Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ապ մաս 16 էջ 19
  • Մեսիան կու գայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեսիան կու գայ
  • Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անոնք Մեսիային սպասեցին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Մեսիան. Աստուծոյ՝ փրկութեան միջոցը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
ապ մաս 16 էջ 19
Յովհաննէս Յիսուսը կը մկրտէ

ՄԱՍ 16

Մեսիան կու գայ

Եհովան կը յայտնէ, թէ Նազովրեցի Յիսուս երկար ժամանակէ խոստացուած Մեսիան է։

ԵՀՈՎԱՆ մարդոց օգնե՞ց որ խոստացեալ Մեսիան բնորոշեն։ Այո՛. ահա թէ ան ի՛նչ ըրաւ։ Եբրայերէն Գրութիւնները ամբողջանալէն շուրջ չորս դար ետք, Գալիլիոյ հիւսիսային շրջանի Նազարէթ քաղաքին մէջ, Մարիամ անունով երիտասարդուհի մը շատ արտասովոր այցելութիւն մը ստացաւ։ Գաբրիէլ անունով հրեշտակ մը իրեն երեւցաւ եւ ըսաւ թէ Աստուած իր գործօն ուժը՝ իր սուրբ հոգին՝ պիտի գործածէր, որ Մարիամ, կոյս ըլլալով հանդերձ, յղանար եւ որդի մը ծնանէր։ Այս որդին պիտի ըլլար երկար ժամանակէ խոստացուած Թագաւորը, որ յաւիտեա՛ն պիտի թագաւորէր։ Այս մանուկը պիտի ըլլար Աստուծոյ Որդին, որուն կեանքը Աստուած պիտի փոխադրէր երկինքէն Մարիամի արգանդը։

Մարիամ խոնարհաբար ընդունեց այդ սքանչելի նշանակումը։ Աստուած հրեշտակի մը միջոցով անոր նշանածին՝ ատաղձագործ Յովսէփին, իմացուց Մարիամի յղութեան իսկական պատճառը, որմէ ետք, Յովսէփ Մարիամին հետ ամուսնացաւ։ Սակայն ինչպէ՞ս պիտի կատարուէր այն մարգարէութիւնը, թէ Մեսիան Բեթլեհէմ պիտի ծնէր (Միքիա 5։2)։ Այդ պզտիկ քաղաքը իրենց ապրած քաղաքէն շուրջ 150 քիլոմեթր հեռու էր։

Հռոմայեցի կառավարիչ մը հրամայեց, որ մարդահամար ըլլար։ Մարդոցմէ պահանջուեցաւ որ արձանագրուելու համար իրենց ծննդավայրերը երթան։ Ըստ երեւոյթին, թէ՛ Յովսէփ եւ թէ Մարիամ Բեթլեհէմէն էին, ուստի Յովսէփ իր յղի կինը Բեթլեհէմ տարաւ (Ղուկաս 2։3)։ Հոն, Մարիամ ախոռի մը մէջ ծնունդ տուաւ եւ նորածինը մսուրի մը մէջ պառկեցուց։ Ապա, Աստուած բլրակողմը գտնուող խումբ մը հովիւներու ղրկեց հրեշտակներու բազմութիւն մը, որ տեղեկացնեն թէ նորածինը խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսն է։

Յետագային, ուրիշներ ալ պիտի վկայէին թէ Յիսո՛ւսն էր խոստացեալ Մեսիան։ Եսայի մարգարէն նախագուշակած էր, թէ անհատ մը ճամբան պիտի պատրաստէր Մեսիայի կենսական գործին համար (Եսայի 40։3)։ Այդ նախակարապետը Յովհաննէս Մկրտիչն էր։ Երբ ան Յիսուսը տեսաւ, բացագանչեց. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։ Յովհաննէսի աշակերտներէն ոմանք անմիջապէս հետեւեցան Յիսուսին։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Գտանք Մեսիան» (Յովհաննէս 1։29, 36, 41)։

Յաւելեալ վկայութիւն ալ եղաւ։ Երբ Յովհաննէս մկրտեց Յիսուսը, Եհովան անձնապէս երկինքէն խօսեցաւ։ Սուրբ հոգիին միջոցով ան օծեց Յիսուսը որպէս Մեսիան եւ ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատթէոս 3։16, 17)։ Ի վերջոյ, երկար ժամանակէ ի վեր խոստացուած Մեսիան եկա՛ծ էր։

Ասիկա ե՞րբ տեղի ունեցաւ։ Ք.Ե. 29–ին, ճիշդ այն թուականին, երբ Դանիէլի նախագուշակած 483 տարիները իրենց աւարտին հասան։ Ասիկա մաս կը կազմէ այն անհերքելի ապացոյցին, թէ Յիսուս Մեսիան կամ Քրիստոսն է։ Սակայն Յիսուս իր երկրային կեանքի ընթացքին ի՞նչ պատգամ պիտի հաղորդէր։

Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 1–էն 3. Մարկոս, գլուխ 1. Ղուկաս, գլուխ 2. Յովհաննէս, գլուխ 1։

  • Եհովան ինչպէ՞ս հրեշտակներ գործածեց Յիսուսը բնորոշելու որպէս Մեսիան։

  • Աստուած ինչպէ՞ս Յովհաննէս Մկրտիչը գործածեց ցոյց տալու համար թէ Յիսուս Մեսիան էր։

  • Եհովան անձամբ ինչպէ՞ս յայտնեց թէ Մեսիան իր Որդին էր։

Ի՞ՆՉ ԱՌՈՒՄՈՎ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻ

Եհովան Յիսուսի Հայրն է, բայց ոչ մարդկային հայրերու պէս։ Յիսուս ամուսնական յարաբերութեան արդիւնքը չէր, հապա Աստուած ուղղակիօրէն ստեղծած էր զինք։ Իրականութեան մէջ, ան Եհովայի ստեղծած առաջին հրեշտակն էր (Կողոսացիս 1։15-17)։ Քանի որ Եհովան Յիսուսի կեանք տուաւ, Ան կրնայ կոչուիլ Յիսուսի Հայրը։ Այս հոգեղէն Որդին ստեղծելէն ետք, Եհովան զինք գործածեց որպէս «ճարտարապետ», որպէսզի միւս բոլոր բաները ստեղծէր, ներառեալ՝ ֆիզիքական տիեզերքը (Առակաց 8։30)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել