Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 20 էջ 147-էջ 149 պարբ. 2
  • Համարները Ազդու Կերպով Ներկայացուած

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Համարները Ազդու Կերպով Ներկայացուած
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քաջալերել Սուրբ Գիրք Գործածել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Հետաքրքրութիւն Արթնցնող Բացում
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Համար կարդալէ առաջ՝ գետին պատրաստել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Ունկնդիրներուն Համար Տեղեկատու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 20 էջ 147-էջ 149 պարբ. 2

Ուսումնասիրութիւն 20

Համարները Ազդու Կերպով Ներկայացուած

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Համար մը կարդալէ առաջ, ձեր ունկնդիրներուն միտքը պատրաստեցէք։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Համար մը ազդու կերպով ներկայացնելը ձեր ունկնդիրներուն կրնայ օգնել, որ համարին իսկական իմաստը հասկնան։

ՄԵՐ ժողովներուն մէջ տրուած ուսուցումին հիմը կը կազմեն Սուրբ Գրութիւնները։ Դաշտի ծառայութեան մէջ ալ ինչ որ կ’ըսենք, Աստուածաշունչի համարներուն շուրջ կը դառնայ։ Սակայն, անոնք ո՛ր աստիճան պիտի նպաստեն մեր խօսակցութեան. ասիկա մասամբ կախեալ է թէ զանոնք ո՛րքան ազդու կերպով կը ներկայացնենք։

Պարզապէս համարին ակնարկելէն եւ զայն ձեզի հետ կարդալու համար դիմացինին հրաւէր տալէն աւելին պարփակուած է։ Երբ համար մը պիտի ներկայացնէք, ջանացէք այս երկու նպատակները իրագործել. (1) Ակնկալութիւն արթնցնել, եւ (2) համարին գործածութեան պատճառին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել։ Այս նպատակներուն կրնաք հասնիլ տարբեր կերպերով։

Հարցում մը Հարցուցէք։ Ասիկա ամենէն ազդու կերպն է, եթէ պատասխանը բացայայտ չէ ձեր ունկնդիրներուն համար։ Փորձեցէք հարցումը ա՛յնպէս ուղղել որ անհատներուն մտածել տայ։ Յիսուս այս է որ ըրաւ։ Երբ Փարիսեցիները տաճարին մէջ իրեն մօտեցան եւ ուզեցին Սուրբ Գրութիւններու նկատմամբ իր հասկացողութիւնը հանրապէս փորձել, Յիսուս անոնց հարցուց. «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է»։ Անոնք պատասխանեցին՝ «Դաւիթին»։ Ապա Յիսուս հարցուց. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ». ու մէջբերեց Սաղմոս 110։1–ը։ Փարիսեցիները պապանձեցան։ Սակայն ժողովուրդը հաճոյքով մտիկ կ’ընէր Յիսուսի։—Մատթ. 22։41-46

Դաշտի ծառայութեան մէջ թերեւս կրնաք հետեւեալներուն նման ներածական հարցումներ գործածել. «Դուք եւ ես անձնական անուն մը ունինք։ Արդեօք Աստուած ալ անձնական անուն մը ունի՞։ Ասոր պատասխանը կրնանք գտնել Սաղմոս 83։18–ի մէջ»։ «Արդեօք օր մը ամբողջ մարդկութեան համար միայն մէկ կառավարութիւն պիտի ըլլա՞յ։ Նայեցէք թէ այս հարցումին ի՛նչ պատասխան տրուած է Դանիէլ 2։44–ի մէջ»։ «Արդեօք Աստուածաշունչը ներկայիս գոյութիւն ունեցող վիճակներուն մասին կը խօսի՞։ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ի մէջ նշուածները բաղդատեցէք ձեզի ծանօթ եղող վիճակներուն հետ»։ «Արդեօք տառապանքն ու մահը վերջ պիտի գտնե՞ն օր մը։ Աստուածաշունչին պատասխանը կրնաք գտնել Յայտնութիւն 21։4, 5–ի մէջ»։

Դասախօսութեան մը մէջ, համարները ներկայացնելու համար հարցումներու ուշադիր գործածութիւնը կրնայ մղել ձեր ունկնդիրները որ համարները նոր տեսանկիւնէ դիտեն, նոյնիսկ այն համարները որ իրենց ծանօթ են։ Բայց ասիկա պիտի ընե՞ն։ Անիկա կախեալ է թէ ձեր յարուցած հարցումները իրապէս զիրենք կը հետաքրքրեն թէ ոչ։ Նոյնիսկ երբ նիւթը հետաքրքրական ըլլայ ունկնդիրներուն համար, անոնց միտքը կրնայ ցրուիլ, երբ կը կարդաք համար մը որ շատ անգամ լսած են։ Ասոր արգելք հանդիսանալու համար, պէտք է այս հարցին մասին լաւ մտածէք՝ ձեր ներկայացումը գրաւիչ դարձնելու համար։

Խնդիր մը Ներկայացուցէք։ Կրնաք խնդիր մը ներկայացնել, ապա իրենց ուշադրութիւնը դարձնել համարի մը, որ անոր լուծման հետ առնչութիւն ունի։ Իրենց ստանալիքէն աւելի մեծ ակնկալութիւն մի՛ դնէք ունկնդիրներուն դիմաց։ Յաճախ համար մը լուծման միայն մէկ մասը կը հայթայթէ։ Սակայն, մինչ համարը կը կարդաք, կրնաք ունկնդիրներէն խնդրել որ նկատի առնեն թէ անիկա տուեալ կացութեան հետ ի՛նչ կապ ունի։

Նոյն կերպով, կրնաք բարեպաշտ վարքի սկզբունք մը նշել, ապա Սուրբ Գրքէն դրուագ մը գործածել, ցոյց տալու համար թէ իմաստութիւն է անոր հետեւիլ։ Եթէ համար մը երկու (կամ աւելի) մասնայատուկ կէտեր կը պարունակէ նկատի առնուած նիւթին կապակցաբար, կարգ մը դասախօսներ ունկնդիրներէն կը խնդրեն որ անոնց ուշադրութիւն ընեն։ Եթէ խնդիր մը շատ բարդ ըլլայ տուեալ ունկնդիրներուն համար, կրնաք անոնց միտքը խթանել մի քանի կարելիութիւններ թուելով, ապա թոյլ տալով որ համարն ու կիրարկումը պատասխանը հայթայթեն։

Աստուածաշունչին Դիմեցէք Որպէս Հեղինակաւոր Աղբիւր։ Եթէ ձեր նիւթին շուրջ արդէն հետաքրքրութիւն արթնցուցած էք եւ անոր մէկ երեսակին մասին մէկ կամ երկու տեսակէտներ նշած էք, կրնաք համար մը ներկայացնել պարզապէս ըսելով. «Նկատի առէք թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչ կ’ըսէ այս կէտին շուրջ»։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ ձեր կարդալիքը կշիռ ունի։

Եհովա Աստուածաշունչին կարգ մը հատուածները գրել տալու համար Յովհաննէսի, Ղուկասի, Պօղոսի եւ Պետրոսի նման տղամարդիկ գործածեց։ Բայց անոնք միայն գրիչներ էին, Եհովան ըլլալով բուն Հեղինակը։ Մասնաւորաբար Սուրբ Գրութիւններուն ծանօթ չեղող անհատներու հետ խօսելու ատեն, համար մը կարդալէ առաջ երբ ըսենք՝ «Պետրոս գրեց», կամ՝ «Պօղոս ըսաւ», կրնայ նոյն ազդեցութիւնը չունենալ, որքան՝ երբ ներկայացնենք համարը որպէս Աստուծոյ խօսքը։ Նկատողութեան արժանի է որ կարգ մը պարագաներու, Եհովա պատուիրեց Երեմիայի որ իր ծանուցումները ներկայացնէ՝ ըսելով. «Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք»։ (Երեմ. 7։2. 17։20. 19։3. 22։2) Համար մը ներկայացնելէ առաջ Եհովայի անունը գործածենք կամ ոչ, մեր խօսակցութեան վերջ դնելէ առաջ, պէտք է ջանանք նշել թէ ի՛նչ որ Աստուածաշունչին մէջ է՝ Իր խօսքն է։

Բովանդակութիւնը Նկատի Ունեցէք։ Համարի մը ներկայացումը որոշելու համար, պէտք է բովանդակութենէն տեղեակ ըլլաք։ Կարգ մը պարագաներու, ուղղակիօրէն պիտի յիշէք բովանդակութիւնը. սակայն, բովանդակութիւնը այլ կերպերով ձեր ըսածին կրնայ ազդել։ Օրինակ՝ աստուածավախ Յոբին խօսքերը նո՞յն կերպով պիտի ներկայացնէիք, ինչպէս՝ իր կեղծ մխիթարիչներէն մէկուն խօսքերը։ Գործք Առաքելոց գիրքը Ղուկաս գրած էր, բայց ան ի միջի այլոց կը մէջբերէ Յակոբոսի, Պետրոսի, Պօղոսի, Փիլիպպոսի, Ստեփանոսի եւ հրեշտակներուն, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ չեղող Գամաղիէլի եւ ուրիշ Հրեաներու խօսքերը։ Ձեր մէջբերած համարը որո՞ւ պիտի վերագրէք։ Յիշեցէք, օրինակի համար, թէ սաղմոսներուն բոլորը Դաւիթ չէ գրած եւ ամբողջ Առակաց գիրքը Սողոմոնի կողմէ գրուած չէ։ Նաեւ օգտակար է գիտնալ թէ Աստուածաշունչը գրողը որո՛նց ուղղած է իր խօսքը եւ ընդհանուր նիւթը ինչի մասին է։

Նիւթին Ենթահողը Օգտագործեցէք։ Ասիկա մասնաւորաբար ազդու կ’ըլլայ, եթէ կարենաք ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչի պատմութեան ժամանակ գոյութիւն ունեցող պայմանները ճիշդ ձեր նկատի առած պայմաններուն նման էին։ Ուրիշ պարագաներու, որոշ համար մը հասկնալու համար նիւթին ենթահողը անհրաժեշտ է։ Եթէ փրկանքի մասին եղած դասախօսութեան մը մէջ Եբրայեցիս 9։12, 24–ը պիտի գործածէք, օրինակի համար, հաւանաբար հարկ տեսնէք որ համարը կարդալէ առաջ հակիրճ բացատրութիւն մը տաք խորանին ամենաներքին սենեակին մասին, որ ըստ համարին, կը պատկերացնէ այն տեղը ուր Յիսուս մտաւ, երբ երկինք համբարձաւ։ Բայց տուեալները այնքան շատ թող չըլլան որ ձեր ներկայացուցած համարը շուքի մէջ ձգեն։

Համարները ներկայացնելու ձեր կերպը բարելաւելու համար, ուշադրութիւն ըրէք թէ փորձառու դասախօսներ ի՛նչ կ’ընեն։ Անոնց գործածած տարբեր կերպերը նկատեցէք։ Այս կերպերուն որքան ազդեցիկ ըլլալը քննեցէք։ Ձեր դասախօսութիւնները պատրաստելու ատեն, գլխաւոր համարները բնորոշեցէք եւ մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայեցէք թէ իւրաքանչիւր համար ի՛նչ պիտի իրագործէ։ Իւրաքանչիւր համարի մատուցման կերպը ուշադրութեամբ ծրագրեցէք, որպէսզի կարելի եղածին չափ ազդու կերպով ներկայացնէք։ Հետագային, ասիկա ձեր գործածած բոլոր համարներուն կիրարկեցէք։ Մինչ ձեր ներկայացման այս երեսակը կը բարելաւուի, աւելի մեծ ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացնէք Աստուծոյ Խօսքին վրայ։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Երբ հետաքրքրութիւն արթնցնելու կերպ մը ընտրէք, հաշուի առէք թէ ձեր ունկնդիրները այդ նիւթին մասին ի՛նչ գիտեն եւ ի՛նչ կը խորհին։

  • Քաջ գիտցէք թէ իւրաքանչիւր համարով ի՛նչ պիտի իրագործէք, եւ զայն ներկայացնելու համար ձեր տուած տեղեկութիւնը ասիկա թող արտացոլացնէ։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Համար մը ընտրեցէք, որ կը խորհիք թէ կրնաք ազդեցիկ կերպով գործածել ձեր թաղամասին մէջ։ Ծրագրեցէք թէ (1) ի՛նչ հարցում կամ խնդիր պիտի ներկայացնէք տանտիրոջ ակնկալութիւնը արթնցնելու համար, եւ (2) ի՛նչպէս ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէք համարը կարդալու ձեր պատճառին վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել