Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ասմ էջ 215-էջ 218 պարբ. 1
  • Արեան կոտորակներ եւ վիրաբուժական գործընթացներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արեան կոտորակներ եւ վիրաբուժական գործընթացներ
  • «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Արեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան. Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ապրող Աստուծոյ ուղղութիւնը ընդունիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Տես աւելին
«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
ասմ էջ 215-էջ 218 պարբ. 1

Յաւելուած

Արեան կոտորակներ եւ վիրաբուժական գործընթացներ

Արեան կոտորակներ։ Կոտորակները առնուած են արեան չորս գլխաւոր բաղկացուցիչներէն. կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ եւ ջրարիւն։ Օրինակի համար, կարմիր գնդիկները հեմոգլոբին կը պարունակեն։ Մարդկային կամ անասնական հեմոգլոբինէն առնուած արտադրութիւնները կը գործածուին սաստիկ սակաւարիւնութիւն ունեցող կամ մեծ քանակութեամբ արիւն կորսնցուցած հիւանդներ դարմանելու համար։

Ջրարիւնը, որուն 90 տոկոսը ջուր է, կը պարունակէ բազմաթիւ հորմոններ, անօրգանական (inorganic) աղեր, ներխմորներ (enzyme) եւ սննդանիւթեր, ներառեալ՝ հանքայիններ եւ շաքար։ Ջրարիւնը նաեւ կը պարունակէ մակարդման գործօններ, հիւանդութիւններու դէմ պայքարող հակամարմիններ (antibodies) եւ ալպումին։ Եթէ անհատ մը որոշ հիւանդութիւն մը ունենայ, բժիշկներ անոր կը դեղագրեն կամմա կլոպուլինի սրսկումներ, որոնք առնուած են այդ հիւանդութեան դէմ ախտազերծութիւն ունեցող անհատներու ջրարիւնէն։ Արեան ճերմակ գնդիկներէն կարելի է ստանալ ինթըրֆերոններ եւ ինթըրլուքիններ, որոնք կը գործածուին կարգ մը ժահրային վարակումներ ու քաղցկեղներ բուժելու համար։

Քրիստոնեաները պէ՞տք է ընդունին արեան կոտորակներ օգտագործող դարմաններ։ Աստուածաշունչը այս հարցին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չի տար, ուստի իւրաքանչիւր անհատ ի՛ր խղճին վրայ հիմնուելով Աստուծոյ առջեւ պէտք է որոշում կայացնէ։ Ոմանք թերեւս մերժեն բոլոր կոտորակները, տրամաբանելով թէ իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը կը պահանջէր որ ոեւէ արարածէ ելած արիւնը ‘գետինը թափուէր’ (Բ. Օրինաց 12։22-24)։ Ուրիշներ թերեւս ընդունին դարմաններ, որոնց մէջ արեան կոտորակ մը կայ, բայց մերժեն ամբողջական արեան կամ անոր գլխաւոր բաղկացուցիչներուն ներարկումը։ Անոնք թերեւս տրամաբանեն, թէ արիւնէն հանուած կոտորակները այլեւս չեն ներկայացներ այն արարածին կեանքը, որմէ արիւնը առնուեցաւ։

Երբ արեան կոտորակներու նկատմամբ որոշումներ կը կայացնես, դուն քեզի հարցուր. ‘Կը գիտակցի՞մ որ արեան բոլո՛ր կոտորակները մերժելս կը նշանակէ չընդունիլ կարգ մը դեղեր, որոնք հիւանդութիւններու դէմ կը պայքարին, կամ՝ կրնան արիւնը լերդացնել արիւնահոսութիւնը կեցնելու համար։ Կրնա՞մ բժիշկին բացատրել, թէ ինչո՛ւ կը մերժեմ կամ կ’ընդունիմ մէկ կամ աւելի արեան կոտորակներու գործածութիւնը’։

Վիրաբուժական գործընթացներ։ Ասոնք կը պարփակեն արեան նօսրացում եւ բջիջի փրկութիւն։ Արեան նօսրացման պարագային, արիւնէն մաս մը մարմինէն դուրս տոպրակի մը մէջ կը հաւաքուի եւ ծաւալը ընդլայնող անարիւն նիւթով մը կը փոխարինուի, իսկ վիրաբուժութենէն ետք հիւանդին արիւնը դարձեալ իրեն կը վերադարձուի։ Իսկ բջիջի փրկութեան պարագային, վիրաբուժութեան ընթացքին հոսած արիւնը կը հաւաքուի եւ կը վերադարձուի. այսինքն՝ վէրքէն հոսած կամ մարմնին մէկ բացուածքին մէջ հաւաքուած արիւնը կ’առնուի, կը լուացուի կամ կը զտուի, ապա կը վերադարձուի հիւանդին։ Քանի որ այս գործընթացները կիրարկելու մեթոտները բժիշկէ բժիշկ կը տարբերին, քրիստոնեան իր բժիշկին պէտք է հարցնէ, թէ ո՛ր մեթոտը կը մտադրէ գործածել։

Երբ այսպիսի գործընթացներու նկատմամբ որոշումներ կը կայացնես, դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ արիւնէս մաս մը մարմինէս դուրս պիտի ղրկուի եւ անոր հոսքը պիտի ընդհատուի, թերեւս որոշ ժամանակ մը, արդեօք խիղճս պիտի ներէ՞ որ այս արիւնը տակաւին մարմնիս մէկ մասը նկատեմ, թէ ոչ անիկա պէտք է «գետինը թափուի» (Բ. Օրինաց 12։23, 24)։ Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքս զիս պիտի տանջէ՞, եթէ բժշկական գործընթացի մը ընթացքին արիւնէս մաս մը դուրս հանուի, անոր մէջ նիւթ մը աւելցուի, ապա մարմնիս վերադարձուի։ Կը գիտակցի՞մ թէ արեանս գործածութիւնը պարփակող բժշկական բոլոր գործընթացները մերժելս կը նշանակէ, թէ պիտի չընդունիմ արեան քննութիւն, արուեստական երիկամունք կամ սրտի ու թոքի արուեստական շրջանառութեան սարք’։

Ցուցակ՝ էջ 216

Քրիստոնեան ի՛նք պէտք է որոշէ, թէ վիրաբուժութեան ընթացքին իր արիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործածուի։ Նոյնը կարելի է ըսել բժշկական քննութիւններու եւ ընթացիկ դարմաններու մասին, որոնք կը պահանջեն անհատէն փոքր քանակութեամբ արիւն առնել, ձեւով մը անոր մէջ նիւթ մը աւելցնել, ապա զայն վերստին ներարկել։

ԲԺԻՇԿԻՆ ՈՒՂՂՈՒԵԼԻՔ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Եթէ պիտի ենթարկուիս վիրաբուժութեան կամ դարմանումի մը, որ կրնայ պարփակել արիւն պարունակող արտադրութիւն, ստուգէ որ օրինական փաստաթուղթերը ամբողջացուցած ես, ինչպէս՝ «Առողջապահական մնայուն փոխանորդագիր»ը, որ ծրագրուած է քեզ պաշտպանելու արեան ներարկումներէ։ Ասկէ զատ, կրնաս բժիշկիդ ուղղել հետեւեալ հարցումները։

  • Արդեօք բժշկական ամբողջ անձնակազմը գիտէ՞ թէ իբրեւ Եհովայի վկայ մը՝ ամէ՛ն պարագայի ներքեւ կը մերժեմ արեան ներարկում (ամբողջական արիւն, կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ կամ ջրարիւն)։

  • Եթէ արեան կոտորակներ բովանդակող դեղ մը յանձնարարուի, անոր բաղկացուցիչները ի՞նչ են։ Այս դեղէն որքա՞ն պիտի տրուի ինծի եւ ի՞նչ կերպով։

  • Եթէ խղճմտանքս թոյլատրէ որ արեան կոտորակ մը ընդունիմ, առողջապահական ի՞նչ վտանգներ կան։ Դարմանումի ի՞նչ փոխընտրութիւններ մատչելի են։

Վերոնշեալ ընտրանքներէն որեւէ մէկը որոշելէ առաջ, աղօթքով Եհովայի յայտնէ մտահոգութիւններդ։ Ան կը խոստանայ հարկ եղած իմաստութիւնը տալ բոլոր անոնց, որոնք ‘հաւատքով կը խնդրեն’ (Յակոբոս 1։5, 6)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել