Մաս 12
Ինչպէ՞ս կրնաս ընտանեկան երջանիկ կեանք մը ունենալ
Ընտանիքդ երջանկացնելու համար սէրը անհրաժեշտ է (Եփեսացիս 5։33)։
Աստուծոյ չափանիշն է, որ ամուսնութիւնը մէկ տղամարդու եւ մէկ կնոջ միջեւ ըլլայ։
Սիրալիր ամուսին մը իր կնոջ հետ քնքշութեամբ եւ հասկացողութեամբ կը վարուի։
Կին մը պէտք է իր ամուսինին հետ համագործակցի։
Երեխաները պէտք է հնազանդին իրենց ծնողներուն։
Քաղցր ու հաւատարիմ եղիր, ոչ թէ՝ անգութ եւ անհաւատարիմ (Կողոսացիս 3։5, 8-10)։
Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ, թէ ամուսինը պէտք է սիրէ իր կինը իր մարմնին պէս, եւ թէ կինը իր ամուսինը խորապէս պէտք է յարգէ։
Ամուսնութեան կարգադրութենէն դուրս սեռային յարաբերութիւնը սխալ է։ Բազմակնութիւնն ալ սխալ է։
Եհովայի Խօսքը ընտանիքներուն կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնան երջանիկ ըլլալ։