Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ընդ գլ. 16 էջ 135-144
  • Ան իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ան իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւ
  • Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եսթեր իմաստութեամբ ընտրեց «խօսելու ժամանակ»ը
  • Համբերութիւնը ճամբան հարթեց արդարութեան
  • Ան քաջաբար խօսեցաւ
  • Եսթեր անձնուրացօրէն գործեց՝ ի նպաստ Եհովայի եւ Իր ժողովուրդին
  • Ան պաշտպանեց Աստուծոյ ժողովուրդը
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Եսթերայ գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Մուրթքէ եւ Եսթեր
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
ընդ գլ. 16 էջ 135-144
Եսթեր թագուհի

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆՎԵՑ

Ան իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւ

1-3. ա) Եսթեր ի՞նչ զգացումով մօտեցաւ իր ամուսինին գահին։ բ) Թագաւորը Եսթերի այցելութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։

ԵՍԹԵՐԻ սիրտը ուժգնօրէն կը բաբախէ, մինչ դանդաղ քայլերով կը մօտենայ գահին։ Այդ պարսից պալատին հսկայական գաւիթին մէջ այնպիսի լռութիւն կը տիրէ, որ ան կրնայ լսել իր նուրբ քալուածքին ձայնը եւ շքեղ հանդերձներուն խշխշոցը։ Ան պէտք չէ թոյլ տայ որ զինք մտացիր ընեն՝ պալատին շքեղութիւնը, հոյակերտ սիւները եւ ճոխ փորագրութիւններով լի առաստաղը, որ շինուած էր հեռաւոր Լիբանանի մայրի ծառերէն։ Ան իր ամբողջ ուշադրութիւնը սեւեռած է այն մարդուն վրայ, որ բազմած էր գահը, եւ որմէ կախեալ էր իր կեանքը։

2 Մինչ Եսթեր գահին կը մօտենար, թագաւորը ուշադրութեամբ անոր նայելով, իր ոսկիէ գաւազանը երկարեց անոր ուղղութեամբ։ Ճիշդ է որ ասիկա պարզ շարժուձեւ մըն էր, բայց Եսթերի կեանքը ազատեց. այս կերպով թագաւորը ցոյց տուաւ թէ ներած էր Եսթերին՝ իր այս յանցանքը,– թագաւորին երեւնալ առանց արքայական հրաւէրի։ Մօտենալով գահին, Եսթեր ձեռքը երկարեց եւ երախտապարտօրէն գաւազանին ծայրին դպաւ (Եսթ. 5։1, 2)։

Եսթեր թագուհին կը մօտենայ Ասուերոս թագաւորին գահին, մինչ ան իր ոսկիէ գաւազանը կ’երկարէ

Եսթեր խոնարհաբար ցոյց տուաւ թէ երախտապարտ էր թագաւորին ողորմութեան համար

3 Այն ատենուան պարսից արքաներու հանդերձներուն գինը, ըստ շատերու կարծիքին, համարժէք էր հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու եւ Ասուերոս թագաւորին դրսերեւոյթը կը յայտնէր իր հսկայական հարստութիւնն ու զօրութիւնը։ Հակառակ ասոր, Եսթեր որոշ ջերմութիւն տեսաւ իր ամուսինին աչքերուն մէջ. Ասուերոս կը սիրէր զինք։ Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, քեզի ի՞նչ եղաւ եւ ուզածդ ի՞նչ է, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը քեզի պիտի տրուի» (Եսթ. 5։3)։

4. Եսթեր ի՞նչ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուէր։

4 Եսթեր արդէն իսկ արտակարգ հաւատք եւ քաջութիւն ցոյց տուած էր։ Ան թագաւորին քով եկած էր իր ժողովուրդը ազատելու, իրենց կեանքին սպառնացող դաւադրութենէն։ Մինչեւ հոս, ամէն բան լաւ կ’ընթանար, բայց Եսթեր աւելի մեծ մարտահրաւէրի մը դիմաց կը գտնուէր։ Ինք պիտի համոզէր այդ հպարտ արքան, թէ անոր ամենաշատ վստահած խրատատուն չար էր եւ խաբած էր թագաւորը, որպէսզի Եսթերին ժողովուրդը մահուան դատապարտէր։ Եսթեր ինչպէ՞ս պիտի համոզէր զինք եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ իր հաւատքէն։

