Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մըա մաս 5 էջ 12-13
  • Մեծ Ջրհեղեղը. որո՞նք մտիկ ըրին, որո՞նք մտիկ չըրին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեծ Ջրհեղեղը. որո՞նք մտիկ ըրին, որո՞նք մտիկ չըրին
  • Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մաս 5
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ
  • Նոյ տապան մը կը շինէ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
մըա մաս 5 էջ 12-13

Մաս 5

Մեծ Ջրհեղեղը. որո՞նք մտիկ ըրին, որո՞նք մտիկ չըրին

Նոյի օրերուն, մեծամասնութիւնը չար բաներ ըրաւ (Ծննդոց 6։5)։

Չար հրեշտակներ տղամարդոց մարմիններ առած՝ կ’ընկերակցին կիներու

Ադամն ու Եւան զաւակներ ունեցան, եւ երկրի վրայ մարդիկը շատցան։ Ժամանակի ընթացքին, կարգ մը հրեշտակներ Սատանային նման ըմբոստացան։

Անոնք երկիր եկան եւ տղամարդոց մարմիններ առին, որպէսզի կարենան կիներու հետ ամուսնանալ։ Կիները գերմարդկային որդիներ ծնան, որոնք վայրագ ու զօրաւոր էին։

Կին մը մանուկ մը շալկած է, մինչ տղայ մը իրեն կը զարնէ. չար հրեշտակներուն տղաները՝ հսկաները, վայրագութեամբ կը վարուին

Աշխարհը լեցուեցաւ մարդոցմով, որոնք գէշ բաներ կ’ընէին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը [շատնար] եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։

Նոյ Աստուծոյ մտիկ ըրաւ եւ տապան մը շինեց (Ծննդոց 6։13, 14, 18, 19, 22)։

Նոյ Աստուծոյ մտիկ կ’ընէ

Նոյ բարի մարդ մըն էր։ Եհովա Նոյին ըսաւ որ մեծ ջրհեղեղով մը չար մարդիկը պիտի կործանէր։

Նոյ եւ իր ընտանիքը տապանը կը շինեն

Աստուած Նոյին նաեւ ըսաւ որ հսկայ նաւ մը շինէր, որ տապան կոչուեցաւ, եւ ատոր մէջ առնէր իր ընտանիքը եւ ամէն տեսակ անասուն։

Նոյ մարդիկը կ’ազդարարէ գալիք Ջրհեղեղին նկատմամբ, բայց անոնք իրեն վրայ կը խնդան

Նոյ մարդոց ազդարարեց գալիք Ջրհեղեղին նկատմամբ, բայց անոնք մտիկ չըրին։ Ոմանք Նոյի վրայ խնդացին. ուրիշներ զինք ատեցին։

Նոյ եւ իր ընտանիքը կը հաւաքեն անասունները, որպէսզի տապանին մէջ մտնեն

Երբ տապանը ամբողջացաւ, Նոյ անասունները ներս առաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել