Ուսումնասիրութիւն 13
Աչքի Հաղորդակցութիւն
ՄԵՐ աչքերը՝ կեցուածքներ եւ յոյզեր կը հաղորդեն։ Անոնք կրնան զարմանք կամ վախ արտայայտել։ Անոնք կրնան կարեկցութիւն կամ սէր հաղորդել։ Երբեմն, անոնք կրնան կասկած կամ վիշտ յայտնել։ Տարեց անհատ մը իր շատ տառապած քաղաքացիներուն մասին ըսաւ. «Մենք աչքերով կը խօսինք»։
Ուրիշներ մեր ու մեր ըսածին մասին գաղափար մը կը կազմեն, մեր աչքերուն սեւեռած ուղղութեան հիման վրայ։ Շատ մը մշակոյթներու մէջ, մարդիկ հակումը կ’ունենան վստահութիւն ունենալու այն անհատին վրայ, որ իրենց հետ բարեկամական աչքի հաղորդակցութիւն կը պահէ։ Ասոր հակառակը, անոնք թերեւս կասկած ունենան այն անհատին անկեղծութեան կամ կարողութեան վրայ, որ խօսած ժամանակ իր ոտքերուն կամ ուրիշ առարկայի մը կը նայի, փոխանակ իր խօսած անհատին նայելու։ Կարգ մը ուրիշ մշակոյթներ աչքի զօրաւոր հաղորդակցութիւնը կը նկատեն անքաղաքավար, յարձակողական, կամ՝ ասպարէզ կարդացող։ Մասնաւորաբար այս է պարագան, երբ կը խօսին հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը կամ մեծաւորի մը, կամ ուրիշ հեղինակաւոր անձի մը։ Իսկ կարգ մը շրջաններու մէջ, տարիքոտ անձի մը հետ խօսող երիտասարդ մը, երբ ուղղակի անոր աչքերուն նայի, անիկա կրնայ անյարգալից բան մը նկատուիլ։
Սակայն, հոն ուր ասիկա ընելը տհաճ չէ, կարեւոր բան մը ըսելու ատեն անհատի մը աչքերուն նայիլը ձեր խօսքերուն կշիռ կու տայ։ Անիկա խօսողին կողմէ համոզումի ապացոյց կրնայ նկատուիլ։ Նկատի առէք թէ Յիսուս ի՛նչպէս ընդառաջեց, երբ իր աշակերտները մեծ զարմանք յայտնեցին ու ըսին. «Ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. ‘Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է’»։ (Մատթ. 19։25, 26) Սուրբ Գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ թէ Պօղոս առաքեալ ուշի ուշով կը դիտէր իր ունկնդիրներուն հակազդեցութիւնները։ Առիթով մը ի ծնէ կաղ մարդ մը ներկայ էր, երբ Պօղոս կը խօսէր։ Գործք Առաքելոց 14։8, 9–ն կը նշէ. «Ասիկա Պօղոսին մտիկ կ’ընէր։ Ան ալ աչքը անոր տնկելով եւ տեսնելով թէ բժշկուելու հաւատք ունի, բարձր ձայնով մը ըսաւ. ‘Ելի՛ր, ոտքերուդ վրայ շիտա՛կ կայնէ’»։
Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրութիւններ։ Երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք, ընկերային ու ջերմ մօտեցում մը ցոյց տուէք։ Հոն ուր յարմար է, դիմացինն ալ հաւանաբար հետաքրքրող խօսակցութիւն մը սկսելու համար, միտք գրգռող հարցումներ գործածեցէք։ Ասիկա ընելու ատեն, ջանացէք աչքի հաղորդակցութիւն պահել. կամ առնուազն, ուղղակի անհատին նայեցէք յարգալից ու ազնիւ կերպով։ Ներքին ուրախութիւն հաղորդող անհատի մը դէմքին վրայի ջերմ ժպիտը շատ գրաւիչ է։ Այսպիսի արտայայտութիւն մը դիմացինին շատ բան կը յայտնէ ձեր ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալուն մասին եւ անոր կ’օգնէ որ աւելի հանգիստ զգայ՝ մինչ կը խօսիք։
Անհատին աչքերուն արտայայտութիւնը դիտելը՝ երբ ասիկա պատշաճ է՝ կրնայ կացութիւն մը ի՛նչպէս ձեռք առնելու շուրջ ցուցմունք տալ ձեզի։ Եթէ անհատը բարկացած է կամ իրապէս հետաքրքրուած չէ, կրնաք հասկնալ։ Եթէ ձեզ չի հասկնար, թերեւս ասոր անդրադառնաք։ Եթէ սկսի անհամբեր ըլլալ, կրնաք կռահել զայն։ Եթէ անկեղծօրէն հետաքրքրուած է, ասիկա ալ յայտնի պիտի ըլլայ։ Իր աչքերուն արտայայտութիւնը կրնայ հասկցնել թէ աւելի դանդաղ պէտք է խօսիք, թէ յաւելեալ ջանք մը պէտք է ընէք զինք խօսակցութեան մէջ մտցնելու, թէ խօսակցութեան վերջ պէտք է դնէք, եւ կամ թերեւս պէտք է ցոյց տաք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ ուսումնասիրել։
Հանրային վկայութեան մէջ ըլլաք թէ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարէք, ջանացէք յարգալից աչքի հաղորդակցութիւն մը պահել ձեր խօսակիցին հետ։ Սակայն սեւեռուն կերպով մի՛ նայիք անհատին. ասիկա կրնայ զինք ամչցնել։ (Դ. Թագ. 8։11) Բայց շատ բնական, ընկերային կերպով յաճախ դիմացինին դէմքին նայեցէք։ Շատ երկիրներու մէջ, ասիկա անկեղծ հետաքրքրութիւն կը հաղորդէ։ Անշուշտ, երբ Աստուածաշունչէն կամ այլ գրականութենէ մը կը կարդաք, ձեր աչքերը տպագրուած էջին վրայ սեւեռած կ’ըլլաք։ Բայց երբ կէտ մը կ’ուզէք շեշտել, կրնաք ուղղակի անհատին նայիլ ակնթարթի մը համար։ Եթէ ժամանակ առ ժամանակ իրեն նայիք, ասիկա կարելի պիտի դարձնէ որ կարդացուած բանին նկատմամբ իր հակազդեցութիւնը տեսնէք։
Եթէ ամչկոտութեան պատճառաւ աչքի հաղորդակցութիւնը սկիզբը դժուար ըլլայ, տեղի մի՛ տաք։ Վարժութեամբ, պատշաճ աչքի հաղորդակցութիւնը բնական պիտի ըլլայ եւ ասիկա ուրիշներուն հետ ձեր հաղորդակցութիւնը աւելի ազդեցիկ պիտի դարձնէ։
Երբ Դասախօսութիւն մը կու Տաք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յիսուս իր Լերան Քարոզը սկսելէն առաջ՝ «իր աչքերը դէպի իր աշակերտները վերցուց»։ (Ղուկ. 6։20) Իր օրինակէն սորվեցէք։ Եթէ խումբի մը դիմաց պիտի խօսիք, անոնց նայեցէք, ապա քանի մը երկվայրկեան դադար մը ըրէք, խօսելու սկսելէ առաջ։ Շատ մը տեղեր, ասոր մէջ կը պարփակուի ունկնդիրներէն ոմանց հետ աչքի հաղորդակցութիւն ունենալ։ Այս հակիրճ ուշացումը կ’օգնէ որ ձեր սկիզբի ջղագրգռութիւնը յաղթահարէք։ Անիկա ունկնդիրներուն ալ պիտի օգնէ որ ձեր դէմքին արտայայտած կեցուածքին կամ զգացումին վարժուին։ Ասկէ զատ, անիկա թոյլ պիտի տայ որ ունկնդիրները լռեն եւ իրենց ուշադրութիւնը ձեզի դարձնեն։
Դասախօսութեան ընթացքին, ձեր ունկնդիրներուն նայեցէք։ Պարզապէս ամբողջ խումբին վրայ ակնարկ մը մի՛ նետէք։ Փորձեցէք անոնց մէջ անհատներու նայիլ։ Գրեթէ բոլոր մշակոյթներուն մէջ, ատենախօսէն կ’ակնկալուի որոշ չափով աչքի հաղորդակցութիւն պահել։
Ձեր ունկնդիրներուն նայիլ չի նշանակեր ձեր աչքերը մէկ կողմէն միւսը պտըտցնել։ Ունկնդիրներէն մէկուն յարգալից կերպով նայեցէք, եւ եթէ յարմար է, ամբողջ նախադասութիւն մը անոր ըսէք։ Ապա ուրիշի մը նայեցէք եւ անոր մէկ կամ երկու նախադասութիւն ըսէք։ Անհանգիստ ընելու աստիճան երկար մի՛ նայիք ոեւէ մէկու, ո՛չ ալ բոլոր ունկնդիրներուն մէջէն միայն քանի մը հոգիի նայեցէք։ Շարունակեցէք այս կերպով բոլորին վրայ պտըտցնել ձեր աչքերը, բայց երբ անհատի մը կ’ուղղէք ձեր խօսքը, ուղղակի իրեն խօսեցէք եւ ուրիշի մը անցնելէ առաջ, իր հակազդեցութիւնը նշմարեցէք։
