Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 23 էջ 157-էջ 159 պարբ. 4
  • Գործնական Արժէքը Յստակացնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գործնական Արժէքը Յստակացնել
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ունկնդիրներուն Համար Տեղեկատու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Հետաքրքրութիւն Արթնցնող Բացում
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ժողովքին Համար Դասախօսութիւններ Պատրաստել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Հանրային Դասախօսութիւններ Պատրաստել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 23 էջ 157-էջ 159 պարբ. 4

Ուսումնասիրութիւն 23

Գործնական Արժէքը Յստակացնել

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Օգնեցէք ունկնդիրներուն որ տեսնեն թէ ձեր նիւթը ի՛նչպէս կ’ազդէ իրենց կեանքին, կամ՝ թէ ի՛նչպէս կրնան օգտակար կերպով գործածել զայն։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Եթէ մարդիկ ձեր ըսածին գործնական արժէքը չտեսնեն, թերեւս ձեզի ըսեն որ իրենք հետաքրքրուած չեն, կամ ձեր ըսածին ուշադրութիւն չընծայեն, թոյլ տալով որ իրենց միտքը թափառի։

ԱՆՀԱՏԻ մը խօսիք՝ թէ մեծ խումբի մը, իմաստութիւն չէ ենթադրել թէ ձեր ունկնդիրները հետաքրքրուած պիտի ըլլան ձեր նիւթով, պարզ անոր համար որ դուք հետաքրքրուած էք անով։ Ձեր պատգամը կարեւոր է, բայց եթէ անոր գործնական արժէքը չյստակացնէք, հաւանաբար ձեր ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը երկար ատեն չկարենաք վառ պահել։

Նոյնն է պարագան նոյնիսկ Թագաւորութեան Սրահին մէջ գտնուող ունկնդիրներուն։ Անոնք ձեզի մտիկ կ’ընեն, երբ օրինակ մը կամ փորձառութիւն մը պատմէք որ նախապէս լսած չեն։ Բայց անոնք կրնան ուշադրութիւն չընծայել, երբ խօսիք այնպիսի բաներու մասին, որոնք արդէն գիտեն, մանաւանդ եթէ անոնց վրայ չշինէք։ Անոնց պէտք է օգնէք տեսնելու թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս ձեր ըսած բաները իրապէս օգտակար են իրենց։

Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ գործնական գետնի վրայ մտածենք։ (Առ. 3։21) Եհովա Յովհաննէս Մկրտիչը գործածեց, որպէսզի մարդիկը ուղղէ «արդարներուն [«գործնական», ՆԱ] իմաստութեանը»։ (Ղուկ. 1։17) Ասիկա Եհովայի առողջ վախին մէջ արմատացած իմաստութիւն է։ (Սաղմ. 111։10) Այս իմաստութիւնը գնահատողները հիմա կեանքին մէջ աւելի կը յաջողին, եւ գալիք ճշմարիտ կեանքը՝ յաւիտենական կեանքը՝ ամուր կը բռնեն։—Ա. Տիմ. 4։8. 6։19

Դասախօսութիւն մը Գործնական Դարձնել։ Ձեր դասախօսութիւնը գործնական ըլլալու համար, լաւ կերպով պէտք է մտածէք ո՛չ միայն նիւթին, այլ նաեւ՝ ունկնդիրներուն մասին։ Զանոնք պարզապէս խումբ մը մի՛ նկատէք։ Այդ խումբը անհատներէ ու ընտանիքներէ բաղկացած է։ Թերեւս անոնց մէջ երախաներ, պատանիներ, չափահասներ եւ կարգ մը տարեցներ կան։ Հաւանաբար կան նոր հետաքրքրուողներ, ինչպէս նաեւ անհատներ, որոնք ձեր աշխարհ գալէն առաջ սկսած են Եհովայի ծառայել։ Անոնցմէ ոմանք հոգեւորապէս հասուն են, իսկ ուրիշներ՝ աշխարհի կարգ մը կեցուածքներէն ու սովորութիւններէն շատ ազդուած կրնան ըլլալ։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Իմ ներկայացնելիք նիւթս ի՞նչպէս կրնայ ներկաներուն օգտակար ըլլալ։ Ի՞նչպէս կրնամ օգնել անոնց որ անոր միտքը ըմբռնեն’։ Թերեւս որոշէք հոս յիշուած մէկ կամ երկու խումբին վրայ աւելի կեդրոնանալ, սակայն միւսները ամբողջովին մի՛ անտեսէք։

Իսկ ի՞նչ կրնաք ընել եթէ ձեր նկատի առած նիւթը Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումի մը մասին է։ Ի՞նչպէս կրնաք այսպիսի դասախօսութիւն մը շինիչ դարձնել ունկնդիրներու, որոնք արդէն կը հաւատան այդ ուսուցումին։ Ջանացէք անոր հանդէպ իրենց համոզումը ամրապնդել։ Ի՞նչպէս։ Անոր թիկունք կանգնող սուրբ գրային պատճառաբանութիւններ տալով։ Կրնաք նաեւ անոնց գնահատութիւնը խորացնել սուրբ գրային այդ ուսուցումին հանդէպ։ Ասիկա կարելի է ընել անոնց ցոյց տալով թէ այդ ուսուցումը ի՛նչպէս համաձայն է Աստուածաշունչի այլ ճշմարտութիւններու եւ Եհովայի անձնաւորութեան հետ։ Օրինակներ՝ եթէ կարելի է, իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ՝ գործածեցէք, որոնք ցոյց կու տան թէ այս մասնայատուկ ուսուցումը հասկնալը ի՛նչպէս օգտակար եղած է մարդոց եւ ազդած է ապագայի հանդէպ անոնց հեռանկարին։

Գործնական կիրարկումը դասախօսութեան եզրակացութեան մէջ քանի մը հակիրճ ակնարկութիւններ ընելով մի՛ գոհանաք։ Սկիզբէն իսկ, ներկաներէն իւրաքանչիւրը պէտք է այն զգացումը ունենայ թէ՝ «ասիկա ինծի համար է»։ Այդ հիմը նետելէն ետք, մինչ դասախօսութեան մարմինին իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտը կը զարգացնէք՝ նաեւ ձեր եզրակացութեան մէջ՝ շարունակեցէք գործնական կիրարկում ընել։

Երբ կիրարկումը կ’ընէք, ուշադիր եղէք որ զայն այնպիսի կերպով մը ընէք, որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համապատասխան է։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ սիրալիր կերպով եւ կարեկցութիւն ցոյց տալով ընել։ (Ա. Պետ. 3։8. Ա. Յովհ. 4։8) Նոյնիսկ երբ Թեսաղոնիկէի մէջ յարուցուած դժուար խնդիրներ ձեռք կ’առնէր, Պօղոս առաքեալ հոգ տարաւ որ հոն գտնուող իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւոր յառաջդիմութեան դրական երեւոյթները ցցուն ընէր։ Ան նաեւ վստահութիւն յայտնեց որ նկատի առնուած նիւթին մէջ, անոնք պիտի ուզէին շիտակը ընել։ (Ա. Թես. 4։1-11) Ընդօրինակութեան արժանի ի՜նչ լաւ օրինակ մը։

Ձեր դասախօսութեան նպատակն է բարի լուրը ուրիշներու քարոզելու եւ սորվեցնելու գործունէութեան մասնակցի՞լը խրախուսել։ Այդ առանձնաշնորհումին հանդէպ խանդավառութիւն ու գնահատութիւն կերտեցէք։ Բայց մինչ ասիկա կ’ընէք, ի մտի ունեցէք որ այս մարզին մէջ անհատներու մասնակցութեան կարողութիւնը կրնայ իրարմէ տարբեր ըլլալ, եւ Աստուածաշունչը հաշուի կ’առնէ ասիկա։ (Մատթ. 13։23) Ձեր եղբայրներուն յանցապարտութեան զգացում մի՛ տաք։ Եբրայեցիս 10։24–ը մեզ կը յորդորէ որ զիրար «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղենք»։ Եթէ զիրենք սիրոյ մղենք, անոր պիտի յաջորդեն լաւ շարժառիթով եղած գործեր։ Փոխանակ փորձելու անոնց կարգ մը ընթացքներ պարտադրել, գիտակցեցէք որ Եհովայի մեզմէ ուզածը՝ ‘հաւատքի հնազանդութիւնը’ յառաջ մղել է։ (Հռովմ. 16։26) Ասիկա ի մտի ունենալով, կը ջանանք թէ՛ մեր հաւատքը զօրացնել, եւ թէ՝ մեր եղբայրներուն հաւատքը։

