Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուլ գլ. 15 հրց. 1-4
  • Ինչո՞ւ պէտք է շարունակես աւելին գիտնալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ պէտք է շարունակես աւելին գիտնալ
  • Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աւելի լաւ ապրելակերպ մը չկայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • «Աստուծոյ մօտենալը» լաւ է մեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
ուլ գլ. 15 հրց. 1-4

ԳԼՈՒԽ 15

Ինչո՞ւ պէտք է շարունակես աւելին գիտնալ

1. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնդ շարունակելը ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգտէ։

Երկու կիներ գործի դադարին Աստուածաշունչը կը սերտեն

Անկասկած, Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն այս ամփոփումը Եհովայի հանդէպ սէրդ զօրացուց։ Այս սէրը շարունակ մշակումի պէտք ունի (Ա. Պետրոս 2։2)։ Յաւիտենական կեանքի յոյսդ կախեալ է Աստուծոյ մօտենալէ՝ շարունակելով իր Խօսքը ուսումնասիրել։ —‏ Կարդա՛ Յովհաննէս 17։3. Յուդա 21։

Մինչ Աստուծոյ մասին աւելի գիտութիւն կը ստանաս, հաւատքդ աւելի պիտի զօրանայ։ Հաւատքը քեզի պիտի օգնէ որ Աստուած հաճեցնես (Եբրայեցիս 11։​1, 6)։ Ատիկա քեզ պիտի մղէ որ զղջաս եւ կենցաղակերպիդ մէջ օգտակար փոփոխութիւններ մտցնես։ —‏ Կարդա՛ Գործք 3։19։

2. Աստուծոյ մասին գիտելիքներդ ինչպէ՞ս կրնան ուրիշներուն օգտել։

Կին մը Աստուծոյ կ’աղօթէ

Կրնաս Եհովայի հետ մասնայատուկ փոխյարաբերութիւն մը վայելել

Բնականաբար, պիտի ուզես սորվածներդ ուրիշներուն հետ բաժնել,– բոլորս կը հրճուինք ուրախ լուրեր պատմելով։ Մինչ կը շարունակես Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, պիտի սորվիս ինչպէ՛ս զայն գործածել Եհովային հանդէպ հաւատքդ եւ բարի լուրը բացատրելու համար։ —‏ Կարդա՛ Հռովմայեցիս 10։​13-15։

Շատեր ուրախ լուրերը նախ կը բաժնեն իրենց բարեկամներուն կամ ազգականներուն հետ։ Փափկանկա՛տ եղիր։ Փոխանակ ըսելու թէ իրենց կրօնքը սխալ է, Աստուծոյ խոստումներուն մասին խօսէ անոնց։ Նաեւ, յիշէ թէ մարդիկ յաճախ աւելի կը տպաւորուին քու ազնիւ վարուելակերպովդ քան՝ ըսելիքներովդ։ —‏ Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։​24, 25։

3. Աստուծոյ հետ ի՞նչ փոխյարաբերութիւն կրնաս վայելել։

Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը քեզի պիտի օգնէ հոգեւորապէս աճելու։ Ի վերջոյ, կրնաս Եհովայի հետ շատ մասնայատուկ փոխյարաբերութիւն մը վայելել։ Իրականութեան մէջ, կրնա՛ս իր ընտանիքին մէկ անդամը դառնալ։ —‏ Կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։18։

4. Ինչպէ՞ս կրնաս շարունակել յառաջդիմել։

Կրնաս հոգեւորապէս յառաջդիմել՝ շարունակելով Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել (Եբրայեցիս 5։​13, 14)։ Եհովայի վկայէ մը խնդրէ որ քեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ, գործածելով՝ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքը։ Աստուծոյ Խօսքը որքա՛ն աւելի սերտես, ա՛յնքան աւելի կեանքդ յաջող պիտի ըլլայ։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 1։​1-3. 73։​27, 28։

Եհովայի վկաներ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կ’առաջարկեն

Ուրախ լուրերը երջանիկ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ կողմէ կու գան։ Կրնաս իրեն աւելի մօտենալ՝ իր ժողովուրդին աւելի մօտենալով (Եբրայեցիս 10։​24, 25)։ Շարունակելով ջանք թափել Եհովան հաճեցնելու համար, կը ձգտիս իսկական կեանքին՝ յաւիտենական կեանքին։ Աստուծոյ մօտենալը իրապէս լաւագոյն բանն է որ կրնաս ընել։ —‏ Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։11. 6։19։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գրքին 18–րդ դասը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել