Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աբ դաս 14 էջ 22-23
  • Աստուծոյ բարեկամները չար բաներէն կը զգուշանան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ բարեկամները չար բաներէն կը զգուշանան
  • Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սովորութիւններ՝ զորս Աստուած կ’ատէ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Աստուած հաճեցնելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Մաս 13
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ
  • Աստուած չար մարդիկը դարձեալ պիտի կործանէ՞
    Երկրի վրայ կեանքը յաւիտեան վայելեցէ՛ք
Տես աւելին
Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
աբ դաս 14 էջ 22-23

ԴԱՍ 14

Աստուծոյ բարեկամները չար բաներէն կը զգուշանան

Սատանան մարդիկը կը մղէ որ չար բաներ ընեն։ Անհատ մը որ կը փափաքի Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, պէտք է ատէ ինչ որ Եհովա կ’ատէ։ (Սաղմոս 97։10) Ահաւասիկ կարգ մը բաներ, որոնցմէ պէտք է զգուշանան Աստուծոյ բարեկամները.

Եհովայի ատած բաներուն մէջ կ’իյնան՝ սեռային մեղքեր, գինովութիւն, վիժում, գողութիւն, ստախօսութիւն, անզուսպ բարկութիւն եւ բախտախաղThings that Jehovah hates include sexual sins, drunkenness, abortion, thievery, lying, uncontrolled anger, and gambling

Սեռային մեղքեր։ «Շնութիւն մի՛ ըներ»։ (Ելից 20։14) Ամուսնութենէ առաջ սեռային յարաբերութիւն ունենալը սխալ է։—Ա. Կորնթացիս 6։18

Գինովութիւն։ ‘Գինովները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն’։—Ա. Կորնթացիս 6։10

Սպանութիւն, Վիժում։ «Սպանութիւն մի՛ ըներ»։—Ելից 20։13

Գողութիւն։ «Գողութիւն մի՛ ըներ»։—Ելից 20։15

Ստախօսութիւն։ Եհովա կ’ատէ «ստախօս լեզու»ն։—Առակաց 6։17

Բռնութիւն եւ Անզուսպ Բարկութիւն։ Եհովան ‘կ’ատէ բռնութիւն սիրողը’։ (Սաղմոս 11։5) «Բարկութիւնները»՝ «մարմնին գործեր»ուն մէջ կ’իյնան։—Գաղատացիս 5։19, 20

Բախտախաղ։ «Չխառնուիլ ... ագահ»ներուն հետ։—Ա. Կորնթացիս 5։11

Ազգային եւ Ցեղային Ատելութիւններ։ «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ... աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։—Մատթէոս 5։43, 44

Աստուծոյ մեզմէ պահանջած բաները մեր բարիքին համար են։ Չար բաներէն ետ կենալը միշտ ալ դիւրին չէ։ Եհովայի եւ իր Վկաներուն օգնութեամբ, կրնա՛ք Աստուծոյ հաճելի չեղող բաներէն ետ կենալ։—Եսայեայ 48։17. Փիլիպպեցիս 4։13. Եբրայեցիս 10։24, 25

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել