Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աս էջ 199-էջ 201 պարբ. 4
  • Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան
  • Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարգարէութիւնները կը փաստե՞ն որ Յիսուս Մեսիան էր
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Մեսիայի մասին նախագուշակել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Անոնք Մեսիային սպասեցին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ գիտութեան բանալին
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
Տես աւելին
Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
աս էջ 199-էջ 201 պարբ. 4

Յաւելուած

Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան

ՈՐՊԷՍԶԻ կարենանք բնորոշել Մեսիան, Եհովա Աստուած ներշնչեց Աստուածաշունչի մարգարէներէն շատերը, որ մանրամասնութիւններ հայթայթեն խոստացեալ Ազատարարին ծնունդին, ծառայութեան ու մահուան մասին։ Աստուածաշունչի այս բոլոր մարգարէութիւնները կատարուեցան Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ Անոնք զարմանալիօրէն ճշգրիտ ու մանրամասնուած են։ Ասիկա լուսաբանելու համար, նկատի առնենք քանի մը մարգարէութիւններ, որոնք նախագուշակեցին Մեսիայի ծնունդին ու մանկութեան առնչուած դէպքեր։

Եսայի մարգարէն նախագուշակեց, թէ Մեսիան պիտի գար Դաւիթ թագաւորի սերունդէն (Եսայի 9։7)։ Արդարեւ, Յիսուս ծնաւ Դաւիթի սերունդէն (Մատթէոս 1։1, 6-17)։

Աստուծոյ մէկ այլ մարգարէն՝ Միքիա, նախագուշակեց թէ այս մանուկը վերջապէս իշխան մը պիտի ըլլար եւ թէ ան «Բեթլեհէմ Եփրաթա»յի մէջ պիտի ծնէր (Միքիա 5։2)։ Յիսուսի ծննդեան ժամանակ, Իսրայէլի մէջ կային Բեթլեհէմ անունը կրող երկու գիւղաքաղաքներ։ Մէկը կը գտնուէր Նազարէթի մօտ՝ երկրին հիւսիսային շրջանին մէջ, իսկ միւսը՝ Երուսաղէմի մօտ, Հրէաստանի մէջ։ Երուսաղէմի մօտ գտնուող Բեթլեհէմը նախապէս կը կոչուէր Եփրաթա։ Յիսուս ա՛յդ գիւղաքաղաքին մէջ ծնաւ, ճիշդ ինչպէս որ մարգարէութիւնը նախագուշակած էր (Մատթէոս 2։1)։

Աստուածաշունչի այլ մարգարէութիւն մը նախագուշակեց, թէ Աստուծոյ Որդին «Եգիպտոսէն» պիտի կանչուէր։ Երբ Յիսուս մանուկ էր Եգիպտոս տարուեցաւ, եւ Հերովդէսի մահէն ետք ետ բերուեցաւ, այսպէս՝ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ (Ովսէէ 11։1. Մատթէոս 2։15)։

«Մեսիային վերաբերեալ մարգարէութիւններ» ցուցակին մէջ, «Մարգարէութիւն» վերնագրին ներքեւ գտնուող համարներու ցանկը կը բովանդակէ մանրամասնութիւններ Մեսիային մասին։ Հաճիս ասոնք համեմատէ «Կատարում» վերնագրին ներքեւ գտնուող համարներու ցանկին հետ։ Ասիկա ընելը հաւատքդ աւելի պիտի զօրացնէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարիտ ըլլալուն հանդէպ։

Մինչ այս համարները կը քննես, ի մտի ունեցիր թէ մարգարէական բնոյթ ունեցող այս համարները գրուած են Յիսուսի ծնունդէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ։ Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են» (Ղուկաս 24։44)։ Կրնաս Աստուածաշունչիդ մէջ ստուգել, թէ անոնք ի՛րապէս ամենայն մանրամասնութեամբ կատարուեցան։

ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ

ԿԱՏԱՐՈՒՄ

Յուդայի ցեղէն կը ծնի

Ծննդոց 49։10

Ղուկաս 3։23-33

Կոյսէ մը կը ծնի

Եսայի 7։14

Մատթէոս 1։18-25

Դաւիթ թագաւորի սերունդէն կու գայ

Եսայի 9։7

Մատթէոս 1։1, 6-17

Եհովա կը յայտարարէ թէ իր Որդին է

Սաղմոս 2։7

Մատթէոս 3։17

Անոր հաւատք չ’ընծայուիր

Եսայի 53։1

Յովհաննէս 12։37, 38

Երուսաղէմ կը մտնէ աւանակի մը վրայ նստած

Զաքարիա 9։9

Մատթէոս 21։1-9

Կը մատնուի մտերիմ բարեկամի մը կողմէ

Սաղմոս 41։9

Յովհաննէս 13։18, 21-30

Կը մատնուի 30 կտոր արծաթի փոխարէն

Զաքարիա 11։12

Մատթէոս 26։14-16

Զինք ամբաստանողներուն առջեւ լուռ կը մնայ

Եսայի 53։7

Մատթէոս 27։11-14

Անոր հագուստներուն վրայ վիճակ կը ձգուի

Սաղմոս 22։18

Մատթէոս 27։35

Փայտին վրայ կ’անարգուի

Սաղմոս 22։7, 8

Մատթէոս 27։39-43

Անոր ոսկորներէն ո՛չ մէկը կը կոտրուի

Սաղմոս 34։20

Յովհաննէս 19։33, 36

Հարուստներուն հետ կը թաղուի

Եսայի 53։9

Մատթէոս 27։57-60

Յարութիւն կ’առնէ՝ մարմինը ապականուելէ առաջ

Սաղմոս 16։10

Գործք 2։24, 27

Աստուծոյ աջ կողմը կը բարձրացուի

Սաղմոս 110։1

Գործք 7։55

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել