Ուսումնասիրութիւն 30
Դիմացի Անհատին Հանդէպ Հետաքրքրութիւն
ԵՐԲ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները կը բաժնենք ուրիշներու հետ, միայն միտքը տեղեակ պահելէն աւելին պէտք է ընենք։ Սրտին կոչ պէտք է ընենք։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է, մեր ունկնդիրներով անհատապէս ու անկեղծօրէն հետաքրքրուիլ։ Այսպիսի հետաքրքրութիւն մը այլազան կերպերով կարելի է ցոյց տալ։
Ձեր Ունկնդիրներուն Տեսակէտը Նկատի Առէք։ Պօղոս առաքեալ նկատի կ’առնէր իր ունկնդիրներուն ծագումը եւ մտայնութիւնը։ Ան բացատրեց. «Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէս զի Հրեաները շահիմ, օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, ոչ թէ ես օրէնքի տակ էի, որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ. օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, ոչ թէ ես Աստուծմէն օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսին օրէնքին տակ էի, որպէս զի օրէնք չունեցողներն ալ շահիմ. տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէս զի տկարները շահիմ. ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ։ Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ»։ (Ա. Կորն. 9։20-23) Ի՞նչպէս կրնանք ‘ամենուն հետ ամէն բան ըլլալ’։
Եթէ անհատներու հետ խօսելէ առաջ առիթը ունենաք զիրենք դիտելու, նոյնիսկ հարեւանցի կերպով, կրնաք զիրենք հետաքրքրող եւ իրենց պարագաները մատնանշող բաներ նշմարել։ Կրնա՞ք ըսել թէ ինչ գործով կը զբաղին։ Իրենց հաւատալիքները նշող բաներ կը տեսնէ՞ք։ Իրենց ընտանեկան կացութիւնը նշող բան մը կա՞յ։ Ձեր նկատած բաներուն հիման վրայ, կրնա՞ք ձեր ներկայացումը բարեփոխել, որպէսզի անիկա աւելի հաճելի ըլլայ իրենց համար։
Ձեր ներկայացումը աւելի հաճելի դարձնելը կը պահանջէ որ նախապէս մտածէք թէ ձեր թաղամասի մարդոց ի՛նչպէս պիտի մօտենաք։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, նկատի պէտք է ունենաք նաեւ հոն փոխադրուած օտարականները։ Եթէ ձեր թաղամասին մէջ այսպիսի անհատներ կը բնակին, անոնց վկայելու ազդու կերպեր գտա՞ծ էք։ Քանի որ Աստուծոյ կամքն է «որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան», մտադրեցէք Թագաւորութեան պատգամը հաճելի կերպով ներկայացնել ձեր հանդիպած բոլոր անհատներուն։—Ա. Տիմ. 2։4
Ուշադիր Կերպով Մտիկ Ըրէք։ Թէեւ Եհովան ամենագէտ է, բայց ան մտիկ կ’ընէ ուրիշներուն։ Միքիա մարգարէն տեսիլք մը տեսաւ, որուն մէջ Եհովան կը քաջալերէր հրեշտակները որ իրենց տեսակէտը յայտնէին որոշ հարցի մը շուրջ։ Ապա Աստուած թոյլ տուաւ որ հրեշտակներէն մէկը իր ըրած թելադրութիւնը կատարէր։ (Գ. Թագ. 22։19-22) Երբ Աբրահամ Սոդոմի վրայ գործադրուելիք դատաստանին մասին մտահոգութիւն յայտնեց, Եհովա ազնուաբար ձգեց որ ան արտայայտուէր։ (Ծննդ. 18։23-33) Մեր ծառայութեան ընթացքին, մտիկ ընելու մէջ ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։
Դիմացինները քաջալերեցէք որ արտայայտուին։ Յարմար հարցում մը հարցուցէք եւ բաւարար ժամանակ տուէք անոնց որ պատասխանեն։ Իրապէս մտիկ ըրէք։ Անոնց հանդէպ ձեր ցոյց տուած ազնիւ հետաքրքրութիւնը զիրենք պիտի քաջալերէ որ ազատօրէն խօսին։ Եթէ իրենց պատասխանին մէջ զիրենք հետաքրքրող բան մը նշմարէք, փափկանկատօրէն յաւելեալ հարցումներ հարցուցէք։ Խօսակցութիւնը առանց հարցաքննութեան մը վերածելու, փորձեցէք զիրենք աւելի լաւ ճանչնալ։ Զիրենք գովեցէք իրենց գաղափարներուն համար՝ եթէ ասիկա անկեղծօրէն ընելու պատճառ մը ունիք։ Նոյնիսկ երբ համակարծիք չըլլաք, իրենց արտայայտութիւնները ազնուութեամբ նկատի առէք։—Կող. 4։6
Բայց մարդոց հանդէպ մեր հետաքրքրութեան մէջ պէտք է մեր սահմանը գիտնանք։ Ուրիշներուն բարօրութիւնը փնտռելը մեզի արտօնութիւն չի տար որ դիմացինին անձնական կեանքին խառնուինք։ (Ա. Պետ. 4։15) Ուշադիր պէտք է ըլլանք որ հակառակ սեռի պատկանող անհատ մը սխալ չհասկնայ իրեն հանդէպ մեր ցոյց տուած հետաքրքրութիւնը։ Քանի որ ուրիշներու հանդէպ պատշաճ հետաքրքրութիւն ցոյց տալու կերպը երկրէ երկիր, նոյնիսկ՝ անհատէ անհատ կը տարբերի, լաւ դատողութեան կարիքը ունինք։—Ղուկ. 6։31
Նախապատրաստութիւնը լաւ մտիկ ընելու կը նպաստէ։ Երբ մեր պատգամը յստակ է մեր մտքին մէջ, անիկա մեզի կ’օգնէ որ հանդարտ ըլլանք եւ ուրիշներուն բնական կերպով ուշադրութիւն ընծայենք։ Ասիկա զիրենք կը հանգստացնէ եւ մեզի հետ զրուցելու աւելի հակամէտ կը դարձնէ։
Ուրիշները կը պատուենք՝ անոնց մտիկ ընելով։ (Հռովմ. 12։10) Անիկա կ’ապացուցանէ որ իրենց խորհուրդներն ու զգացումները կ’արժեւորենք։ Նոյնիսկ պատճառ կ’ըլլայ որ մեր ըսածին աւելի ուշադրութիւն ընեն։ Ուստի, տեղին ըլլալով Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ մեզ որ ‘արագ ըլլանք լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու մէջ’։—Յակ. 1։19
Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Յառաջդիմեն։ Ուրիշներու բարօրութիւնը փնտռելը պատճառ պիտի ըլլայ որ հետաքրքրութիւն ցոյց տուողներուն մասին մտածենք ու իրենց դարձեալ այցելենք, իրենց կարիքին համաձայն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները բաժնելու համար։ Երբ յաջորդ այցելութեան մասին կը մտածէք, մտաբերեցէք թէ իրենց մասին ի՛նչ սորվեցաք նախորդ այցելութիւններու ընթացքին։ Զիրենք հետաքրքրող նիւթի մը մասին տեղեկութիւն պատրաստեցէք։ Նիւթին գործնական արժէքը ցոյց տուէք, իրենց օգնելով որ տեսնեն թէ ի՛նչպէս կրնան օգտուիլ իրենց սորված բաներէն։—Եսայ. 48։17
Եթէ ձեր ունկնդիրը զինք մտատանջող կացութիւն մը կամ խնդիր մը յայտնէ, ասիկա բարի լուրը իրեն հետ բաժնելու առիթ սեպեցէք։ Յիսուսի օրինակին հետեւեցէք, որ միշտ պատրաստ էր նեղութեան մէջ եղողները մխիթարելու։ (Մար. 6։31-34) Արագ լուծում մը մատուցանելու կամ մակերեսային խրատ մը տալու փորձութեան դէմ դրէք։ Ասիկա պատճառ կրնայ ըլլալ որ անհատը զգայ թէ անկեղծ չէք։ Ընդհակառակը, կարեկցութիւն ցոյց տուէք։ (Ա. Պետ. 3։8) Ապա սուրբ գրային գրականութիւններէն պրպտում ըրէք եւ շինիչ տեղեկութիւնը իրեն հետ բաժնեցէք, անհատին օգնելով որ իր կացութեան լուծում մը գտնէ։ Անշուշտ, ձեր ունկնդրին հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւնը ձեզ ետ պիտի պահէ ձեզի հետ իր բաժնած գաղտնիքները յայտնելէ, ի բացառեալ՝ եթէ ասիկա ընելու բանաւոր պատճառ մը կայ։—Առ. 25։9
Անհատապէս հետաքրքրութիւն պէտք է ցոյց տանք մանաւանդ անոնց հանդէպ, որոնց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք։ Իւրաքանչիւր աշակերտի կարիքը աղօթքով նկատի առէք եւ այս կարիքները ի մտի ունենալով ուսումնասիրութիւնը պատրաստեցէք։ Դուք ձեզի հարցուցէք՝ ‘Հոգեւորապէս յառաջդիմելու համար աշակերտը յաջորդիւ ի՞նչ քայլ պէտք է առնէ’։ Անոր սիրալիր կերպով օգնեցէք որ գնահատէ թէ Աստուածաշունչը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին գրականութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն այս մասին։ (Մատթ. 24։45) Կարգ մը պարագաներուն, միմիայն որոշ բացատրութիւն մը տալը բաւարար չ’ըլլար։ Թերեւս պէտք ըլլայ աշակերտին ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչի որոշ սկզբունք մը ի՛նչպէս կրնայ գործադրել, միասնաբար բան մը ընելով որ անոր կիրարկումը ապացուցուի։—Յովհ. 13։1-15
Հաւասարակշռութեան ու լաւ դատողութեան պէտք ունիք, մինչ ուրիշներուն կ’օգնէք որ իրենց կեանքը Եհովայի չափանիշներուն համաձայն վարեն։ Մարդիկ տարբեր ենթահողեր եւ կարողութիւններ ունին եւ տարբեր արագութեամբ կը յառաջդիմեն։ Դիմացիններէն ձեր ակնկալութեան մէջ տրամաբանական եղէք։ (Փիլ. 4։5) Անոնց վրայ ճնշում մի՛ բանեցնէք որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն։ Ձգեցէք որ Աստուծոյ Խօսքը եւ իր հոգին զիրենք դրդեն։ Եհովա կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն ծառայեն յօժարակամ սրտով մը ու ոչ թէ ստիպմամբ։ (Սաղմ. 110։3) Խուսափեցէք իրենց դիմագրաւած անձնական որոշումներուն մասին ձեր անձնական կարծիքը տալէ. նոյնիսկ երբ ձեզմէ խնդրեն, ուշադիր եղէք որ իրենց տեղ դուք որոշում չկայացնէք։—Գաղ. 6։5
Գործնական Օգնութիւն Տուէք։ Թէեւ Յիսուս գլխաւորաբար իր ունկնդիրներուն հոգեւոր բարօրութեամբ հետաքրքրուած էր, բայց անոնց ուրիշ կարիքներուն հանդէպ ալ անտարբեր չէր։ (Մատթ. 15։32) Նոյնիսկ երբ մեր եկամուտը սահմանափակ է, տակաւին գործնական շատ մը կերպերով կրնանք օգտակար ըլլալ։
Ուրիշներու հանդէպ հետաքրքրութիւնը պիտի մղէ որ փափկանկատ ըլլանք։ Օրինակ, եթէ կլիմայական պայմանները կ’անհանգստացնեն ձեր ունկնդիրը, աւելի յարմար վայր մը գացէք, կամ կարգադրեցէք որ խօսակցութիւնը ուրիշ ժամանակ մը շարունակուի։ Եթէ անյարմար ժամանակ մը այցելած էք, առաջարկեցէք ուրիշ ատեն վերադառնալ։ Եթէ դրացի մը կամ հետաքրքրուած անհատ մը հիւանդ է կամ հիւանդանոցն է, իրեն հանդէպ ձեր հետաքրքրութիւնը ցոյց տուէք իրեն քարտ մը կամ կարճ նամակ մը ղրկելով, կամ այցելութիւն մը տալով։ Եթէ յարմար տեսնէք, պարզ ճաշ մը կամ ուրիշ ազնիւ արարք մը ըրէք։
Մինչ Աստուածաշունչի աշակերտները կը յառաջդիմեն, զգացական պարապութիւն մը կրնան զգալ, քանի որ իրենց նախկին ընկերներուն հետ նոյնքան ժամանակ չեն անցըներ։ Անոնց հետ ընկերակցեցէք։ Անոնց հետ խօսելու ժամանակ տրամադրեցէք, իրենց ուսումնասիրութենէն ետք կամ այլ ժամանակ։ Քաջալերեցէք որ լաւ ընկերակցութիւններ մշակեն։ (Առ. 13։20) Անոնց օգնեցէք որ քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուին։ Ժողովներուն իրենց քով նստեցէք եւ անոնց զաւակներուն ուշադրութիւն ըրէք, որպէսզի բոլորն ալ յայտագրէն աւելի լաւ օգտուին։
Սրտանց Հետաքրքրութիւն Ցոյց Տուէք։ Մարդոցմով հետաքրքրուիլը ձեռք ձգուելիք արուեստ մը չէ. անիկա սրտի յատկութիւն մըն է։ Ուրիշներու հանդէպ մեր հետաքրքրութեան չափը շատ մը կերպերով բացայայտ կ’ըլլայ։ Անիկա ցոյց կը տրուի մեր մտիկ ըրած կերպով եւ մեր ըսած բաներով։ Անիկա կը յայտնաբերուի ուրիշներու հանդէպ մեր ցուցաբերած ազնուութեամբ եւ փափկանկատութեամբ։ Նոյնիսկ երբ բան մը չենք ըսեր կամ ըներ, անիկա մեր կեցուածքով ու դէմքի արտայայտութեամբ յայտնի կ’ըլլայ։ Եթէ անկեղծօրէն հետաքրքրուինք ուրիշներով, անոնք անկասկած կ’անդրադառնան ասոր։
Ուրիշներու հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց տալու կարեւորագոյն պատճառը այն է որ, այսպէս ընելով, մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի սէրն ու ողորմութիւնը կ’ընդօրինակենք։ Ասիկա կ’օգնէ որ մեր ունկնդիրները Եհովայով, ու տարածելու համար մեզի տուած իր պատգամով հրապուրուին։ Ուստի, երբ բարի լուրը կը բաժնէք, ուշադիր եղէք որ ‘միայն ձեր անձերուն շահը չփնտռէք՝ հապա ձեր ընկերինն ալ’։—Փիլ. 2։4