Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուլ գլ. 14 հրց. 1-4
  • Աստուած ինչո՞ւ կազմակերպութիւն մը ունի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած ինչո՞ւ կազմակերպութիւն մը ունի
  • Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած ինչո՞ւ կազմակերպութիւն ունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Եհովայի վկաները ի՛նչպէս կազմակերպուած են
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Եհովան կազմակերպիչ Աստուած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Աստուածաշունչին համաձայն կազմակերպուած ենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
ուլ գլ. 14 հրց. 1-4

ԳԼՈՒԽ 14

Աստուած ինչո՞ւ կազմակերպութիւն մը ունի

1. Աստուած ինչո՞ւ վաղեմի իսրայէլը կազմակերպեց։

1. Աստուծոյ ժողովուրդը վաղեմի Իսրայէլի մէջ։ 2. Առաջին դարու քրիստոնեաները կազմակերպուած քարոզչութեան մէջ

Աստուած Աբրահամ նահապետի զարմը որպէս ազգ կազմակերպեց եւ անոնց շարք մը օրէնքներ տուաւ։ Ան ազգը «իսրայէլ» կոչեց եւ անոր յանձնեց՝ ճշմարիտ պաշտամունքն ու իր խօսքը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը (Սաղմոս 147։19, 20)։ Ուստի, բոլոր ազգերէն մարդիկ իսրայէլին միջոցաւ կրնային օրհնուիլ։ —‏ Կարդա՛ Ծննդոց 22։18։

Աստուած ընտրեց իսրայէլացիները, որպէսզի իր վկաները ըլլան։ Անոնց վաղեմի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կ’օգտուին Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդելով (Բ. Օրինաց 4։6)։ Այսպէս, իսրայէլացիները դիտելով եւ անոնցմէ սորվելով, ուրիշներ կրնային ճշմարիտ Աստուածը ճանչնալ։ —‏ Կարդա՛ Եսայի 43։10, 12։

2. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ կազմակերպուած են։

Ժամանակի ընթացքին, իսրայէլ Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցուց, եւ Եհովա զայն փոխարինեց քրիստոնէական ժողովքով (Մատթէոս 21։43. 23։37, 38)։ Այժմ, իսրայէլացիներուն տեղ, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը ծառայեն որպէս Եհովայի վկաներ։ —‏ Կարդա՛ Գործք 15։14, 17։

Յիսուս իր հետեւորդները կազմակերպեց, որպէսզի բոլոր ազգերուն մէջ քարոզեն եւ աշակերտեն (Մատթէոս 10։7, 11. 24։14. 28։19, 20)։ Այս գործը այժմ՝ աշխարհի վախճանին՝ իր բարձրակէտին կը հասնի։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Եհովա բոլոր ազգերէն միլիոնաւորներ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացուցած է (Յայտնութիւն 7։9, 10)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները կազմակերպուած են զիրար քաջալերելու եւ օգնելու համար։ Համայն աշխարհի մէջ, անոնք իրենց ժողովներուն մէջ Աստուածաշունչի ցուցմունքներու նոյն յայտագիրը կը վայելեն։ —‏ Կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25։

3. Եհովայի վկաներու արդի կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս սկսաւ։

Եհովայի վկաներու քարոզչութիւնը 1900–ական թուականներուն սկիզբը եւ այսօր։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար բազմաթիւ լեզուներով տպուած գրականութիւններ։

1870–ական թուականներուն, Աստուածաշունչի աշակերտներու պզտիկ խումբ մը սկսաւ երեւան հանել երկար ժամանակ կորսուած աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ։ Անոնք գիտակցեցան թէ Յիսուս քրիստոնէական ժողովքը քարոզելու համար կազմակերպած էր. ուստի, Թագաւորութեան քարոզչութեան միջազգային արշաւի մը ձեռնարկեցին։ 1931–ին, անոնք Եհովայի վկաներ անունը որդեգրեցին։ —‏ Կարդա՛ Գործք 1։8. 2։1, 4. 5։42։

4. Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս կազմակերպուած են։

Առաջին դարուն, տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող քրիստոնէական ժողովքները օգտուեցան կեդրոնական կառավարիչ մարմինէ մը, որ կ’ընդունէր Յիսուսը որպէս ժողովքին Գլուխը (Գործք 16։4, 5)։ Նմանապէս այսօր, աշխարհի տարածքին Եհովայի վկաները կ’օգտուին փորձառու երէցներէ բաղկացած Կառավարիչ մարմինէ մը։ Անիկա կը վերահսկէ Եհովայի վկաներու մասնաճիւղերուն վրայ, որոնք աւելի քան 600 լեզուներով աստուածաշնչական նիւթեր կը թարգմանեն, կը տպեն ու կը բաշխեն։ Այսպէս, Կառավարիչ մարմինը կրնայ աստուածաշնչական քաջալերութիւն եւ ուղղութիւն տալ աշխարհի չորս կողմը գտնուող աւելի քան 100,000 ժողովքներու։ Իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ, որակեալ տղամարդիկ որպէս երէցներ կամ տեսուչներ կը ծառայեն։ Այս տղամարդիկը սիրալիրօրէն Աստուծոյ հօտին հոգ կը տանին։ —‏ Կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։2, 3։

Եհովայի վկաները կազմակերպուած են բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու։ Առաքեալներուն նման, անոնք տունէ տուն կը քարոզեն (Գործք 20։20)։ Անոնք նաեւ կ’առաջարկեն Աստուածաշունչը ուսումնասիրել ճշմարտութիւնը անկեղծօրէն սիրողներուն հետ։ Սակայն, Եհովայի վկաները պարզապէս կազմակերպութիւն մը չեն, այլ՝ սիրառատ Հայր ունեցող ընտանիք մըն են։ Անոնք իրարմով հետաքրքրուող եղբայրներ եւ քոյրեր են (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։3)։ Քանի որ Եհովայի ծառաները կազմակերպուած են զինք հաճեցնելու եւ ուրիշներուն օգնելու, անոնք երկրագունդի վրայ ամէնէն ուրախ ընտանիքը կը կազմեն։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 33։12. Գործք 20։35։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գրքին 19–րդ դասը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել