Յաւելուած
Ի՞նչ են Շէօլը եւ Հատէսը
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ բնագիր լեզուներուն մէջ, եբրայերէն շէօլ եւ անոր համարժէք յունարէն հատէս բառերը 70 անգամէ աւելի կը գործածուին։ Երկու բառերն ալ առնչուած են մահուան։ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ զանոնք կը թարգմանեն՝ «գերեզման», «դժոխք» կամ «գուբ»։ Սակայն շատ մը լեզուներու մէջ, այս եբրայերէն ու յունարէն բառերուն ճշգրիտ իմաստը հաղորդող բառեր չկան։ Այս պատճառով է որ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ստորանիշներուն մէջ «Շէօլ» եւ «Հատէս» բառերը կը գործածէ։ Անոնք իրապէս ի՞նչ կը նշանակեն։ Նկատի առնենք թէ Աստուածաշունչի տարբեր հատուածներու մէջ անոնք ինչպէ՛ս կը գործածուին։
Ժողովող 9։10–ը կը նշէ. «Գերեզմանիդ [Շէօլ] մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Շէօլը կ’ակնարկէ յատուկ կամ անհատական գերեզմանի մը, ուր սիրելի մը թաղուած է։ Ո՛չ։ Երբ Աստուածաշունչը ակնարկութիւն կ’ընէ յատուկ գերեզմանի մը, անիկա կը գործածէ եբրայերէն ու յունարէն տարբեր բառեր, եւ ոչ թէ շէօլ եւ հատէս բառերը (Ծննդոց 23։7-9. Մատթէոս 28։1)։ Նաեւ, Աստուածաշունչը «Շէօլ» բառը չի գործածեր ակնարկելու գերեզմանի մը, ուր քանի մը անհատներ միատեղ թաղուած են, ինչպէս՝ ընտանեկան դամբարան մը կամ զանգուածային գերեզման մը (Ծննդոց 49։30, 31)։
Ուստի «Շէօլ»ը ինչպիսի՞ վայրի մը կ’ակնարկէ։ Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ, թէ «Շէօլ»ը կամ «Հատէս»ը կ’ակնարկէ շատ աւելի մեծ բանի, քան՝ հաւաքական մեծ գերեզմանի մը։ Օրինակ՝ Եսայի 5։14–ը կ’ըսէ թէ Շէօլը «ինքզինք կը լայնցնէ ու բերանը չափէ դուրս կը բանայ»։ Այլաբանօրէն խօսելով, թէեւ Շէօլը արդէն իսկ անհամար մեռելներ կուլ տուած է, բայց տակաւին չի կշտանար (Առակաց 30։15, 16)։ Բառացի գերեզմանի մը հակառակը, ուր միայն սահմանափակ թիւով մեռելներ կրնան թաղուիլ, ‘դժոխքը [Շէօլ] չի կշտանար’ (Առակաց 27։20)։ Այսինքն՝ Շէօլը բնաւ չի լեցուիր։ Անիկա սահմաններ չունի։ Ուրեմն, Շէօլը կամ Հատէսը յատուկ վայրի մը մէջ գտնուող բառացի տեղ մը չէ, հապա մարդկութեան հասարակաց գերեզմանն է, այն այլաբանական վայրը՝ ուր մարդկութեան մեծամասնութիւնը մահուամբ կը ննջէ։
Աստուածաշունչի յարութեան ուսուցումը մեզի կ’օգնէ խորապէս հասկնալու «Շէօլ»ի ու «Հատէս»ի իմաստը։ Աստուծոյ Խօսքը Շէօլը ու Հատէսը կ’առնչէ այն տեսակի մահուան, որմէ յարութիւն պիտի ըլլայ (Յոբ 14։13. Գործք 2։31. Յայտնութիւն 20։13)a։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Շէօլին կամ Հատէսին մէջ կան ոչ միայն Եհովայի ծառայած անհատներ, այլ նաեւ իրեն չծառայած անհատներ (Ծննդոց 37։35. Սաղմոս 55։15)։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ «յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։
a Իսկ այն մեռելները, որոնք պիտի չյարուցանուին, նկարագրուած են թէ Շէօլի կամ Հատէսի մէջ չեն, այլ՝ «գեհենին մէջ» (Մարկոս 9։42. Մատթէոս 10։28. 23։33)։ Շէօլին ու Հատէսին նման, գեհենը կամ գեհեանը բառացի վայր մը չէ։