Գլուխ մէկ
Դանիէլ գիրքը եւ դո՛ւք
1, 2. (ա) Դանիէլ գրքին մէջ ներկայացուած կարգ մը անսովոր կացութիւնները ի՞նչ են։ (բ) Մեր արդի ժամանակներուն, Դանիէլի գրքին մասին ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
ՀԶՕՐ թագաւոր մը կը սպառնայ իր բոլոր իմաստունները սպաննել, քանի որ անոնք չեն կրնար իր տեսած խռովեցուցիչ երազը յայտնել ու զայն մեկնել։ Երեք երիտասարդներ՝ որոնք կը մերժեն հսկայ արձանի մը առջեւ երկրպագութիւն ընել՝ կը նետուին կրկնակիօրէն տաքցուած հնոցի մը մէջ, սակայն ողջ կը մնան։ Տօնախմբութեան մը ընթացքին, հարիւրաւոր անհատներ կը տեսնեն ձեռք մը, որ պալատի պատին վրայ խորհրդաւոր բառեր կը գրէ։ Նենգամիտ դաւադիրներ տարեց մարդ մը առիւծներու գուբը նետել կու տան, բայց ան անվնաս դուրս կու գայ։ Աստուծոյ մարգարէներէն մէկը տեսիլքի մը մէջ չորս գազաններ կը տեսնէ, որոնց մարգարէական նշանակութիւնը հազարաւոր տարիներ անդին կ’երկարի։
2 Ասոնք Աստուածաշունչի Դանիէլ գրքին միայն քանի մը պատմութիւններն են։ Արդեօք անոնք լուրջ նկատողութեան արժանի բանե՞ր են։ Այս հնամենի գիրքը ի՞նչ կապակցութիւն կրնայ ունենալ մեր օրերուն հետ։ Ինչո՞ւ հետաքրքրուինք այնպիսի դէպքերով, որոնք շուրջ 2,600 տարիներ առաջ տեղի ունեցած են։
Դանիէլ—Հին Գիրք մը Արդի Ժամանակներուն Համար
3, 4. Ինչո՞ւ շատեր իրաւացիօրէն հետաքրքրուած են մարդկութեան ապագայով։
3 Դանիէլ գիրքը գլխաւորաբար շեշտ կը դնէ աշխարհի տիրապետութեան բնաբանին վրայ, ինչ որ ներկայիս առաջնակարգ կարեւորութիւն ունեցող նիւթ մըն է։ Գրեթէ ամէն մարդ կը համաձայնի որ դժուար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Ամէն օր լուրերու տեղեկագրութիւններ մռայլօրէն կը վերյիշեցնեն որ մարդկային ընկերութիւնը կնճռոտ խնդիրներու ճահիճին մէջ կը խրուի. եւ ասիկա՝ հակառակ գիտութեան եւ ճարտարարուեստի ուսմունքի մէջ ձեռք ձգուած ուշագրաւ նուաճումներուն։
4 Պահ մը խորհեցէք. Մարդը լուսնի վրայ քալեց, բայց իր իսկ մոլորակին վրայ, շատ վայրերու մէջ փողոցը առանց վախի չի կրնար քալել։ Ան կրնայ տուն մը կահաւորել ամենէն արդիական սարքերով, բայց չի կրնար առաջքը առնել քայքայուած ընտանիքներու հոսանքին։ Այո, ան կրնայ տեղեկատուական դարաշրջան մը մէջտեղ բերել, բայց չի կրնար մարդոց սորվեցնել որ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրին։ Առիթով մը պատմութեան ուսուցչապետ Հիու Թոմաս գրեց. «Գիտութեան եւ ուսման տարածումը մարդոց շատ քիչ բան սորվեցուցած է ժուժկալութեան մասին, իսկ աւելի նուազ՝ ուրիշ մարդոց հետ ապրելու արուեստին մասին»։
5. Մարդուն իշխանութեան հետեւանքը ընդհանրապէս ի՞նչ եղած է։
5 Մարդկային ընկերութեան մէջ որոշ չափով կարգ ու կանոն հաստատելու փորձեր կատարելով, մարդիկ այլազան կառավարութիւններ յառաջ բերած են։ Բայց անոնց բոլորն ալ Սողոմոն Թագաւորի հետեւեալ դիտողութեան ճշմարիտ ըլլալը փաստած են. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովողի 4։1. 8։9) Անշուշտ, կարգ մը կառավարիչներ վեհ իտէալներ ունեցած են։ Այսուհանդերձ, ո՛չ մէկ թագաւոր, նախագահ կամ բռնատէր կրնայ հիւանդութիւնը եւ մահը վերացնել։ Ոեւէ անհատ չի կրնար մեր երկիրը Դրախտ մը դարձնել, ինչ որ Աստուած նպատակադրած էր։
6. Եհովա ինչո՞ւ մարդկային կառավարիչներուն համագործակցութեան կարիքը չունի իր կամքը իրագործելու համար։
6 Սակայն, Ստեղծիչը թէ՛ կը փափաքի եւ թէ կարող է ընել այս բաները։ Ան իր նպատակը իրագործելու համար մարդկային կառավարիչներէն արտօնութիւն առնելու պէտք չունի, քանի որ իր աչքին «ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին»։ (Եսայեայ 40։15) Այո, Եհովա տիեզերքի Գերիշխանն է եւ այս հանգամանքով ան մարդկային բոլոր կառավարութիւններէն գերիվեր հեղինակութիւն ունի։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է որ մարդկային բոլոր իշխանութիւններուն տեղը պիտի առնէ, յաւիտենապէս օրհնելով մարդկութիւնը։ Աստուածաշունչին մէջ թերեւս միւսներէն աւելի, Դանիէլ գիրքն է որ շեշտած է այս կէտը։
Դանիէլ—Մեծապէս Սիրուած Աստուծմէ
7. Ո՞վ էր Դանիէլ, եւ Եհովա ի՞նչպէս կը դիտէր զինք։
7 Եհովա Աստուած շատ կը սիրէր Դանիէլը, որ երկար տարիներ որպէս իր մարգարէն ծառայեց։ Արդարեւ, Աստուծոյ հրեշտակը Դանիէլը բնութագրեց որպէս «շատ ցանկալի մէկը»։ (Դանիէլ 9։23, ՆԱ) «Շատ ցանկալի մէկը» թարգմանուած արտայայտութիւնը Եբրայերէն բնագրին մէջ կրնայ նշանակել՝ «շատ սիրուած», «մեծապէս գնահատուած», կամ նոյնիսկ՝ «նախասիրուած»։ Դանիէլ մասնայատուկ արժէք մը ունէր Աստուծոյ աչքին։
8. Դանիէլ ի՞նչպէս Բաբելոնի մէջ գտնուեցաւ։
8 Հիմա հակիրճ ակնարկ մը նետենք այս սիրելի մարգարէին անզուգական պարագաներուն վրայ։ Բաբելոնացի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը Երուսաղէմը պաշարեց Հ.Դ.Ա. 618–ին։ (Դանիէլ 1։1) Անկէ քիչ ետք, լաւ զարգացում ունեցող կարգ մը Հրեայ երիտասարդներ պարտադրաբար Բաբելոն աքսորուեցան։ Դանիէլ անոնց մէջ կը գտնուէր, որ այդ ժամանակ հաւանաբար պատանի մըն էր։
9. Դանիէլի եւ իր Եբրայեցի ընկերներուն ի՞նչ մարզում տրուեցաւ։
9 Դանիէլ եւ իր ընկերները, Անանիա, Միսայէլ եւ Ազարիա, կը գտնուէին այն ընտրուած Եբրայեցիներուն մէջ, որոնք «Քաղդէացիներու գիրն ու լեզուն» սորվելու համար երեք տարուան մարզում պիտի ստանային։ (Դանիէլ 1։3, 4) Կարգ մը ուսումնականներ կը նշեն որ ասիկա հաւանաբար պարզ լեզուական դասընթացքէ մը աւելին կը պարփակէր։ Օրինակ, Ուսուցչապետ Գ. Ֆ. Քիլ կը նշէ. «Դանիէլ եւ իր ընկերները Քաղդէացի քահանաներու եւ ուսեալ մարդոց իմաստութիւնը պիտի սորվէին, որ այն ատեն բաբելոնական դպրոցներու մէջ կ’աւանդուէր»։ Ուստի, Դանիէլ եւ իր ընկերները կառավարական սպասարկութեան համար մասնայատուկ մարզում պիտի ստանային։
10, 11. Դանիէլ եւ իր ընկերները ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին, եւ Եհովա ի՞նչպէս օրհնեց զանոնք։
10 Դանիէլի եւ իր ընկերներուն համար ասիկա շա՛տ մեծ փոփոխութիւն մըն էր։ Յուդայի մէջ անոնք Եհովան պաշտողներուն մէջ ապրած էին։ Հիմա՝ առասպելական չաստուածներ ու չաստուածուհիներ պաշտող մարդոցմով շրջապատուած էին։ Այսուհանդերձ, երիտասարդ Դանիէլը, Անանիան, Միսայէլն ու Ազարիան վախ չունէին։ Անոնք վճռած էին կառչած մնալ ճշմարիտ պաշտամունքին, հակառակ իրենց հաւատքին սպառնացող այս կացութեան։
11 Ասիկա դիւրին պիտի չըլլար։ Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը Բաբելոնի գլխաւոր չաստուածը՝ Մարովդաքը՝ նախանձախնդրաբար պաշտող մըն էր։ Երբեմն թագաւորը այնպիսի բաներ կը պահանջէր որոնք ամբողջովին անընդունելի էին Եհովան պաշտողի մը համար։ (Որպէս օրինակ տես՝ Դանիէլ 3։1-7։) Սակայն, Դանիէլ եւ իր ընկերները Եհովայի ստոյգ առաջնորդութիւնը ունէին։ Անոնց եռամեայ մարզումի շրջանին, Աստուած օրհնեց զանոնք, «ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար» տալով։ Ասկէ զատ, Դանիէլի կարողութիւն շնորհուեցաւ որ տեսիլքներն ու երազները հասկնայ ու զանոնք մեկնէ։ Հետագային, երբ թագաւորը այս չորս երիտասարդները քննութենէ անցուց, տեսաւ որ անոնք «իր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր մոգերէն ու հմայողներէն տասնապատիկ գերազանց» էին։—Դանիէլ 1։17, 20
Աստուծոյ Պատգամները կը Ծանուցանէ
12. Դանիէլ ի՞նչ մասնաւոր նշանակում ունեցաւ։
12 Բաբելոնի մէջ անցուցած բոլոր տարիներու ընթացքին, Դանիէլ որպէս Աստուծոյ պատգամաբերը ծառայեց, Նաբուգոդոնոսոր եւ Բաղտասար թագաւորներուն նման մարդոց համար։ Դանիէլ դժուար նշանակում մը ունէր։ Եհովա թոյլ տուած էր որ Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմը կործանէր, զինք որպէս Իր գործիքը գործածելով։ Ժամանակ մը ետք, Բաբելոնն ալ պիտի կործանուէր։ Իրապէս, Դանիէլ գիրքը Եհովա Աստուածը կը մեծարէ, որպէս «մարդոց թագաւորութեանը» մէջ Բարձրեալ ու Կառավարիչ։—Դանիէլ 4։17
13, 14. Բաբելոնի անկումէն ետք, ի՞նչ պատահեցաւ Դանիէլի։
13 Դանիէլ պալատին մէջ ծառայեց շուրջ եօթանասուն տարի, մինչեւ Բաբելոնի անկումը։ Ան իր աչքերով տեսաւ մեծ թիւով Հրեաներու հայրենիք վերադառնալը Հ.Դ.Ա. 537–ին, թէեւ Աստուածաշունչը չի յիշեր որ ինք անոնց ընկերակցեցաւ։ Ան շատ գործունեայ էր, առնուազն մինչեւ Պարսկական Կայսրութեան հիմնադիրին՝ Կիւրոս Թագաւորին՝ իշխանութեան երրորդ տարին։ Այդ ժամանակ, Դանիէլի տարիքը 100–ի մօտեցած ըլլալու էր։
14 Բաբելոնի անկումէն ետք, Դանիէլ իր կեանքին ամենէն նշանակալից դէպքերը գրի առաւ։ Իր վաւերագրութիւնը ներկայիս Սուրբ Աստուածաշունչին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ եւ ճանչցուած է որպէս Դանիէլի գիրքը։ Բայց այս մատեանին ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։
Երկու Տարբեր Երեսակներ՝ Մէկ Պատգամ
15. (ա) Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքը ի՞նչ երկու երեսակներ կը պարունակէ։ (բ) Դանիէլ գրքին պատմողական մասը ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի։