Եսթեր իմաստութեամբ ընտրեց «խօսելու ժամանակ»ը

5, 6. ա) Եսթեր ինչպէ՞ս կիրարկեց Ժողովող 3։1, 7–ի սկզբունքը։ բ) Եսթեր ինչպէ՞ս իմաստութիւն ցոյց տուաւ, մինչ իր ամուսինին կը խօսէր։

5 Արդեօք Եսթեր ամբողջ խնդիրը թագաւորին պիտի յայտնէ՞ր, գաւիթին մէջ գտնուող մարդոց ներկայութեամբ։ Եթէ այդպէս ընէր, թագաւորը նուաստացուցած պիտի ըլլար, իսկ անոր խրատատու Համանին ալ ժամանակ տուած՝ որ թագուհիին խօսքերը սուտ հանէր։ Ուստի Եսթեր ի՞նչ ըրաւ։ Դարեր առաջ, Սողոմոն իմաստուն ներշնչման ներքեւ գրեց. «Ամէն բանի ատենը կայ. . . լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» (Ժող. 3։1, 7)։ Կրնանք պատկերացնել թէ երիտասարդուհին որդեգրած հայրը, հաւատարիմ Մուրթքէն, այսպիսի սկզբունքներ սորվեցուցած էր Եսթերին՝ մինչ կը մեծնար իր հոգատարութեան ներքեւ։ Եսթեր վստահաբար հասկցաւ «խօսելու ժամանակ»ը ուշադրութեամբ ընտրելուն կարեւորութիւնը։

6 Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը հաճի, այսօր թագաւորը Համանին հետ իրեն ըրած կոչունքիս թող գայ» (Եսթ. 5։4)։ Ասուերոս համաձայնեցաւ եւ Համանին կանչել տուաւ։ Կը տեսնե՞ս թէ Եսթեր որքան իմաստութեամբ խօսեցաւ։ Ան իր ամուսինին արժանապատուութիւնը պահպանեց եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց՝ իր մտահոգութիւնները թագաւորին յայտնելու համար (կարդա՛ Առակաց 10։19)։

7, 8. ա) Ինչպիսի՞ն էր Եսթերի առաջին կոչունքը։ բ) Եսթեր ինչո՞ւ յետաձգեց իր ըսելիքը թագաւորին։

7 Անկասկած, Եսթեր այդ կոչունքը բծախնդրութեամբ կազմակերպեց, ամէն բան իր ամուսինին նախասիրութեան համաձայն պատրաստելով։ Կոչունքին կար ընտիր գինի, ուրախ մթնոլորտ ստեղծելու համար (Սաղ. 104։15)։ Ասուերոսի տրամադրութիւնը բարձր էր եւ ան մղուեցաւ դարձեալ Եսթերին հարցնելու, թէ ի՛նչ էր իր խնդրանքը։ Արդեօք հիմա՞ էր խօսելու ժամանակը։

8 Եսթերի կարծիքով ո՛չ։ Փոխարէն, ինք երկրորդ անգամ թագաւորն ու Համանը կոչունքի հրաւիրեց յաջորդ օրուան համար (Եսթ. 5։7, 8)։ Թագուհին ինչո՞ւ կը յետաձգէր։ Յիշէ որ իր բոլոր ազգակիցները թագաւորին հրամանով մահուան դատավճիռին առջեւ կը կանգնէին։ Եսթեր պէտք էր վստահ ըլլար, որ լաւագոյն ժամանակն էր խօսելու, քանի որ կեանքե՜ր վտանգի տակ էին։ Ուստի ինք սպասեց՝ տակաւին ուրիշ առիթ մըն ալ ստեղծելով, որ իր ամուսինին ցոյց տար իր խորին յարգանքը։

9. Համբերութիւնը որքա՞ն արժէքաւոր է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այս ուղղութեամբ Եսթերի օրինակին հետեւիլ։

9 Համբերութիւնը հազուագիւտ եւ թանկարժէք յատկութիւն մըն է։ Եսթեր թէեւ վշտացած էր եւ կը տենչար իր մտքինը յայտնել, սակայն համբերութեամբ սպասեց յարմար պահուն։ Մենք կրնանք շատ բան սորվիլ իրմէ, քանի որ բոլորս ալ հաւանաբար տեսած ենք սխալներ, որոնք պէտք է սրբագրուին։ Եթէ կ’ուզենք իշխանութիւն ունեցողի մը համոզել որ որոշ խնդրով մը զբաղի, թերեւս հարկ ըլլայ ընդօրինակել Եսթերը՝ համբերատար ըլլալով։ Առակաց 25։15–ը կ’ըսէ. «Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուի եւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ»։ Եթէ Եսթերին պէս յարմար պահուն սպասենք եւ հեզութեամբ խօսինք, նոյնիսկ ոսկորի պէս ամուր հակառակութիւնը կրնայ կոտրուիլ։ Արդեօք Եսթերի Աստուածը՝ Եհովան, օրհնե՞ց զինք՝ համբերատար եւ իմաստուն ըլլալուն համար։

Համբերութիւնը ճամբան հարթեց արդարութեան

10, 11. Առաջին կոչունքէն մեկնելէ ետք, Համանին տրամադրութիւնը ինչո՞ւ փոխուեցաւ, եւ ի՞նչ յորդոր ստացաւ իր կնոջմէն ու բարեկամներէն։

10 Եսթերի համբերութիւնը ճամբան հարթեց դէպքերու ապշեցուցիչ զարգացումի մը։ Համան առաջին կոչունքէն մեկնեցաւ բարձր տրամադրութեամբ, «զուարթ եւ ուրախ սրտով», որովհետեւ կարծեց թէ թագաւորն ու թագուհին զինք բոլորէն աւելի պատուած էին։ Բայց երբ պալատի պարիսպին քովէն կ’անցնէր, դէմ յանդիման եկաւ Մուրթքէին, որ տակաւին կը մերժէր իրեն ծնրադրել։ Ինչպէս որ նախորդ գլուխին մէջ տեսանք, Մուրթքէն այդպէս կը վարուէր ոչ թէ յարգանք չունենալուն համար, հապա քանի որ հարցը կապ ունէր իր խղճմտանքին հետ եւ Եհովա Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան։ Սակայն Համան «ցասումով լեցուեցաւ» անոր դէմ (Եսթ. 5։9, ԱԾ)։

11 Երբ Համան իր կնոջ ու բարեկամներուն պատմեց այս անարգանքին մասին, անոնք զինք յորդորեցին որ աւելի քան 22 մ բարձրութեամբ ցից մը շինէր, ապա թագաւորէն արտօնութիւն առնէր Մուրթքէն անոր վրայ կախելու համար։ Համան հաւնեցաւ անոնց գաղափարը եւ անմիջապէս գործի անցաւ (Եսթ. 5։12-14)։

12. Թագաւորը ինչո՞ւ կարդալ տուաւ պետութեան պաշտօնական արձանագրութիւնները, եւ առ ի արդիւնք ի՞նչ բան տեղեկացաւ։

12 Մինչ այդ, թագաւորը արտասովոր գիշեր մը անցուց։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ «թագաւորին քունը փախաւ». ուստի ան բարձրաձայն կարդալ տուաւ պետութեան պաշտօնական արձանագրութիւնները։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Ասուերոսի դէմ ծրագրուած մահափորձի արձանագրութիւնը։ Թագաւորը յիշեց այդ դէպքը. դաւադիրները բռնուած եւ մահապատիժի ենթարկուած էին։ Բայց ի՞նչ եղած էր այդ դաւադրութիւնը քօղազերծող մարդուն՝ Մուրթքէին։ Թագաւորը յանկարծ աչալուրջ ըլլալով, հարցուց թէ Մուրթքէն ինչպէ՛ս վարձատրուած էր։ Պատասխանը ի՞նչ էր։ Մարդուն համար բան մը չէր եղած (կարդա՛ Եսթեր 6։1-3)։

13, 14. ա) Հարցերը ինչպէ՞ս սկսան վատթարանալ Համանի համար։ բ) Համանի կինն ու բարեկամները ի՞նչ ըսին իրեն։

13 Թագաւորը բարկանալով հարցուց, թէ պալատականներէն ո՛վ կար գաւիթը, որ իրեն օգնէր այդ թերացումը սրբագրելու։ Բոլո՜ր պալատականներէն միայն Համա՛նը ներկայ էր գաւիթին մէջ։ Ըստ երեւոյթին, Համան բաւական կանուխ եկած էր հոն, քանի որ կը տենչար Մուրթքէն սպաննելու արտօնութիւն առնել։ Բայց առաջ որ կարենար իր խնդրանքը յայտնել, թագաւորը իրեն հարցուց թէ ի՛նչն է լաւագոյն կերպը պատուելու այն մարդը, որ շահած է թագաւորին հաճութիւնը։ Համան կարծեց թէ Ասուերոս զինք ի մտի ունէր, ուստի ըսաւ որ այդ մարդը պէտք է մեծ պատիւ ստանայ,– բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը նշանակել որ անոր հագցնէ թագաւորական զգեստ, թագաւորին ձիուն վրայ նստեցնէ եւ հանդիսաւոր կերպով պտըտցնէ Շուշանի շուրջը՝ զինք բարձրաձայն գովաբանելով։ Երեւակայէ Համանին դէմքը, երբ իմացաւ թէ այդ մարդը Մուրթքէն էր։ Իսկ թագաւորը զո՞վ նշանակեց Մուրթքէն գովաբանելու։ Համա՛նը (Եսթեր 6։4-10)։

14 Համան դժկամութեամբ կատարեց իրեն համար զզուելի եղող յանձնարարութիւնը, ապա դառնութեամբ շտապեց դէպի տուն։ Իր կինն ու բարեկամները ըսին, թէ այդ դէպքերուն վախճանը գէշ պիտի ըլլար. հրեայ Մուրթքէի դէմ իր մղած պայքարը՝ ա՛լ պիտի չյաջողէր (Եսթ. 6։12, 13)։

15. ա) Եսթերի համբերութիւնը ի՞նչ լաւ արդիւնք տուաւ։ բ) ‘Սպասելը’ ինչո՞ւ իմաստութիւն է։

15 Որովհետեւ Եսթեր համբերատարութեամբ մէկ օր եւս սպասեց խնդրանքը թագաւորին յայտնելու, այդ ժամանակը բաւարար էր որ Համան ինքն իր ձեռքով պարտութիւն կրէր։ Կրնայ ըլլալ որ Եհովա՛ն պատճառած էր որ թագաւորին քունը փախչէր (Առ. 21։1)։ Զարմանալի չէ որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ որ ‘սպասենք’ (կարդա՛ Միքիա 7։7)։ Երբ Աստուծոյ սպասենք որ ինք գործէ, կրնանք տեսնել թէ Ան մեզմէ շա՜տ աւելի լաւ ձեւով կարող է լուծել մեր խնդիրները։

Ան քաջաբար խօսեցաւ

16, 17. ա) Ե՞րբ էր Եսթերի «խօսելու ժամանակ»ը։ բ) Եսթեր ինչպէ՞ս կը տարբերէր Վաշթիէն՝ թագաւորին նախկին կինէն։

16 Եսթեր չհամարձակեցաւ չարաշահել թագաւորին համբերութիւնը. երկրորդ կոչունքի ատեն ամէն բան պէտք էր ըսէր։ Բայց ինչպէ՞ս։ Այդ կոչունքին, թագաւորը Եսթերին առիթ տուաւ անգամ մը եւս հարցնելով թէ ի՛նչ էր իր խնդրանքը (Եսթ. 7։2)։ Եսթերի «խօսելու ժամանակ»ը հասած էր։

17 Թագուհին հաւանաբար նախ անձայն աղօթեց իր Աստուծոյն, ապա թագաւորին ըսաւ. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր ու եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, խնդիրքովս իմ հոգիս ու աղաչանքովս իմ ազգս ինծի տրուի» (Եսթ. 7։3)։ Նշմարէ թէ Եսթեր վստահեցուց թագաւորը, որ ինք կը յարգէր անոր դատողութիւնը։ Եսթեր որքա՜ն կը տարբերէր Վաշթիէն, թագաւորին նախկին կնոջմէն, որ գիտակցաբար նուաստացուցած էր իր ամուսինը (Եսթ. 1։10-12)։ Ասկէ զատ, Եսթեր չքննադատեց թագաւորը անխոհեմութեան համար, որ ան Համանին վստահած էր։ Փոխարէն, ինք Ասուերոսին աղաչեց որ զինք մահուընէ պաշտպանէր։

18. Եսթեր ինչպէ՞ս ներկայացուց իր խնդիրը թագաւորին։

18 Անկասկած, թագաւորը այդ խնդրանքին նկատմամբ անտարբեր չմնաց, հապա զարմացաւ։ Ո՞վ պիտի համարձակէր վտանգի ենթարկել իր թագուհին։ Եսթեր շարունակեց. «Թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ ազգս կոտորուելու, մեռնելու ու բնաջինջ ըլլալու ծախուեցանք ու եթէ ծառայ ու աղախին ըլլալու ծախուէինք, բան մը չէի խօսեր. թէպէտեւ թշնամին թագաւորին քաշած վնասը չէր կրնար հատուցանել» (Եսթ. 7։4)։ Նկատի առ, որ Եսթեր անկեղծօրէն ներկայացուց իր խնդիրը։ Ան աւելցուց, որ լուռ պիտի մնար, եթէ սպառնալիքը միայն ստրկութիւն ըլլար։ Սակայն այդ ցեղասպանութիւնը անձամբ թագաւորին վրայ շատ սուղի պիտի նստէր, եթէ Եսթեր չխօսէր։

19. Եսթերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ համոզելու հմտութեան մասին։

19 Եսթերի օրինակը մեզի շատ բան կը սորվեցնէ համոզելու հմտութեան մասին։ Եթէ երբեւէ պէտք ունենաս լուրջ խնդիր մը բացայայտելու սիրելիի մը կամ նոյնիսկ հեղինակաւոր անձի մը, համբերատարութիւնը, յարգանքն ու անկեղծութիւնը կրնան օգտակար ըլլալ (Առ. 16։21, 23, ՆԱ)։

20, 21. ա) Եսթեր ինչպէ՞ս Համանը քօղազերծեց, ի՞նչ հակազդեցութիւն յառաջացնելով թագաւորին մէջ։ բ) Համան ի՞նչ ըրաւ, երբ իր վախկոտ դաւադիր ըլլալը քօղազերծուեցաւ։

20 Ասուերոս հարցուց. «Ո՞վ է անիկա եւ ո՞ւր է անիկա, որ այս բանը ընելու համարձակեցաւ»։ Երեւակայէ թէ Եսթեր ինչպէ՛ս Համանը մատնանշեց, երբ ըսաւ. «Հակառակորդն ու թշնամին այս չար Համանն է»։ Մեղադրանքը լարուած իրավիճակ մը ստեղծեց։ Համանին սիրտը փրթաւ։ Պատկերացուր թէ արքային դէմքը ինչպէ՛ս գունափոխուեցաւ, երբ իմացաւ որ իր վստահելի խրատատուն խաբեր էր զինք՝ ստորագրել տալով հրաման մը, որ իր սիրելի կինը պիտի սպաննէր։ Թագաւորը հապճեպով պարտէզ գնաց ինքզինք գտնելու համար (Եսթ. 7։5-7)։

Երկրորդ կոչունքին ընթացքին, Եսթեր ամէն բան Ասուերոս թագաւորին կը պատմէ եւ քաջաբար Համանը կը մատնանշէ

Եսթեր Համանի չարամտութիւնը քաջաբար քօղազերծեց

21 Համան, որուն վախկոտ դաւադիր ըլլալը քօղազերծուեցաւ, թագուհիին ոտքերուն ինկաւ։ Երբ թագաւորը կոչունքին սենեակը վերադարձաւ ու տեսաւ թէ Համան Եսթերի բազմոցին վրայ ինկած կ’աղաչէր անոր, զայն մեղադրեց իր տան մէջ թագուհին բռնաբարել փորձելուն համար։ Այդ ամբաստանութիւնը վստահաբար Համանին համար մահ նշանակեց։ Անոր երեսը ծածկեցին եւ դուրս հանեցին կոչունքի վայրէն։ Յետոյ, պալատականներէն մէկը թագաւորին ըսաւ, որ Համան բարձր ցից մը պատրաստած էր Մուրթքէի համար։ Ասուերոս անմիջապէս հրամայեց որ նոյնինքն Համանը կախուէր այդ ցիցին վրայ (Եսթ. 7։8-10)։

22. Եսթերի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ բնաւ չկորսնցնենք մեր յոյսն ու հաւատքը։

22 Այսօրուան անարդար աշխարհին մէջ, դիւրին է մտածել թէ բնաւ արդարութիւն պիտի չտեսնենք։ Երբեւէ այդպէս մտածե՞ր ես։ Եսթեր բնաւ իր յոյսն ու հաւատքը չկորսնցուց։ Երբ ժամանակը հասաւ, ան խիզախօրէն խօսեցաւ ինչ որ ճիշդ էր եւ անկէ անդին՝ Եհովային վստահեցաւ։ Թող որ մենք ալ նոյնը ընենք։ Եհովան Եսթերի օրերէն մինչեւ հիմա չէ փոխուած։ Ան տակաւին կարող է ամբարիշտ ու նենգամիտ մարդիկը իրենց փորած փոսին մէջ ձգել, ճիշդ ինչպէս որ Համանին ըրաւ (կարդա՛ Սաղմոս 7։11-16)։

