Ուսումնասիրութիւն 1
Ճշգրիտ Ընթերցանութիւն
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ կը նշէ թէ Աստուծոյ կամքն է որ ամէն տեսակ մարդիկ «փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Ասոր հետ համաձայն ըլլալով, երբ Աստուածաշունչէն բարձրաձայն կը կարդանք, ճշգրիտ գիտութիւն փոխանցելու մեր ցանկութիւնը պէտք է ազդէ մեր ընթերցանութեան։
Աստուածաշունչէն եւ Սուրբ Գիրքը բացատրող գրականութիւններէն բարձրաձայն ընթերցելու ատակ ըլլալը կարեւոր է թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ տարեցներուն համար։ Որպէս Եհովայի Վկաներ, պատասխանատուութիւնը ունինք Եհովայի եւ իր ճամբաներուն մասին մեր ունեցած գիտութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնելու։ Ատիկա յաճախ կը պարփակէ անհատի մը, կամ պզտիկ խումբի մը ընթերցել։ Ընտանեկան շրջանակէն ներս ալ այսպիսի ընթերցանութիւններ կ’ընենք։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ յարմար առիթներով եղբայրներ ու քոյրեր, երիտասարդներ թէ տարեցներ, խրատներ կը ստանան, որպէսզի իրենց բարձրաձայն ընթերցանութիւնը բարելաւեն։
Լուրջի պէտք է առնուի Աստուածաշունչի հանրային ընթերցանութիւնը, անիկա ըլլայ անհատներու՝ թէ ժողովքի մը դիմաց։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։ Ասկէ զատ, «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ . . . կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբր. 4։12) Աստուծոյ Խօսքը անգին գիտութիւն կը պարունակէ, զոր կարելի չէ ձեռք ձգել այլ աղբիւրէ։ Անիկա կրնայ անհատին օգնել որ միակ ճշմարիտ Աստուածը ճանչնայ եւ անոր հետ լաւ յարաբերութիւն մը մշակէ, ինչպէս նաեւ յաջողութեամբ գլուխ ելլէ կեանքի խնդիրներուն հետ։ Անիկա Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք ստանալու ճամբան ցոյց կու տայ։ Հետեւաբար, մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչը լաւագոյն կերպով ընթերցել։—Սաղմ. 119։140. Երեմ. 26։2
Ի՛նչպէս Ճշգրիտ Կերպով Ընթերցել։ Ազդու ընթերցանութեան համար շատ երեսակներ կան, բայց ճշգրիտ կերպով կարդալը առաջին քայլն է։ Անիկա կը նշանակէ ջանալ տպուած գրութիւնը ճի՛շդ գրուածին պէս կարդալ։ Ուշադիր եղէք որ բառերուն վրայէն չցատկէք, անոնց վերջաւորութիւնները չուտէք, կամ, մօտիկ եղող բառի մը հետ շփոթելով զայն սխալ չկարդաք։
Բառերը շիտակ կերպով կարդալու համար, պէտք է բովանդակութիւնը հասկնաք։ Ասիկա հոգածու պատրաստութեան կը կարօտի։ Ժամանակի ընթացքին, երբ իրարու հետ կապուած բառերը առանց ընդհատելու կարդալու կարողութիւնը զարգացնէք, ճշգրիտ կերպով ընթերցելու ձեր կարողութիւնը պիտի բարելաւուի։
Գրաւոր լեզուին մէջ, կէտադրութիւնը եւ տրոհանիշերը կարեւոր են։ Կէտադրութիւնը ցոյց կու տայ թէ ո՛ւր պէտք է կենաք, ո՛րքան երկար, եւ թերեւս՝ ձեր ձայնը փոխելու կարիք կայ։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, երբ կէտադրութեան համաձայն ձեր ձայնի թոնը չփոխէք, հարցում մը կը վերածուի հաստատականի, կամ բոլորովին անոր իմաստը կը փոխուի։ Երբեմն անշուշտ, կէտադրութեան դերը քերականական գործածութիւն ունի։ Շատ լեզուներու մէջ անկարելի է ճշգրիտ կերպով կարդալ առանց ուշադրութիւն ընելու տրոհանիշերուն, ըլլան անոնք գրուած՝ թէ բովանդակութենէն հասկցուած։ Այս նշանները կ’ազդեն անոնց ընկերակցող գիրերու հնչումին։ Ձեր լեզուին մէջ այդ կէտադրութեան եւ տրոհանիշերու գործածութեան ծանօթ եղէք։ Ասիկա բանալի ազդակ մըն է իմաստալից կերպով ընթերցելու համար։ Յիշեցէք որ ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ մտքեր փոխանցել ու ո՛չ թէ պարզապէս բառեր արտասանել։
Ճշգրիտ կերպով ընթերցելու կարողութիւն զարգացնելու համար փորձ ընելը հարկաւոր է։ Միայն մէկ պարբերութիւն կարդացէք, ապա կրկին ու կրկին կարդացէք զայն, մինչեւ որ կարենաք անսխալ ընթերցել։ Անկէ ետք յաջորդ պարբերութեան անցէք։ Վերջապէս, ջանացէք նիւթէն քանի մը էջ կարդալ առանց բառերուն վրայէն ցատկելու, զանոնք կրկնելու կամ սխալ կարդալու։ Այս քայլերը առնելէն ետք, անհատէ մը խնդրեցէք որ ձեր ընթերցանութեան վրայ հսկէ եւ ձեր ըրած սխալները ձեր ուշադրութեան յանձնէ։
Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, տկար տեսողութիւնը եւ լոյսի անբաւարարութիւնը կրնան կարդալը դժուարացնել։ Եթէ ասոնց պէտք եղած ուշադրութիւնը տրուի, անկասկած ընթերցանութիւնը պիտի բարելաւուի։
Ժամանակի ընթացքին, լաւ ընթերցող եղբայրներուն հրաւէր կը տրուի որ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան նկատի առնուելիք նիւթը կարդան։ Բայց այս առանձնաշնորհումը լաւ կերպով կատարելու համար, միայն բառերը լաւ արտասանելէն աւելին պահանջուած է։ Ժողովքին մէջ ատակ հանրային ընթերցող մը ըլլալու համար, անձնական ընթերցանութեան մէջ լաւ վարժութիւններ պէտք է զարգացնէք։ Ասիկա կը պահանջէ գիտակցիլ որ նախադասութեան մը մէջ իւրաքանչիւր բառ իր դերը ունի։ Չէք կրնար անոնցմէ մի քանին անտեսել եւ ըսուածը յստակօրէն հասկնալ։ Եթէ բառերը սխալ կարդաք, նոյնիսկ երբ դուք ձեզի կը կարդաք, նախադասութեան իմաստը կը խեղաթիւրուի։ Սխալ կարդալը կրնայ տրոհանիշերուն կամ բովանդակութեան մէջ բառին գործածութեան ուշադրութիւն չընելուն հետեւանքը ըլլալ։ Ջանք թափեցէք հասկնալու թէ իւրաքանչիւր բառ տուեալ նախադասութեան մէջ ի՛նչ իմաստ ունի։ Նկատի առէք նաեւ թէ կէտադրութիւնը ի՛նչպէս կ’ազդէ նախադասութեան իմաստին։ Յիշեցէք որ սովորաբար գաղափարները բառերու խումբերով կ’արտայայտուին։ Ասիկա նկատի ունեցէք, որպէսզի երբ կը կարդաք, բառերու խումբը միասնաբար կարդաք եւ ոչ թէ՝ առանձին բառեր։ Ձեր կարդացածը յստակօրէն հասկնալը կարեւոր քայլ մըն է հանրային ընթերցանութեամբ ճշգրիտ գիտութիւն հաղորդելու համար։
Պօղոս առաքեալ փորձառու Քրիստոնեայ երէցի մըն էր որ գրեց՝ «Միտք դիր կարդալու»։ (Ա. Տիմ. 4։13) Բացայայտօրէն այս մարզին մէջ բոլորս ալ բարելաւումներ կրնանք ընել։