Ձեր նոթերը պէտք է ըլլան գրակալին վրայ, ձեր ձեռքը կամ ձեր Աստուածաշունչին մէջ, որպէսզի կարենաք արագօրէն աչք մը նետել անոնց վրայ։ Եթէ հարկ ըլլայ ձեր ամբողջ գլուխը դարձնել նոթերը տեսնելու համար, ունկնդիրներուն հետ հաղորդակցութիւնը պիտի տուժուի։ Նկատի պէտք է առնէք թէ ո՛րքան յաճախ եւ ե՛րբ կը նայիք ձեր նոթերուն։ Եթէ ձեր նոթերուն նայիք երբ ձեր դասախօսութիւնը գագաթնակէտի մը հասցուցած էք, այն ատեն ո՛չ միայն ձեր ունկնդիրներուն հակազդեցութիւնը պիտի չկարենաք տեսնել, այլ նաեւ, ձեր զեկուցումը իր ուժգնութենէն մաս մը պիտի կորսնցնէ։ Նոյնպէս, եթէ անդադար ձեր նոթերուն նայիք, ունկնդիրներուն հետ կապը պիտի կորսնցնէք։
Երբ մէկու մը գնդակ մը նետէք, կը նայիք թէ անհատը զայն բռնեց թէ ոչ։ Ձեր դասախօսութեան իւրաքանչիւր միտքը, ունկնդիրներուն «նետուած» անջատ գնդակ մըն է։ Անոնք իրենց ընդառաջումով՝ գլխու շարժումով, ժպիտով կամ ուշադիր նայուածքով՝ ցոյց կու տան որ «կը բռնեն» զայն։ Եթէ աչքի լաւ հաղորդակցութիւն մը պահէք, ասիկա ձեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ ձեր գաղափարները «կը բռնուին»։
Եթէ ժողովքին ընթերցանութիւն ընելու նշանակում մը ունիք, այդ պարագային ալ ունկնդիրներուն պէ՞տք է նայիք։ Եթէ ունկնդիրները ձեզի հետ կը հետեւին Աստուածաշունչի ընթերցանութեան, անոնցմէ շա տեր պիտի չանդրադառնան իսկ թէ կը նայիք կամ ոչ։ Բայց ձեր ունկնդիրներուն նայիլը ձեր ընթերցանութիւնը աւելի կենսունակ կրնայ դարձնել, քանի որ անով մօտէն հետեւած կ’ըլլաք իրենց հակազդեցութեան։ Իսկ ունկնդիրներէն անոնք որոնք իրենց Աստուածաշունչը չեն գործածեր եւ որոնց մտքերը կը թափառին, դասախօսին հետ աչքի հաղորդակցութիւնը կրնայ անոնց օգնել որ իրենց ուշադրութիւնը ետ ընթերցանութեան դարձնեն։ Անշուշտ, միայն հակիրճ կերպով պիտի կարենաք ընել ասիկա, եւ այնպիսի կերպով մը՝ որ չշուարիք ձեր ընթերցանութեան մէջ։ Անոր համար, նախընտրելի է որ ձեր Աստուածաշունչը ձեր ձեռքին մէջ պահէք եւ ձեր գլուխը բարձր բռնէք, եւ ոչ թէ ձեր ծնօտը ձեր կուրծքին կախէք։
Երբեմն, երէցներէն կը պահանջուի որ նահանգային համաժողովի համար ընթերցանելի դասախօսութիւն մը ներկայացնեն։ Ասիկա ազդեցիկ կերպով ընելը փորձառութիւն, բծախնդիր պատրաստութիւն եւ շատ վարժութիւն կը պահանջէ։ Անշուշտ, ընթերցանելի դասախօսութիւնը աչքի հաղորդակցութիւնը կը սահմանափակէ։ Բայց եթէ դասախօսը լաւ պատրաստուած է, ան պէտք է կարենայ ժամանակ առ ժամանակ ունկնդիրներուն նայիլ, առանց տեղը կորսնցնելու։ Այսպէս ընելով, ան իր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը պիտի պահէ եւ անոնց պիտի օգնէ որ ներկայացուած հոգեւոր կարեւոր ուսուցումէն լիովին օգտուին։