Եսթեր անձնուրացօրէն գործեց՝ ի նպաստ Եհովայի եւ Իր ժողովուրդին

23. ա) Թագաւորը ինչպէ՞ս վարձատրեց Եսթերն ու Մուրթքէն։ բ) Բենիամինի առնչութեամբ, մահուան անկողնին մէջ Յակոբի նախագուշակած մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ (տե՛ս «Մարգարէութիւն մը կատարուեցաւ» շրջանակը)։

23 Վերջապէս թագաւորը գիտցաւ, թէ Մուրթքէն ոչ միայն այն մարդն էր, որ հաւատարմօրէն մահափորձէ մը պաշտպանած էր զինք, այլեւ՝ Եսթերը որդեգրողը։ Ասուերոս Համանի փոխարէն՝ Մուրթքէն նշանակեց որպէս երկրին վարչապետը։ Թագաւորը Համանին տունը, ներառեալ անոր ամբողջ հարստութիւնը, Եսթերին պարգեւեց. թագուհին ալ Մուրթքէն այդ տանը վրայ դրաւ (Եսթ. 8։1, 2)։

24, 25. ա) Եսթեր ինչո՞ւ չկրցաւ հանգստանալ, Համանի դաւադրութիւնը քօղազերծուելէ ետք։ բ) Եսթեր ինչպէ՞ս իր կեանքը անգամ մը եւս վտանգեց։

24 Հիմա որ Եսթեր եւ Մուրթքէ ապահով էին, թագուհին կրնա՞ր հանգստանալ. միայն եթէ անձնասէր ըլլար։ Այդ ատեն, բոլոր հրեաները սպաննելու Համանի հրամանը արդէն կը հասնէր կայսրութեան չորս կողմը։ Համան վիճակ կամ Փուր ձգած էր,– ակներեւաբար ոգեհարցութեան ձեւ մը,– որոշելու յարմար ժամանակը՝ իր սարսափելի յարձակումը ի գործ դնելու (Եսթ. 9։24-26)։ Ճիշդ է որ տակաւին ամիսներ կային որ այդ օրը հասնէր, սակայն անիկա արագօրէն կը մօտենար։ Կարելի՞ էր աղէտը կանխել։

25 Եսթեր անձնուրացօրէն անգամ մը եւս իր կեանքը վտանգեց՝ առանց պաշտօնական հրաւէրի երեւնալով թագաւորին։ Այս անգամ, ան իր ժողովուրդին համար լացաւ, աղաչելով իր ամուսինին որ չեղեալ սեպէր այդ սարսափելի հրամանագիրը։ Բայց պարսից թագաւորներուն հաստատած օրէնքները չէին կրնար բեկանուիլ (Դան. 6։12, 15)։ Ուստի թագաւորը Եսթերն ու Մուրթքէն լիազօրեց, որ նոր օրէնք մը սահմանեն։ Այսպէս ղրկուեցաւ երկրորդ յայտարարութիւն մը, որ հրեաներուն ինքնապաշտպանութեան իրաւունք կու տար։ Սուրհանդակները սուրացին կայսրութեան բոլոր կողմերը՝ այս բարի լուրը հասցնելով հրեաներուն։ Այժմ անոնք յոյս ունէին (Եսթ. 8։3-16)։ Կրնանք երեւակայել թէ այդ լայնատարած կայսրութեան մէջ, հրեաները ինչպէ՛ս սկսան զինուիլ եւ պատերազմի պատրաստուիլ,– բան մը որ բնաւ պիտի չկարենային ընել առանց այդ նոր հրամանագրին։ Բայց աւելի կարեւորը այն էր, թէ արդեօք ‘զօրքերուն Աստուածը’ իր ժողովուրդին հետ պիտի ըլլա՞ր (Ա. Թագ. 17։45)։

Եսթեր եւ Մուրթքէ երիտասարդի մը գրել կու տան երկրորդ յայտարարութիւնը

Եսթեր եւ Մուրթքէ Պարսկաստանի կայսրութեան բոլոր հրեաներուն յայտարարութիւններ ղրկեցին

26, 27. ա) Եհովան իր ժողովուրդին որքա՞ն մեծ եւ լիակատար յաղթանակ շնորհեց իրենց թշնամիներուն դէմ։ բ) Ի՞նչ մարգարէութիւն կատարուեցաւ Համանի որդիներուն կործանումով։

26 Երբ վերջապէս որոշուած օրը հասաւ, Աստուծոյ ժողովուրդը պատրաստ էր։ Այժմ, նոյնիսկ բազմաթիւ պարսիկ պաշտօնեաներ պաշտպանեցին հրեաները, երբ լսեցին թէ երկրին նոր վարչապետը հրեայ Մուրթքէն էր։ Եհովան մեծ յաղթանակ տուաւ իր ժողովուրդին։ Անկասկած, ան պաշտպանեց իր ժողովուրդը՝ թշնամիները մեծ պարտութեան մատնելով, որպէսզի ա՛լ չկարենան իրենց վնասելa (Եսթ. 9։1-6)։

27 Ասկէ զատ, Մուրթքէ բնաւ պիտի չկարենար ապահովութեամբ վերահսկել Համանի տան վրայ, եթէ այդ չար մարդուն տասը որդիները ողջ մնային։ Անոնք նոյնպէս սպաննուեցան (Եսթ. 9։7-10)։ Այդպիսով, Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը կատարուեցաւ, քանի որ Աստուած նախագուշակած էր թէ ամաղեկացիները, որոնք ինքզինքնին Աստուծոյ ժողովուրդին ոխերիմ թշնամիներն ըրած էին, ամբողջովին բնաջինջ պիտի ըլլային (Բ. Օր. 25։17-19)։ Ըստ երեւոյթին, Համանի որդիները այդ դատապարտուած ազգին մնացորդն էին։

28, 29. ա) Ինչո՞ւ Եհովայի կամքն էր, որ Եսթերն ու իր ժողովուրդը պատերազմի միջամուխ ըլլային։ բ) Եսթերի օրինակը ինչո՞ւ մեզի համար օրհնութիւն է։

28 Երիտասարդուհի Եսթեր ստիպուած էր շատ մը ծանր պատասխանատուութիւններ շալկելու մէջ բաժին բերել, ինչպէս՝ արքայական հրամանագրեր պատրաստել պատերազմի եւ մահապատիժի առնչութեամբ։ Ասիկա դիւրին բան չէր, բայց Եհովայի կամքն էր որ իր ժողովուրդը կործանումէն պաշտպանուէր, որովհետեւ իսրայէլ ազգէն էր որ յառաջ պիտի գար խոստացեալ Մեսիան՝ ամբողջ մարդկութեան յոյսի միակ աղբիւրը (Ծն. 22։18)։ Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները կ’ուրախանան, գիտնալով թէ երբ Մեսիան՝ Յիսուս, երկիր եկաւ, այնուհետեւ իր հետեւորդները արգիլեց ֆիզիքական պատերազմներու մասնակցելէ (Մատ. 26։52)։

29 Սակայն քրիստոնեաները ունին հոգեւոր պատերազմ մը,– Սատանան որեւէ ժամանակէ աւելի կը տենչայ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը քայքայել (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 10։3, 4)։ Ի՜նչ օրհնութիւն է որ Եսթերի օրինակը ունինք։ Թող որ իրեն պէս հաւատք ցոյց տանք, համոզելու հմտութեան մէջ իմաստութիւն եւ համբերութիւն ցոյց տալով, քաջութիւն դրսեւորելով եւ անձնուրացօրէն պատրաստ ըլլալով Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու։

Հարցումներ Եսթերի մասին

Մուրթքէ ինչո՞ւ թոյլ տուաւ, որ Եսթեր հեթանոսի մը հետ ամուսնանար։

Որոշ ուսումնականներ այն գաղափարը կու տան, թէ Մուրթքէն պատեհապաշտ մէկն էր, եւ թէ հեղինակութիւն ձեռք ձգելու պատճառով էր որ կ’ուզէր թագաւորին հետ Եսթերին ամուսնանալը. սակայն այս գաղափարը անհիմն է։ Որպէս հաւատարիմ հրեայ, ան այդպիսի ամուսնութեան մը հաւանութիւն պիտի չտար (Բ. Օր. 7։3)։ Հրէական հին աւանդութեան մը համաձայն, Մուրթքէն փորձեց ամուսնութեան արգելք հանդիսանալ։ Մուրթքէն կամ Եսթերը ուրիշ ընտրութիւն մը չունէին, քանի որ երկուքն ալ օտարականներ էին այն երկրին մէջ, որուն թագաւորը աստուածային հանգամանք ունէր։ Ժամանակի ընթացքին, յայտնի եղաւ որ Եհովան Եսթերին այս ամուսնութիւնը գործածեց որպէս միջոց՝ իր ժողովուրդը պաշտպանելու (Եսթ. 4։14)։

Եսթեր գիրքը ինչո՞ւ բնաւ չի նշեր Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։

