Ուսումնասիրութիւն 12
Շարժուձեւեր եւ Դէմքի Արտայայտութիւններ
ՈՐՈՇ մշակոյթի պատկանող մարդիկ ուրիշ ենթահողէ եղողներէն աւելի ազատ շարժումներ կ’ընեն։ Սակայն, գրեթէ ամէն ոք կը խօսի դէմքի արտայայտութիւններով ու կարգ մը շարժուձեւերով։ Անհատի մը կը խօսիք, թէ հանրութեան՝ պարագան նոյնն է։
Շարժուձեւերը սովորական բաներ էին Յիսուսի եւ իր նախկին աշակերտներուն համար։ Առիթով մը, մէկը Յիսուսի ըսաւ որ իր մայրն ու եղբայրները կ’ուզէին իր հետ խօսիլ։ Յիսուս պատասխանեց. «Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս»։ Ապա Աստուածաշունչը կ’աւելցնէ. «Իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով՝ ըսաւ. ‘Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս’»։ (Մատթ. 12։48, 49) Շատ մը ակնարկութիւններու կողքին, Աստուածաշունչը Գործք Առաքելոց 12։17 եւ 13։16–ի մէջ ցոյց կու տայ թէ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներն ալ ինքնաբերաբար շարժուձեւեր ըրին։
Գաղափարներն ու զգացումները ո՛չ միայն ձայնով կը հաղորդուին, այլ նաեւ՝ շարժուձեւերով եւ դէմքի արտայայտութիւններով։ Եթէ ասոնք լաւ կերպով չգործածուին, այն տպաւորութիւնը կը ձգուի որ խօսողը անտարբեր է։ Բայց երբ հաղորդակցութեան այս միջոցները գեղեցիկ կերպով միաձուլուին, խօսակցութիւնը շատ աւելի ազդեցիկ կ’ըլլայ։ Նոյնիսկ երբ հեռաձայնով կը խօսիք, եթէ յարմար շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները ընէք, ձեր ձայնը շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենայ փոխանցել ձեր պատգամին կարեւորութիւնը եւ ձեր ըսածին հանդէպ ձեր անձնական զգացումը։ Ուստի յանպատրաստից խօսիք, թէ կարդաք, ձեր ունկնդիրները ձեզի նային, թէ իրենց Աստուածաշունչին՝ շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները արժէքաւոր են։
Ձեր շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները գրքէ մը չէք կրնար սորվիլ։ Բնաւ պէտք չէք ունեցած ուսումնասիրելու թէ ի՛նչպէս պիտի խնդաք կամ՝ բարկանաք։ Շարժուձեւերն ալ ձեր մէջ եղող զգացումները պէտք է դրսեւորեն։ Ձեր շարժուձեւերը ո՛րքան ինքնաբուխ ըլլան, ա՛յդքան նախընտրելի են։
Շարժուձեւերը երկու դասի կը բաժնուին. նկարագրական եւ շեշտողական։ Նկարագրական շարժուձեւերը գործողութիւն կ’արտայայտեն, կամ չափ ու վայր ցոյց կու տան։ Դպրոցին մէջ երբ շարժուձեւերու վրայ կ’աշխատիք, մէկ կամ երկու շարժուձեւերով մի՛ գոհանաք։ Ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին ջանացէք բնական շարժումներ ընել։ Եթէ ասոր մէջ դժուարութիւն ունիք, փնտռեցէք բառեր, որոնք ուղղութիւն, հեռաւորութիւն, չափ, վայր կամ յարաբերական դիրքեր ցոյց կու տան։ Սակայն, ընդհանրապէս, բաւարար է որ ձեր դասախօսութիւնով կլանուիք, առանց մտահոգուելու թէ ի՛նչ տպաւորութիւն կը ձգէք. ձեր առօրեայ կեանքին մէջ ի՛նչպէս կը խօսիք եւ կը շարժիք, ա՛յդպէս ըրէք։ Երբ անհատ մը հանգիստ վիճակի մէջ է, շարժուձեւերը ինքնաբերաբար կու գան։
Շեշտողական շարժուձեւերը զգացում ու համոզում կ’արտայայտեն։ Անոնք գաղափարները կը շեշտեն, զանոնք կենսունակ եւ ուժգին կը դարձնեն։ Շեշտողական շարժուձեւերը կարեւոր են։ Բայց զգո՛յշ եղէք։ Շեշտողական շարժուձեւերը կրնան դիւրաւ ձեւական դառնալ։ Եթէ նոյն շարժուձեւը կրկին ու կրկին գործածէք, անհատներու ուշադրութիւնը անոր կրնայ դառնալ, փոխանակ ձեր դասախօսութեան զարկ տալու նպաստելու։ Եթէ դպրոցի տեսուչը նշէ թէ այս խնդիրը ունիք, փորձեցէք որոշ ատեն միայն նկարագրական շարժուձեւեր ընել։ Ժամանակ մը ետք, անգամ մը եւս փորձեցէք շեշտողական շարժուձեւերը։
Շեշտողական եւ այլ յարմար շարժուձեւեր ո՛ր տարողութեամբ գործածելու շուրջ որոշումի մը յանգելու համար, ձեր ունկնդիրներուն զգացումները նկատի առէք։ Անոնց մատնանիշ ընելը կրնայ զանոնք անհանգստացնել։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ եթէ տղամարդ մը զարմանք յայտնելու համար իր ձեռքը բերնին դնէ, ասիկա իգականութիւն կը նկատուի։ Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, կիներու համար անպարկեշտ են ձեռքի ազատ շարժումները։ Ուստի այս վայրերուն մէջ, քոյրերը մասնաւորաբար պէտք է ոյժ տան դէմքի արտայայտութիւններուն։ Իսկ պզտիկ խումբի մը դիմաց չափազանցուած շարժուձեւերը ծիծաղելի են գրեթէ աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ։
Մինչ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէք եւ աւելի դիւրասահ կը սկսիք խօսիլ, ձեր գործածած շեշտողական որեւէ շարժուձեւ բնականօրէն ձեր ներքին զգացումները պիտի դրսեւորէ, ձեր համոզումն ու անկեղծութիւնը ցոյց տալով։ Անոնք յաւելեալ իմաստ մը պիտի տան ձեր խօսակցութեան։
Ձեր Դէմքի Արտայայտութիւնը։ Մարմնի որեւէ շարժուձեւէ աւելի, յաճախ ձեր դէմքն է որ իրապէս կ’արտայայտէ ձեր զգացումները։ Ձեր աչքերը, ձեր բերնին ձեւը, ձեր գլուխին ծռած ձեւը, բոլորն ալ իրենց դերը ունին։ Առանց բառ մը իսկ խօսելու, ձեր դէմքը կրնայ անտարբերութիւն, զզուանք, շփոթութիւն, հիացմունք կամ հրճուանք արտայայտել։ Երբ ձեր արտասանած խօսքերուն ընկերակցին դէմքի այսպիսի արտայայտութիւններ, անոնք տեսողական եւ զգացական յաւելեալ տպաւորութիւն կու տան։ Ստեղծիչը ձեր դէմքին վրայ խուրձ մը մկաններ դրած է՝ 30–է աւելի։ Ձեր ժպիտը անոնց գրեթէ կէսը գործի կը լծէ։
Բեմին վրայ ըլլաք, թէ դաշտի ծառայութեան մէջ, կը ջանաք մարդոց հաղորդել պատգամ մը որ հաճելի է, պատգամ մը որ անոնց սիրտը կը հրճուեցնէ։ Ջերմ ժպիտ մը կը հաստատէ ասիկա։ Միւս կողմէ, եթէ ձեր դէմքը արտայայտութենէ զուրկ ըլլայ, ասիկա ձեր անկեղծութեան շուրջ հարցումներ կը յարուցանէ։
Ասկէ աւելի, ժպիտ մը ուրիշներուն կը յայտնէ թէ իրենց հանդէպ սիրալիր զգացում մը ունիք։ Ասիկա մասնաւորաբար կարեւոր է այս օրերուն, երբ մարդիկ ընդհանրապէս կը վախնան օտարականներէն։ Ձեր ժպիտով մարդոց կրնաք օգնել որ հանգիստ զգան եւ ձեր խօսքերուն աւելի ականջ տան։