15 Դանիէլի անզուգական գիրքը իրարմէ տարբեր երկու երեսակներ կը պարունակէ. մէկը պատմողական, իսկ միւսը մարգարէական։ Դանիէլ գրքին երկու երեսակներն ալ մեր հաւատքը կը կերտեն։ Ի՞նչպէս։ Պատմողական մասերը, որ Աստուածաշունչին ամենէն վառ նկարագրութիւններուն մաս կը կազմեն, մեզի ցոյց կու տան որ Եհովա Աստուած իրենց ուղղամտութիւնը պահող անհատները կ’օրհնէ ու անոնց հոգ կը տանի։ Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները անխախտ մնացին իրենց կեանքին սպառնացող փորձութիւններու դիմաց։ Ներկայիս, անոնք որոնք կ’ուզեն Եհովայի հաւատարիմ մնալ, անոնց օրինակը մօտէն քննելով կրնան զօրանալ։
16. Դանիէլ գրքին մարգարէական մասէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
16 Դանիէլ գրքին մարգարէական մասերը հաւատք կը կերտեն, ցոյց տալով որ Եհովա դարեր, նոյնիսկ հազարաւոր տարիներ առաջուընէ գիտէ պատմութեան ընթացքը։ Օրինակի համար, Դանիէլ մանրամասնութիւններ կու տայ վաղեմի Բաբելոնի ժամանակէն մինչեւ «վերջին ժամանակը» աշխարհակալ ուժերու բարձրացման ու անկման մասին։ (Դանիէլ 12։4) Դանիէլ մեր ուշադրութիւնը կը դարձնէ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորին եւ անոր ընկերակից «սուրբերուն» յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ, որպէս կառավարութիւն մը, որ յաւիտեան պիտի մնայ։ Այս կառավարութիւնը մեր երկրին նկատմամբ Եհովայի կամքը լիովին պիտի իրագործէ, օրհնելով բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին Աստուծոյ ծառայել։—Դանիէլ 2։44. 7։13, 14, 22
17, 18. (ա) Դանիէլ գիրքը մօտէն քննելով մեր հաւատքը ի՞նչպէս պիտի զօրանայ։ (բ) Աստուածաշունչի այս մարգարէական գիրքը ուսումնասիրելու սկսելէն առաջ, ի՞նչ հարց նկատի պէտք է առնուի։
17 Երախտապարտ ենք որ Եհովա միայն ինքն իրեն չի պահեր ապագայ դէպքերուն տեղեկութիւնը։ Այլ, ան «գաղտնիքներ յայտնող» մըն է։ (Դանիէլ 2։28) Մինչ Դանիէլ գրքին մէջ արձանագրուած մարգարէութիւններուն կատարումը նկատի կ’առնենք, Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը պիտի զօրանայ։ Աւելի պիտի համոզուինք որ Աստուած իր նպատակը պիտի կատարէ ճիշդ ժամանակին եւ միայն ի՛ր ընտրած կերպով։
18 Անոնք որոնք Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքը կը կարդան ընդունակ սրտով մը, հաւատքի մէջ պիտի աճին։ Սակայն այս գիրքը խոր կերպով քննելէն առաջ, անոր իրապէս վաւերական ըլլալուն մասին ապացոյցներ նկատի պիտի առնենք։ Կարգ մը քննադատներ Դանիէլ գրքին վրայ յարձակումներ գործած են, ըսելով որ անոր մարգարէութիւնները անոնց կատարումէն ե՛տք գրուած են։ Այս սկեպտիկներուն դաւանութիւնները վաւերակա՞ն են։ Յաջորդ գլուխը նկատի պիտի առնէ այս հարցը։
Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ
• Ինչո՞ւ Դանիէլ գիրքը արդի ժամանակներու համար գիրք մըն է։
• Դանիէլ եւ իր ընկերները ի՞նչպէս Բաբելոնի կառավարական սպասարկութեան մէջ մտան։
• Բաբելոնի մէջ, Դանիէլի մասնայատուկ նշանակումը ի՞նչ էր։
• Ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք Դանիէլի մարգարէութեան։
[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 4]
[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 11]