Եսթեր գիրքը Մուրթքէն գրած է՝ ներշնչման ներքեւ։ Թերեւս գիրքը սկիզբը պահուած էր պարսկական պաշտօնական արձանագրութիւններու մէջ, նախքան Երուսաղէմ տարուիլը։ Եհովայի անուան գործածութիւնը թերեւս պարսից աստուածներու երկրպագուները մղէր գիրքը ոչնչացնելու։ Ամէն պարագայի, յստակ է որ Եհովայի մատը կար ասոր մէջ։ Հետաքրքրական է, որ Աստուծոյ անձնական անունը եբրայերէն բնագրին մէջ կ’երեւնայ ծայրանունի ձեւով՝ ուր մտքերը դիտումնաւոր շարքաւորումով դասաւորուած են, այնպէս որ իրար յաջորդող բառերու առաջին կամ վերջին տառերը կազմեն Աստուծոյ անունը (Եսթ. 1։20)։

Եսթեր գիրքը պատմականօրէն ճշգրի՞տ է։

Քննադատներ կը դաւանին թէ անիկա պատմականօրէն ճշգրիտ չէ։ Սակայն որոշ ուսումնականներ նշմարած են, թէ այս գիրքը գրողը բաւական տեղեկութիւն ունեցած է պարսից արքունիքին, ճարտարապետութեան եւ սովորութիւններուն մասին։ Ճիշդ է որ վերապրած աշխարհիկ արձանագրութիւններուն մէջ չէ նշուած Եսթեր թագուհիին մասին, սակայն ան միակ արքունական անձնաւորութիւնը չէ, որուն անունը ջնջուած է հանրային արձանագրութիւններէն։ Աւելին, անոնց մէջ կ’երեւնայ Մարտուքա անունը, որ Մուրթքէ անուան պարսկական ձեւն է, եւ կը նշուի թէ ան Շուշանի մէջ որպէս պալատական պաշտօնեայ մը ծառայած է այն ժամանակաշրջանին մէջ, որ համապատասխան է Եսթեր գրքի նկարագրած ժամանակաշրջանին։

Մարգարէութիւն մը կատարուեցաւ

Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելով՝ Եսթերն ու Մուրթքէն Աստուածաշունչի վաղեմի մարգարէութիւն մը կատարեցին։ Իրենցմէ աւելի քան 1200 տարի առաջ, Եհովան Յակոբ նահապետը ներշնչեց, որ իր որդիներէն մէկուն մասին մարգարէանար. «Բենիամինը պատառող գայլ պիտի ըլլայ. առտուն որսը պիտի ուտէ եւ գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ» (Ծն. 49։27)։ Իսրայէլի թագաւորներու պատմութեան «առտուն» կամ սկիզբը, Բենիամինի սերունդէն էին Սաւուղ թագաւորը եւ ուրիշ հզօր ռազմիկներ, որոնք Եհովայի ժողովուրդին համար կռուեցան։ Իսկ այդ թագաւորներու պատմութեան «գիշերը» կամ աւարտին, թէ՛ Եսթեր եւ թէ Մուրթքէ, որոնք Բենիամինի ցեղէն էին, Եհովայի թշնամիներուն դէմ կռուեցան եւ յաղթեցին։ Ատկէ զատ, անոնք կողոպուտը բաժնեցին այն առումով, որ Համանի հսկայական ունեցուածքին տիրացան։

a Թագաւորը հրեաներուն երկրորդ օր մը տուաւ, որ իրենց թշնամիներուն դէմ եղած յաղթանակը ամբողջացնեն (Եսթ. 9։12-14)։ Նոյնիսկ այսօր, հրեաները կը տօնեն այդ յաղթանակը ամէն տարի, Ադար ամսուն, որ կը համապատասխանէ փետրուարի վերջաւորութեան ու մարտի սկիզբին։ Տօնակատարութիւնը կը կոչուի Փուրիմ, որովհետեւ Համան վիճակ կամ Փուր ձգած էր իսրայէլը բնաջնջելու համար։

ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. . .

  • Եսթեր ինչպէ՞ս իմաստութիւն դրսեւորեց՝ «խօսելու ժամանակ»ը ընտրելու նկատմամբ։

  • Եսթերի համբերութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններու առաջնորդեց։

  • Եսթեր իր ժողովուրդը պաշտպանելու մէջ ինչպէ՞ս փաստեց իր քաջութիւնն ու անձնուրացութիւնը։

  • Ի՞նչ կերպերով որոշած ես ընդօրինակել Եսթերի հաւատքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել