Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պմ էջ 3-4
  • Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ
  • Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մէկ Հարցում՝ Շատ Պատասխաններ
  • Հասարակաց Բնաբան մը
  • Մահուընէ ետք կեանք՝ ի՞նչ է մարդոց հաւատքը այս մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Հոգին անմա՞հ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Յարութեան վրայ ձեր հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Տես աւելին
Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
պմ էջ 3-4

Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ

«Եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ, որ վերստին ծլի . . .։ Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք»։—ՄՈՎՍԷՍ, ՎԱՂԵՄԻ ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ։

1-3. Երբ սիրելի մը կորսնցնեն, շատեր ի՞նչպէս մխիթարութիւն կը փնտռեն։

ՆԻՒ ԵՈՐՔ Քաղաքի յուղարկատան մը մէջ, բարեկամներ ու ընտանիքի անդամներ շարքով կ’անցնին բաց դագաղին առջեւէն, իրենց աչքերը սեւեռած 17 տարեկան տղու մը դիակին։ Անոր դպրոցի ընկերները հազիւ կը ճանչնան զինք։ Քիմիաբուժումը ցանցառ դարձուցած է գլխուն մազերը. խլիրդը հալեցուցած է զինք։ Ասիկա իրապէս իրենց ընկե՞րն է։ Տակաւին քանի մը ամիս առաջ, ան գաղափարներով, հարցումներով, եռանդով, կեանքով լեցուն տղայ մըն էր։ Տղուն սրտաբեկ մայրը կը ջանայ յոյս ու մխիթարութիւն գտնել այն գաղափարով, որ իր տղան տակաւին տեղ մը ողջ է։ Ան արտասուալից աչքերով անդադար կը կրկնէ. «Թոմին հիմա աւելի ուրախ է։ Աստուած Թոմին իր քով՝ երկինք առաւ»։

2 Մօտաւորապէս 11,000 քմ. անդին, Ճամնակարի մէջ, Հնդկաստան, 58 տարեկան առեւտրականի մը երեք տղաքը իրենց հօրը դիակը կը դնեն թաղման խարոյկին վրայ։ Առաւօտուն, պայծառ արեւուն ներքեւ, անդրանիկ որդին դիակիզումի արարողութեան կը սկսի, փայտերը ջահով մը այրելով եւ իր հօրը անկենդան մարմնին վրայ համեմներու ու խունկի անուշահոտ խառնուրդ մը ցանելով։ Կրակին ճարճատիւնը կը նուաճուի Պրահմանին Սանսկրիտերէն կրկնուած աղօթքներուն [մանթրա] իմաստով. «Բնաւ չմեռնող հոգին թող շարունակէ վերջնագոյն իրողութեան հետ մէկ ըլլալու իր ջանքերը»։

3 Մինչ երեք եղբայրները դիակիզումը կը դիտեն, իւրաքանչիւրը լռելեայն կը խորհի՝ ‘Կը հաւատա՞մ որ մահուընէ ետք կեանք կայ’։ Աշխարհի զանազան մասերուն մէջ ստացած ըլլալով իրենց ուսումը, անոնք այս հարցումին տարբեր կերպով կը պատասխանեն։ Կրտսերը վստահ է որ իրենց սիրելի հայրը կեանքի աւելի բարձր վիճակի համար պիտի հոգեփոխուի։ Միջնեկ եղբայրը կը հաւատայ որ մեռելները կերպով մը քունի մէջ են, ամբողջովին անգիտակից։ Երէց եղբայրը կը փորձէ պարզապէս ընդունիլ մահուան իրողութիւնը, խորհելով որ ոեւէ մէկը վստահօրէն չի կրնար գիտնալ թէ մահուընէ ետք ի՛նչ կը պատահի մեզի։

Մէկ Հարցում՝ Շատ Պատասխաններ

4. Ո՞ր հարցումը դարեր շարունակ մտատանջած է մարդկութիւնը։

4 Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ. հարց մը որ հազարամեակներ շփոթութեան մէջ ձգած է մարդկութիւնը։ «Նոյնիսկ աստուածաբաններ շփոթութեան կը մատնուին, երբ անոր հետ դէմ յանդիման կու գան», կ’ըսէ Հէնզ Գիւնկ, Կաթողիկէ ուսումնական մը։ Դարեր շարունակ, մարդկային ամէն ընկերութեան պատկանող անհատներ այս նիւթին մասին խորհած են եւ առաջարկուած պատասխանները բազմաթիւ են։

5-8. Շատ մը կրօնքներ ի՞նչ կը սորվեցնեն մահուընէ ետք կեանքի մասին։

5 Քրիստոնէութիւն դաւանողներէն շատեր երկնքի ու դժոխքի կը հաւատան։ Իսկ Հինտուները հոգեփոխութեան կը հաւատան։ Մահմետականներու տեսակէտին մասին խօսելով, Էմիր Մուաուիյէ՝ իսլամական կրօնական կեդրոնի մը օգնականը՝ կ’ըսէ. «Մենք կը հաւատանք որ մահուընէ ետք դատաստանի օր մը կայ, երբ Աստուծոյ՝ Ալլահին՝ առջեւ կ’երթաք, որ ճիշդ ատեանի մը առջեւ երթալու կը նմանի»։ Իսլամական հաւատալիքներուն համաձայն, այն ատեն Ալլահը ամէն մէկուն կեանքի ընթացքը պիտի կշռէ եւ անհատը դրախտի կամ դժոխքի կրակին պիտի արժանացնէ։

6 Սրի Լանքայի մէջ, երբ ընտանիքին մէջ մահ մը ըլլայ, թէ՛ Պուտտայականները եւ թէ Կաթողիկէները դռներն ու պատուհանները լայն կը բանան։ Իւղէ ճրագ մը կը վարեն եւ դագաղը կը դնեն այնպէս մը որ դիակին ոտքերը դուրսի դրան նային։ Անոնք կը խորհին որ այս քայլերը ննջեցեալին հոգիին տունէն դուրս ելլելը կը դիւրացնեն։

7 Արեւմտեան Աւստրալիոյ Համալսարանէն Ռոնալտ Մ. Պէրնթի համաձայն, Աւստրալիոյ բնիկները կը հաւատան որ «մարդկային արարածները հոգեւորապէս անկործանելի են»։ Ափրիկեան կարգ մը ցեղախումբեր կը հաւատան որ մահուընէ ետք, հասարակ մարդիկը ուրուականներ, իսկ կարկառուն անհատները նահապետներու հոգիները կը դառնան, որոնք որպէս համայնքին անտեսանելի առաջնորդները, պէտք է պատուուին եւ որոնց պէտք է աղերսանք մատուցանել։

8 Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեռելներու կարծեցեալ հոգիներու շուրջ հաւատալիքները, տեղւոյն աւանդութեան եւ անուանական Քրիստոնէութեան մէկ խառնուրդն են։ Օրինակ, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, շատ մը Կաթողիկէներու եւ Բողոքականներու մէջ սովորութիւն է հայելիները ծածկել՝ երբ մէկը մահանայ, որպէսզի ոեւէ մէկը անոր մէջ նայելով մեռած անհատին հոգին չտեսնէ։ Ապա, սիրելիին մահուընէ 40 օր ետք, ընտանիքը եւ բարեկամները հոգիին երկինք բարձրանալը կը տօնեն։

Հասարակաց Բնաբան մը

9, 10. Շատ մը կրօնքներ ո՞ր հիմնական հաւատալիքին շուրջ համաձայն են։

9 Մեռնելէն ետք ի՞նչ կը պատահի հարցումին տրուած պատասխանները, մարդոց սովորութիւններուն եւ հաւատալիքներուն չափ այլազան են։ Սակայն, գրեթէ բոլոր կրօնքներն ալ մէկ բանին շուրջ համաձայն են. Մարդուն մէջէն բան մը՝ հոգի, ոգի, ուրուական՝ անմահ է եւ մահուընէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։

10 Քրիստոնեայ Աշխարհի բոլոր կրօնքներուն եւ աղանդներուն մէջ, հոգիի անմահութեան կը հաւատան։ Անիկա Հրէականութեան մէջ ալ պաշտօնական հաւատալիք մըն է։ Պրահմանականութեան մէջ ասիկա հոգեփոխութեան ուսուցումին ծուծը կը կազմէ։ Մահմետականները կը հաւատան որ հոգին իր գոյութիւնը կը սկսի մարմնին հետ, բայց մարմինը մեռնելէն ետք ան կը շարունակէ ապրիլ։ Ուրիշ հաւատքներու մէջ ալ այս նոյն բնաբանին տարբեր երեսակները կը սորվեցնեն. ինչպէս՝ Ափրիկէի Կենսուժութիւնը, Շինթոյականութիւնը եւ նոյնիսկ Պուտտայականութիւնը։

11. Կարգ մը ուսումնականներ հոգիի անմահութեան գաղափարը ի՞նչպէս կը նկատեն։

11 Ոմանք ալ միւս ծայրայեղութեան կ’երթան, ըսելով թէ մահը վերջ կը դնէ գիտակից կեանքին։ Անոնց համար, մարմինէն անջատ, աննիւթ, ստուերային հոգիի մը մէջ զգացական եւ մտային կեանքին շարունակուիլը պարզապէս անտրամաբանական է։ Ի. դարու Սպանացի գրող եւ ուսումնական Միկէլ տէ Ունամունօ կը գրէ. «Հոգիի անմահութեան հաւատալ կը նշանակէ փափաքիլ որ հոգին անմահ ըլլայ, բայց այնպիսի վճռակամութեամբ փափաքիլ, որ այս կամեցողութիւնը տրամաբանութիւնը իր ոտքին տակ առնէ եւ անբանաւոր դառնայ»։ Հոգիի անմահութիւնը դրժողներուն մէջ կը գտնուին վաղեմի համբաւաւոր իմաստասէրներ՝ Արիստոտէլն եւ Եպիկուրոսը, բժիշկ Հիպպոկրատը, Սկովտիացի իմաստասէր Տէյվիտ Հիումը, Արաբ ուսումնական Ըպն Րուշտ եւ անկախութենէ ետք Հնդկաստանի առաջին վարչապետը՝ Ճավահարլալ Նէհրուն։

12, 13. Հոգիի անմահութեան շուրջ ի՞նչ կարեւոր հարցումներ կը յարուցուին։

12 Հարցը հետեւեալն է. Իրապէս անմահ հոգի մը ունի՞նք։ Եթէ հոգին իրապէս անմահ չէ, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ այսպիսի սուտ ուսուցում մը ներկայ շատ մը կրօնքներուն անբաժան մէկ մասը դարձած է։ Այս գաղափարը ի՞նչպէս սկսաւ։ Իսկ եթէ մահուան ատեն հոգիին գոյութիւնը ի՛րապէս կը դադրի, մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։

13 Այսպիսի հարցումներու ճշգրիտ եւ գոհացուցիչ պատասխաններ կրնա՞նք գտնել։ Այո՛։ Յաջորդիւ այս եւ ասոր նման հարցումներու պատասխանները պիտի ստանանք։ Նախ քննենք թէ հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը ի՛նչպէս ծագում առաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել