ Միւս բոլորը կու լային»։ Ասոր վրայ, Աննը կը պատասխանէ. «Այո, բայց ես երկուքիս տեղը շա՜տ լացի։ Կը խորհիմ որ ողբերգութենէն քանի մը շաբաթ ետք, երբ օր մը առանձին էի տունը, անոր հակադարձութիւնը զգացի։ Ամբողջ օրը լացի։ Բայց կը խորհիմ որ անիկա ինծի օգտակար եղաւ։ Ինքզինքս աւելի լաւ զգացի։ Զաւկիս կորուստը պէտք էր ողբայի։ Կը խորհիմ որ իրապէս պէտք է ձգէք որ վշտահար անհատներ լան։ Թէեւ բնական է որ ուրիշներ ըսեն՝ ‘Մի՛ լար’, որ իրապէս օգուտ չ’ըներ»։
Ոմանք Ի՛նչպէս կը Հակազդեն
Ոմանք ի՞նչպէս հակազդած են, երբ սիրելիի մը մահը զիրենք անմխիթար ձգած է։ Օրինակ, նկատի առէք Խուանիթան։ Ան գիտէ ի՛նչ կը նշանակէ մանուկ մը կորսնցնել։ Ան հինգ վիժում ունեցած էր, երբ վեցերորդին յղի մնաց։ Ուստի, երբ ինքնաշարժի արկած մը ստիպեց զինք որ հիւանդանոց երթայ, հասկնալի է որ ան շատ մտահոգ էր։ Երկու ամիս ետք ան կանխահաս երկունքի ցաւեր ունեցաւ։ Անկէ քիչ ետք փոքրիկ Վանեսան ծնաւ, մէկ քիլոյէն պակաս։ Խուանիթան կը յիշէ. «Շա՛տ ուրախ էի որ վերջապէս մայր եղայ»։
Բայց անոր ուրախութիւնը կարճատեւ եղաւ։ Չորս օր ետք, Վանեսան մեռաւ։ Խուանիթան կը յիշէ. «Շատ մեծ պարապութիւն զգացի։ Իմ մայրութիւնս ձեռքէս խլուած էր։ Ինքզինքս թերի զգացի։ Ցաւալի էր տուն գալ, մտնել այն սենեակը որ պատրաստած էինք Վանեսային համար եւ իրեն համար գնածս ներքնաշապիկները դիտել։ Յաջորդ քանի մը ամիսներուն՝ իր ծննդաբերութիւնը կը վերապրէի։ Չէի ուզեր ոեւէ մէկուն երեսը տեսնել»։
Չափազանցուա՞ծ հակազդեցութիւն մըն է։ Ոմանք թերեւս չհասկնան ասիկա, բայց անոնք որոնք Խուանիթային նման անկէ անցած են, կը բացատրեն որ իրենց նորածինին համար խոր վիշտ զգացած են, ինչպէս որ պիտի զգային որոշ ատեն ապրած մէկու մը համար։ Կ’ըսուի որ մանուկ մը ծնելէն շատ առաջ, ծնողներուն կողմէ կը սիրուի։ Մասնաւոր կապ մը կը ստեղծուի մօրը հետ։ Երբ այդ մանուկը մեռնի, մայրը կը զգայ որ իրական անձ մը կորսուեցաւ։ Ուրիշները ասիկա՛ է որ պէտք է հասկնան։
Բարկութիւնը եւ Յանցապարտութիւնը Ի՛նչպէս Կրնան Ազդել Ձեզի
Ուրիշ մայր մը իր յուզումը դրսեւորեց, երբ իրեն ըսուեցաւ որ իր վեց տարեկան տղան յանկարծամահ եղած էր բնածին սրտի խնդիրէ մը։ «Տարբեր հակազդեցութիւններէ անցայ. շշմածութիւն, անհաւատութիւն, յանցապարտութիւն եւ բարկութիւն ամուսինիս եւ բժիշկին դէմ, որ իր վիճակին այսքան լուրջ ըլլալուն չէր գիտակցած»։
Բարկութիւնը վշտի ուրիշ ախտանիշ մը կրնայ ըլլալ։ Անիկա կրնայ ըլլալ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն դէմ, խորհելով որ աւելի լաւ պէտք էր նայէին հանգուցեալին։ Կամ, բարկութիւն՝ բարեկամներու եւ ազգականներու դէմ, որոնք ըստ երեւոյթին սխալ բաներ կ’ըսեն ու կ’ընեն։ Ոմանք հանգուցեալին դէմ կը բարկանան, իր առողջութիւնը անտեսած ըլլալուն համար։ Սթէլլան կը յիշէ. «Կը յիշեմ որ ամուսինիս դէմ բարկացած էի, քանի որ գիտէի թէ պարագան կրնար տարբեր ըլլալ։ Ինք շատ հիւանդ էր, բայց կ’անտեսէր բժիշկներուն ազդարարութիւնները»։ Երբեմն ալ մեկնողին վրայ կը բարկանան, վերապրողին վրայ իր մահուան ձգած բեռներուն պատճառաւ։
Ոմանք իրենք զիրենք յանցաւոր կը զգան բարկութեան պատճառաւ, ուրիշ խօսքով, անոնք իրենք զիրենք կը դատապարտեն որ կը բարկանան։ Ուրիշներ՝ իրենց սիրելիին մահուան համար իրենք զիրենք կը մեղադրեն։ Անոնք իրենք զիրենք կը համոզեն, ըսելով. «Պէտք չէր մեռնէր։ Եթէ միա՜յն համոզէի որ շուտ երթար բժիշկին», կամ՝ «որ ուրիշ բժիշկ մը տեսնէր», եւ կամ՝ «իր առողջութեան աւելի լաւ հոգ տանէր»։
Մանուկի մը մահը ահաւոր խոց մըն է. անկեղծ կարեկցութիւնը ու հասկացողութիւնը կրնայ օգնել ծնողներուն
Ուրիշներուն համար յանցապարտութիւնը տակաւին աւելի հեռուն կ’երթայ, մանաւանդ, երբ իրենց սիրելին անակնկալօրէն՝ յանկարծ մահանայ։ Անոնք կը սկսին վերյիշել, երբ հանգուցեալին դէմ բարկացած էին կամ անոր հետ վիճած էին։ Կամ կը խորհին որ պէտք եղածին պէս չէին վարուած անոր հետ։
Շատ մայրերու խոր վշտին երկարատեւութիւնը նեցուկ կը կանգնի շատ մը մասնագէտներու ըսածին, թէ մանուկի մը կորուստը մնայուն բաց մը կը ձգէ ծնողներու, ու մանաւանդ մօրը կեանքին մէջ։
Երբ Կողակից մը կը Կորսնցնէք
Կողակիցի մը կորուստը ուրիշ խոց մըն է, մանաւանդ երբ իրարու հետ շատ գործունեայ կեանք մը ապրած են։ Անիկա կրնայ նշանակել իրարու հետ բաժնած ամբողջ ապրելակերպի մը՝ ճամբորդութեան, գործի, զբօսանքի եւ իրարմէ կախեալ ըլլալու վերջը։
Եունիս կը բացատրէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ իր ամուսինը սրտի կաթուածով յանկարծամահ եղաւ։ «Առաջին շաբաթը, զգացականօրէն շշմած էի, կարծես ա՛լ դադրած էի գործելէ։ Նոյնիսկ համ կամ հոտ չէի առներ։ Սակայն, իմ տրամաբանութիւնս կը շարունակէր պարբերաբար գործել։ Քանի որ ամուսինիս քովն էի, երբ զինք վերակենդանացնելու համար գործիքը (CPR) կը փորձէին եւ դեղեր կու տային, եղելութիւնը չընդունելու սովորական փորձառութիւնը չունեցայ։ Այսուհանդերձ, ընդվզումի զօրաւոր զգացումը ունեցայ. կարծես կը դիտէի ինքնաշարժ մը որ ժայրերու վրայէն վար կ’իյնար եւ ես բան մը ընելու կարողութիւն չունէի»։
Ան լացա՞ւ։ «Անշո՜ւշտ լացի, մանաւանդ երբ եկած հարիւրաւոր կարեկցական բացիկները կարդացի։ Ամէն մէկուն հետ լացի։ Անիկա ինծի օգնեց որ գալիք օրերը դիմագրաւեմ։ Բայց օգուտ մը չէր ըներ, երբ կրկին անգամ կը հարցնէին թէ ի՛նչպէս եմ։ Ակներեւաբար, դժբախտ էի»։
Ի՞նչ բան Եունիսին օգնեց այս ցաւին մէջ։ «Առանց անդրադառնալու, անգիտակցաբար որոշեցի կեանքս շարունակել», կ’ըսէ ան։ «Սակայն, տակաւին ինծի ցաւ կը պատճառէ, երբ յիշեմ որ ամուսինս, որ կեանքը շատ կը սիրէր, հոս չէ զայն վայելելու համար»։
«Թոյլ Մի՛ Տաք որ Ուրիշներ Ձեզ Թելադրեն . . . »
Մեկնում—Ե՛րբ եւ Ի՛նչպէս Հրաժեշտ Տալ (Անգլերէն) գրքին հեղինակները կը խրատեն. «Թոյլ մի՛ տաք որ ուրիշներ ձեզ թելադրեն թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիք կամ՝ զգաք։ Ամէն մէկուն պարագային, վիշտը տարբեր կերպով կը ներգործէ։ Ուրիշներ կրնան խորհիլ՝ եւ ձեզի ալ կրնան յայտնել իրենց միտքը՝ թէ չափէ դուրս կը կսկծաք, կամ բաւարար չէք կսկծար։ Հաշուի մի՛ առնէք անոնց ըսածը։ Ուրիշներուն կամ մարդկային ընդհանուր ընկերութեան կողմէ ձեզի պարտադրուած կաղապարին մէջ մտնել ջանալով, ձեր զգացական առողջութիւնը վերագտնելու ընթացքին արգելք կը հանդիսանաք»։
Անշուշտ, տարբեր անհատներ իրենց վիշտը տարբեր կերպերով կը տանին։ Մենք չենք փորձեր թելադրել որ ամէն մարդոց համար այսինչ կերպը միւսէն լաւ է։ Սակայն, վտանգաւոր է երբ լճացում գոյանայ. երբ վշտահար անհատը եղելութեան հետ չկարենայ հաշտուիլ։ Այդ պարագային, կարեկից բարեկամներու օգնութեան կարիքը կայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իրական բարեկամ մը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր մըն է նեղութեան ատեններուն»։ Ուստի, օգնութիւն խնդրելու, խօսելու եւ լալու մի՛ վարանիք։—Առակաց 17։17, ՆԱ
Կորուստի դիմաց, վիշտը բնական հակազդեցութիւն մըն է եւ սխալ չէ որ ուրիշներ նկատեն ձեր վիշտը։ Բայց ուրիշ հարցումներ ալ կան, որոնք պատասխանի կը կարօտին. ‘Այս վշտիս հետ ի՞նչպէս կրնամ ապրիլ։ Բնակա՞ն է յանցապարտութեան ու բարկութեան զգացումներ ունենալ։ Այս հակազդեցութիւններուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուիմ։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ կորուստին եւ այս վշտին տոկամ’։ Յաջորդ բաժնին մէջ այս եւ նման հարցումներուն պատասխանները պիտի ստանաք։
a Օրինակ, Նիկերիայի Եորուպա ժողովուրդը հոգեփոխութեան աւանդական հաւատալիքը ունի։ Ուստի, երբ մայր մը իր զաւակը կորսնցնէ, շատ մեծ վիշտ կ’արտայայտէ, բայց կարճ ժամանակ մը, քանի որ Եորուպայերէն առած մը կ’ըսէ. «Ջուրն է որ թափեցաւ. գալապաշը (ջուրի ամանը) չկոտրեցաւ»։ Ըստ Եորուպացիներուն, ասիկա կը նշանակէ որ ջուր կրող ամանը՝ մայրը, կրնայ ուրիշ զաւակ մը ունենալ. թերեւս մեռածին հոգեփոխութիւնը։ Եհովայի Վկաները, հոգիի անմահութեան եւ հոգեփոխութեան սուտ գաղափարներէ առթած նախապաշարումներու վրայ հիմնուած որեւէ աւանդութեան չեն հետեւիր, որոնք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած չեն։—Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4, 20