Ուրիշներուն Օգնել որ Գործնական Արժէքը Տեսնեն։ Երբ ուրիշներու կը վկայէք, մի՛ մոռնաք բարի լուրին գործնական արժէքը ցցուն ընել։ Ասիկա ընելու համար պէտք է նկատի ունենաք ձեր թաղամասի մարդոց մտահոգութիւնները։ Ի՞նչպէս կրնաք գիտնալ ասիկա։ Ձայնասփիւռէն կամ հեռատեսիլէն լուրերը մտիկ ըրէք։ Լրագիրներուն առաջին էջին նայեցէք։ Նաեւ, ջանացէք մարդիկը խօսակցութեան մէջ մտցնել, եւ մտիկ ըրէք երբ անոնք կը խօսին։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք հրատապ խնդիրներու հետ կը պայքարին, ինչպէս՝ աշխատանքի կորուստ, վարձքի վճարում, հիւանդութիւն, ընտանիքի անդամի մը կորուստ, ոճիրի վտանգ, հեղինակաւոր անհատի մը կողմէ անիրաւութիւն, ամուսնութեան բեկանում, դեռատի զաւակներու հսկողութիւն, եւայլն։ Աստուածաշունչը կրնա՞յ օգնել իրենց։ Անշո՛ւշտ։

Երբ խօսակցութիւն մը կը սկսիք, հաւանաբար ձեր մտքին մէջ նիւթ մը պիտի ունենաք։ Բայց եթէ անհատը նշէ թէ ուրիշ նիւթ մը զինք շատ աւելի կը հետաքրքրէ, անմիջապէս անոր անցէք՝ եթէ կրնաք, կամ առաջարկեցէք վերադառնալ, օգտակար տեղեկութիւններով։ Անշուշտ, մենք կը խուսափինք «ուրիշներու գործին խառնուելէ», բայց ուրախութեամբ ուրիշներու հետ կը բաժնենք Աստուածաշունչին հրամցուցած գործնական խրատը։ (Բ. Թես. 3։11, Անթիլիաս) Ակներեւաբար, մարդիկ շատ աւելի կը տպաւորուին իրենց կեանքին դպչող սուրբ գրային խրատներով։

Եթէ մարդիկ չկարենան տեսնել թէ մեր պատգամը ի՛նչպէս անձնապէս իրենց կը վերաբերի, անոնք շուտով վերջ պիտի դնեն մեր խօսակցութեան։ Նոյնիսկ երբ թոյլատրեն որ խօսինք, եթէ մեր նիւթին գործնական արժէքը ցոյց չտանք, կը նշանակէ որ մեր պատգամը շատ քիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ իրենց կեանքին վրայ։ Իսկ երբ պատգամին գործնական արժէքը յստակօրէն ցոյց տանք, մեր խօսակցութիւնը կրնայ դարձակէտը ըլլալ մարդոց կեանքին մէջ։

Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէք, շարունակեցէք գործնական կիրարկումը ցցուն ընել։ (Առ. 4։7) Աշակերտներուն օգնեցէք որ Սուրբ Գրքի խրատները, սկզբունքներն ու օրինակները հասկնան, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովայի ճամբուն մէջ ի՛նչպէս կրնան քալել։ Այսպէս ընելուն օգուտները շեշտեցէք։ (Եսայ. 48։17, 18) Ասիկա պիտի մղէ աշակերտները որ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընեն իրենց կեանքին մէջ։ Անոնց մէջ Եհովայի հանդէպ սէր եւ զինք հաճեցնելու փափաք կերտեցէք, եւ ձգեցէք որ Աստուծոյ Խօսքին խրատները կիրարկելու մղումը իրենց ներսէն գայ։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Երբ դասախօսութիւն մը կը պատրաստէք, ո՛չ միայն ձեր նիւթը, հապա ձեր ունկնդիրներն ալ նկատի ունեցէք։ Զայն այնպիսի կերպով մը ներկայացուցէք որ իրապէս օգտակար ըլլայ իրենց։

  • Գործնական կիրարկումը ձեր եզրակացութեան մի՛ ձգէք։ Անիկա ձեր ամբողջ դասախօսութեան տեւողութեան բացայայտ պէտք է ըլլայ։

  • Երբ վկայութիւն տալու կը պատրաստուիք, նկատի ունեցէք ձեր թաղամասի մարդոց մտահոգութիւնները։

  • Երբ կը վկայէք՝ դիմացի անհատին իրապէս մտիկ ըրէք, եւ ձեր ներկայացումը ըստ այնմ յարմարցուցէք։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն կարգ մը թիւեր վերաքաղ ըրէք, եւ մէկ կամ երկու ներկայացումներ ընտրեցէք, որոնք ըստ ձեզի մասնաւորաբար գործնական են ձեր թաղամասին համար։ Դաշտի ծառայութեան մէջ գործածեցէք զանոնք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել