ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԵՕԹԸ
«Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»
1, 2. ա) Մարիամ ի՞նչ ողջոյն ստացաւ անծանօթի մը կողմէ։ բ) Մարիամ ի՞նչ որոշում պէտք էր կայացնէր եւ այդ որոշումը իր կեանքը ինչպէ՞ս պիտի փոխէր։
ՄԱՐԻԱՄ կ’ապշի, երբ այցելուն իր տունը կը մտնէ։ Այցելուն իր հօր կամ մօր մասին չի հարցներ. ան եկած է զինք տեսնելու։ Մարիամ վստահ է որ ան Նազարէթէն չէ, քանի որ այդ պզտիկ քաղաքին մէջ անծանօթները անմիջապէս կը զատորոշուին։ Այս անձը ամէն բանով տարբեր է։ Մարիամին դիմելու իր կերպը բոլորովին ուրիշ է աղջկան համար։ Ան կ’ըսէ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է» (կարդա՛ Ղուկաս 1։26-28)։
2 Այսպէս, Աստուածաշունչը մեզի կը ծանօթացնէ Մարիամը, Հեղիին աղջիկը, որ Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքէն էր։ Աստուածաշունչը Մարիամի մասին կը սկսի խօսիլ, երբ ան շատ կարեւոր որոշում մը պիտի կայացնէր իր կեանքին մէջ։ Մարիամ նշանուած էր ատաղձագործ Յովսէփին հետ, որ թէպէտ հարուստ չէր, բայց հաւատքի տէր մարդ էր։ Ուստի հաւանաբար ան խորհեցաւ, թէ պարզ կեանք մը պիտի ունենար, որպէս կին Յովսէփին աջակցելով եւ միասնաբար զաւակներ մեծցնելով։ Սակայն անսպասելիօրէն, Մարիամի քով եկաւ այս այցելուն, որ Աստուծմէ նշանակում մը բերած էր, պատասխանատուութիւն մը՝ որ իր կեանքը պիտի փոխէր։
3, 4. Մարիամին ծանօթանալու համար, ի՞նչ բաներ պէտք է անտեսենք, եւ ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնանանք։
3 Շատեր կը զարմանան, երբ կը տեղեկանան թէ Աստուածաշունչը շատ բան չի նշեր Մարիամի մասին։ Անիկա չնչին տեղեկութիւն կու տայ անոր ենթահողին մասին, շատ քիչ՝ անոր անձնաւորութեան մասին եւ ոչինչ՝ անոր դրսերեւոյթին մասին։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչին տեղեկագրութիւնը ի՛րապէս կը բացայայտէ զինք։
4 Մարիամին ծանօթանալու համար, հարկ է որ անդին նայինք այն գաղափարներէն, որ զանազան կրօնքներ կը սորվեցնեն իր մասին։ Ուստի անտեսենք զինք ներկայացնող անթիւ նկարչութիւնները, մարմարէ կամ գաճէ արձանները։ Նաեւ անտեսենք այն խրթին աստուածաբանութիւններն ու վարդապետութիւնները, որոնք այս խոնարհ կնոջ համար վսեմաշուք տիտղոսներ կու տան, ինչպէս՝ «Աստուածամայր» եւ «Երկնքի թագուհի»։ Փոխարէնը տեսնենք, թէ Աստուածաշո՛ւնչը իրապէս ինչ կը յայտնէ Մարիամի մասին,– ինչպիսի՛ հաւատք ունէր եւ ինչպէ՛ս կրնանք զայն ընդօրինակել։
Հրեշտակ մը կ’այցելէ
5. ա) Գաբրիէլի ողջոյնին նկատմամբ, Մարիամի հակազդեցութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ բ) Մարիամէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը կրնանք սորվիլ։
5 Մարիամի այցելուն լոկ մարդ մը չէր, հապա՝ Գաբրիէլ հրեշտակը։ Երբ հրեշտակը Մարիամին «շնորհընկալ» կոչեց, աղջիկը այդ «խօսքին վրայ շփոթեցաւ» եւ ինքն իրեն մտածեց այդ արտասովոր ողջոյնին մասին (Ղուկ. 1։29)։ Որո՞ւն աչքին շնորհընկալ եղած էր։ Մարիամ չէր ակնկալեր որ մարդիկ զինք շնորհընկալ սեպէին։ Իրականութեան մէջ, հրեշտակը Եհովա Աստուծո՛յ հաճութեան կ’ակնարկէր եւ ասիկա աղջկան համար կարեւոր էր։ Սակայն Մարիամ չհպարտացաւ, ենթադրելով թէ արդէն ունէր Աստուծոյ հաճութիւնը։ Նոյնպէս մենք, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաճութեան արժանանալ՝ բնաւ մեծամտօրէն չենթադրելով թէ զայն արդէն ունինք, պիտի սորվինք կարեւոր դաս մը, զոր երիտասարդուհի Մարիամ շատ լաւ հասկցած էր. Աստուած կը հակառակի ամբարտաւաններուն, բայց կը սիրէ եւ կ’աջակցի հեզերուն ու խոնարհներուն (Յակ. 4։6)։
Մարիամ չհպարտացաւ, ենթադրելով թէ արդէն Աստուծոյ հաճութիւնը ունէր
6. Հրեշտակը Մարիամին ի՞նչ առանձնաշնորհում մը առաջարկեց։
6 Մարիամ կարիք պիտի ունենար այս խոնարհութեան, որովհետեւ հրեշտակը իրեն աներեւակայելի առանձնաշնորհում մը առաջարկեց։ Ան բացատրեց թէ Մարիամ պիտի կրէր այն մանուկը, որ կարեւորագոյն մարդը պիտի դառնար։ Գաբրիէլ ըսաւ. «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ» (Ղուկ. 1։32, 33)։ Մարիամ անկասկած գիտէր այն խոստումը, որ աւելի քան հազար տարի առաջ տրուած էր Դաւիթին՝ թէ իր շառաւիղէն մէկը յաւիտեան պիտի թագաւորէր (Բ. Թագ. 7։12, 13)։ Ուստի Մեսիան իր որդին պիտի ըլլար, ան՝ որուն դարերէ ի վեր Աստուծոյ ժողովուրդը կը սպասէր։
Գաբրիէլ հրեշտակը աներեւակայելի առանձնաշնորհում մը առաջարկեց Մարիամին
7. ա) Մարիամի հարցումը ի՞նչ բացայայտեց իր մասին։ բ) Այժմու երիտասարդութիւնը ի՞նչ կրնայ սորվիլ Մարիամէն։
7 Դեռ աւելին, հրեշտակը անոր ըսաւ որ իր որդին «Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի»։ Կին արարած մը ինչպէ՞ս կրնար Աստուծոյ Որդի ծնանիլ։ Իրաւ որ, Մարիամ ինչպէ՞ս կրնար զաւակ մը ունենալ, երբ տակաւին չէր ամուսնացած իր նշանածին՝ Յովսէփին հետ։ Մարիամ միեւնոյն հարցումը անկեղծօրէն ուղղեց, ըսելով. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր» (Ղուկ. 1։34)։ Նշմարէ թէ Մարիամ ամօթ չսեպեց իր կուսութեան մասին խօսիլը։ Ընդհակառակը, ան արժեւորեց իր անարատութիւնը։ Սակայն հիմակուան սերունդէն շատեր կը շտապեն իրենց կուսութենէն ձերբազատուիլ եւ նոյնիսկ արագ կ’ըլլան ծաղրելու զանոնք, որոնք այդպէս չեն վարուիր։ Աշխարհը իսկապէս փոխուած է, բայց Եհովան չէ փոխուած (Մաղ. 3։6)։ Ինչպէս Մարիամի օրերուն, ներկայիս ալ Աստուած կ’արժեւորէ զանոնք, որոնք իր բարոյական չափանիշներուն կը կառչին (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։4)։
8. Մարիամ ինչպէ՞ս կրնար անկատար ըլլալով հանդերձ, կատարեալ զաւակ մը ծնանիլ։
8 Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը ըլլալով հանդերձ, Մարիամ անկատար էր։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնար ծնունդ տալ կատարեալ զաւկի մը, Աստուծոյ Որդւոյն։ Գաբրիէլ բացատրեց. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի» (Ղուկ. 1։35)։ Սուրբ կը նշանակէ «մաքուր», «անարատ»։ Սովորաբար, երեխաները իրենց ծնողներէն անկատարութիւն կը ժառանգեն։ Սակայն այս պարագային, Եհովան առանձնայատուկ հրաշք մը պիտի գործէր։ Ան իր Որդւոյն կեանքը երկինքէն պիտի փոխադրէր Մարիամին արգանդը, ապա իր գործօն ուժը կամ սուրբ հոգին գործածելով, Մարիամին վրայ «հովանի» պիտի ըլլար, անկատարութեան բոլոր հետքերէն պաշտպանելով մանուկը։ Արդեօք Մարիամ հաւատա՞ց հրեշտակին տուած խոստումին եւ ան ինչպէ՞ս հակազդեց։
Մարիամին պատասխանը Գաբրիէլին
9. ա) Մարիամի արձանագրութեան մասին սկեպտիկներու կասկածը ինչո՞ւ սխալ է։ բ) Գաբրիէլ ի՞նչ կերպով զօրացուց Մարիամի հաւատքը։
9 Սկեպտիկներ, ներառեալ քրիստոնեայ աշխարհի աստուածաբաններ, կը կասկածին թէ կոյս մը կրնայ զաւակ բերել։ Հակառակ անոնց ստացած ամբողջ գիտութեան, անոնք չեն հասկնար պարզ ճշմարտութիւն մը, որ Գաբրիէլ ըսաւ, թէ «Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ» (Ղուկ. 1։37)։ Մարիամ Գաբրիէլի խօսքերը ճշմարտութիւն սեպեց, քանի որ մեծ հաւատքի տէր երիտասարդուհի մըն էր։ Սակայն ան դիւրահաւատ չէր։ Ան ապացոյցներու պէտք ունէր, ինչպէս ոեւէ տրամաբանող անհատ մը, որոնց վրայ պիտի կարենար հիմնել իր հաւատքը։ Գաբրիէլ յաւելեալ ապացոյց տուաւ, խօսելով Մարիամի տարեց ազգականին՝ Եղիսաբէթին մասին, որ երկար ատենէ ի վեր որպէս ամուլ ճանչցուած էր։ Աստուած հրաշքով անոր կարողութիւն տուած էր յղանալու։
10. Ինչո՞ւ կրնանք ենթադրել, թէ Մարիամի առանձնաշնորհումը վախ եւ դժուարութիւններ յառաջացուց։
10 Այժմ Մարիամ ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան ստացած էր իր նշանակումը եւ փաստ ունէր, որ Աստուած պիտի իրագործէր այն ամէնը, որ Գաբրիէլ ըսած էր իրեն։ Կրնանք ենթադրել, թէ այդ առանձնաշնորհումը Մարիամի մէջ վախ արթնցուց եւ դժուարութիւններ յառաջացուց։ Օրինակ, Մարիամ նկատի պիտի առնէր Յովսէփի հետ իր նշանուած ըլլալը։ Արդեօք Յովսէփ երբ գիտնար իր յղի ըլլալը, տակաւին իրեն հետ պիտի ամուսնանա՞ր։ Ասկէ զատ, նշանակումը ինքնին դժուար պատասխանատուութիւն կը թուէր. ան իր ներսիդին պիտի կրէր Աստուծոյ ստեղծած ամենաթանկարժէք արարածը՝ Աստուծոյ սիրելի Որդին։ Մարիամ նաեւ հոգ պիտի տանէր անոր, որպէս անօգնական մանուկ մը, եւ պիտի պաշտպանէր զինք ամբարիշտ աշխարհի մը մէջ։ Իսկապէս ծանրակշիռ պատասխանատուութիւն մը։
11, 12. ա) Նոյնիսկ զօրաւոր եւ հաւատքի տէր տղամարդիկ, երբեմն ի՞նչ հակազդեցութիւն ունեցած են Աստուծմէ ստացած իրենց նշանակումին նկատմամբ։ բ) Գաբրիէլին տուած իր պատասխանով, Մարիամ ի՞նչ բացայայտեց ինքն իր մասին։
11 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ նոյնիսկ զօրաւոր եւ հաւատքի տէր տղամարդիկ, երբեմն վարանած են Աստուծմէ դժուար նշանակումներ ընդունելու։ Օրինակ՝ Մովսէս առարկեց, թէ ինք չէր կրնար այնքան սահուն խօսիլ, որ Աստուծոյ խօսնակը դառնար (Ել. 4։10)։ Երեմիան ըսաւ, որ ինք «մանուկ» էր, չափազանց երիտասարդ՝ Աստուծոյ տուած նշանակումը կատարելու համար (Եր. 1։6)։ Յովնան իր նշանակումէն փախաւ (Յովն. 1։3)։ Իսկ Մարիա՞մ ինչ պիտի ընէր։
12 Մինչեւ օրս, շատեր գիտեն թէ Մարիամ որքա՜ն խոնարհ եւ հնազանդ պատասխան մը տուաւ Գաբրիէլին, ըսելով. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղուկ. 1։38)։ Աղախին մը տան ամենացած ծառան կ’ըլլար. անոր կեանքը ամբողջովին իր տիրոջ ձեռքը կ’ըլլար։ Մարիամ ճիշդ այդպիսի զգացում ունէր իր Տէրոջ՝ Եհովայի հանդէպ։ Ան ինքզինք ապահով կը զգար Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, եւ գիտէր թէ Աստուած հաւատարիմ է բոլոր անոնց, որոնք իրեն հաւատարիմ են, եւ թէ ան պիտի օրհնէր զինք, եթէ այս դժուար նշանակումը կատարելու մէջ իր լաւագոյնը ընէր (Սաղ. 18։25, ՆԱ)։
Մարիամ գիտէր թէ իր հաւատարիմ Աստուծոյն՝ Եհովայի ձեռքերուն մէջ, ինք ապահով էր
13. Եթէ թուի թէ Աստուած դժուար կամ նոյնիսկ անկարելի բան մը կը խնդրէ մեզմէ, ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ Մարիամի օրինակէն։
13 Երբեմն Աստուած մեզմէ կը խնդրէ ընել բան մը, որ մեր աչքին դժուար կամ նոյնիսկ անկարելի կրնայ թուիլ։ Սակայն իր Խօսքին մէջ, ան բազմաթիւ պատճառներ կու տայ լիովին իրեն վստահելու. ինչպէս որ Մարիամ ըրաւ (Առ. 3։5, 6)։ Պիտի վստահի՞նք Եհովային։ Եթէ այո, ան պիտի վարձատրէ մեզ, այսպէս՝ պատճառ դառնալով որ ա՛լ աւելի մեծ հաւատք ընծայենք իրեն։
Այցելութիւն Եղիսաբէթին
14, 15. ա) Եհովան ինչպէ՞ս վարձատրեց Մարիամը, երբ ան այցելեց Եղիսաբէթին եւ Զաքարիային։ բ) Ղուկաս 1։46-55–ի մէջ արձանագրուած Մարիամի խօսքերը ի՞նչ կը բացայայտեն իր մասին։
14 Եղիսաբէթի մասին Գաբրիէլի խօսքերը մեծ նշանակութիւն ունէին Մարիամին համար։ Աշխարհի բոլոր կիներէն ո՞վ կրնար աւելի լաւ հասկնալ իր պարագան, քան Եղիսաբէթը։ Մարիամ անմիջապէս ուղղուեցաւ դէպի Յուդայի լեռնային շրջանը,– ճամբորդութիւն մը որ թերեւս երեք կամ չորս օր տեւէր։ Երբ ան Եղիսաբէթին եւ Զաքարիա քահանային տունը մտաւ, Եհովան վարձատրեց զինք, իր հաւատքը զօրացնելու համար յաւելեալ ապացոյց մը տալով։ Լսելով Մարիամին ողջոյնը, Եղիսաբէթ անմիջապէս զգաց որ իր արգանդին մէջ մանուկը ուրախութենէն խաղաց։ Եղիսաբէթ սուրբ հոգիով լեցուեցաւ եւ Մարիամին ակնարկելով ըսաւ. «Իմ Տէրոջս մայրը»։ Աստուած Եղիսաբէթին յայտնած էր, թէ Մարիամի որդին պիտի դառնար իր Տէրը՝ Մեսիան։ Աւելին, կինը ներշնչման ներքեւ Մարիամը գովաբանեց անոր հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան համար, ըսելով. «Երանի՜ անոր որ հաւատացեր է» (Ղուկ. 1։39-45)։ Այո, ամէն ինչ որ Եհովան խոստացած էր Մարիամին, պիտի իրականանար։
Մարիամի եւ Եղիսաբէթի միջեւ եղած բարեկամութիւնը օրհնութիւն մըն էր երկուքին համար
15 Իր կարգին խօսեցաւ Մարիամ, որուն խօսքերը ուշադրութեամբ պահուած են Աստուածաշունչին մէջ (կարդա՛ Ղուկաս 1։46-55)։ Ասոնք Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Մարիամի ամէնէն երկար խօսքերն են, որոնք շատ բան կը բացայայտեն իր մասին։ Այս խօսքերը ցցուն կ’ընեն իր երախտագիտութեան ու գնահատութեան հոգին,– ան փառաբանեց Եհովան, որ օրհնած էր զինք Մեսիային մայրը դառնալու առանձնաշնորհումով։ Իր խօսքերը նաեւ ցոյց կու տան իր հաւատքին խորունկութիւնը, երբ ինք ըսաւ որ Եհովան կը տկարացնէ ամբարտաւաններն ու զօրաւորները եւ կ’օգնէ տկարներուն ու աղքատներուն, որոնք կ’ուզեն իրեն ծառայել։ Այս համարներէն նաեւ կը տեսնենք Մարիամի գիտութեան տարողութիւնը։ Տեղեկագրութեան մը համաձայն, ան աւելի քան 20 մէջբերումներ ըրած է Եբրայերէն Գրութիւններէնa։
16, 17. ա) Մարիամն ու իր զաւակը ի՞նչ հոգի ցուցաբերեցին, զոր պէտք է ընդօրինակենք։ բ) Մարիամին այցելութիւնը Եղիսաբէթին, մեզի ի՞նչ օրհնութիւն կը յիշեցնէ։
16 Յստակ է որ Մարիամ Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը խոկար։ Այսուհանդերձ, ան իր գաղափարները չնշեց, հապա խոնարհաբար նախընտրեց որ Սուրբ Գրութիւննե՛րը խօսէին իր մասին։ Իր արգանդին մէջ աճող զաւակը, յետագային միեւնոյն հոգին պիտի դրսեւորէր, ըսելով. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է» (Յովհ. 7։16)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. «Ես ալ նոյնանման յարգանք եւ ակնածանք կը ցուցաբերե՞մ Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ, թէ ոչ ի՛մ գաղափարներս եւ ուսուցումներս կը նախընտրեմ»։ Մարիամին կեցուածքը յստակ է։
17 Ան գրեթէ երեք ամիս Եղիսաբէթին քով մնաց։ Անկասկած, անոնք փոխադարձաբար, մեծապէս քաջալերուեցան (Ղուկ. 1։56)։ Աստուածաշունչի այս ջերմ արձանագրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ բարեկամութիւնը մեծ օրհնութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Եթէ փնտռենք բարեկամներ, որոնք ի՛րապէս կը սիրեն մեր Աստուածը՝ Եհովան, կրնանք վստահ ըլլալ, որ հոգեւորապէս պիտի աճինք եւ Աստուծոյ աւելի պիտի մօտենանք (Առ. 13։20)։ Գալով Մարիամին, ի վերջոյ ժամանակը եկաւ որ ան տուն վերադառնար։ Արդեօք Յովսէփ ի՞նչ պիտի ըսէր, երբ գիտնար անոր յղի ըլլալը։
Մարիամ եւ Յովսէփ
18. Մարիամ ի՞նչ յայտնեց Յովսէփին. իսկ Յովսէփ ինչպէ՞ս հակազդեց։
18 Մարիամ հաւանաբար չսպասեց որ իր յղութիւնը ակնյայտ դառնար։ Անկասկած, ան պէտք էր խօսէր Յովսէփին։ Անոր հետ խօսելէ առաջ, Մարիամ թերեւս կը մտածէր թէ այս համեստ եւ աստուածավախ մարդը ինչպէ՛ս պիտի հակազդէր, երբ այս բանը լսէր։ Այսուհանդերձ, ան անոր քով գնաց եւ պատմեց այն ամէնը, որ պատահած էր իրեն հետ։ Կրնանք պատկերացնել թէ Յովսէփ որքա՛ն վշտացած ըլլալու էր։ Ան կ’ուզէ՛ր այս աղջկան հաւատալ, բայց իրեն այնպէս կը թուէր, թէ Մարիամ անհաւատարիմ գտնուեր էր։ Աստուածաշունչը չի նշեր թէ Յովսէփի մտքէն ինչե՜ր անցան կամ ինչպէ՛ս տրամաբանեց, սակայն կը նշէ, թէ ան որոշեց Մարիամէն ամուսնալուծուիլ, քանի որ այդ ատեն, նշանուած զոյգերը ամուսնացածներու պէս կը սեպուէին։ Եւ քանի որ ան չէր ուզեր որ Մարիամ հանրութեան առջեւ խայտառակուէր կամ պատիժ կրէր, որոշեց գաղտնի կերպով արձակել զինք (Մատ. 1։18, 19)։ Մարիամ ցաւ զգացած ըլլալու էր՝ տեսնելով թէ այդ ազնիւ մարդը ինչպէ՛ս կը տանջուէր այդ աննախադէպ կացութեամբ։ Այսուհանդերձ, աղջիկը չդառնացաւ։
19. Եհովան ինչպէ՞ս Յովսէփին օգնեց ճիշդ քայլը առնելու։
19 Եհովան ազնուօրէն օգնած էր Յովսէփին որ ճիշդ քայլը առնէր։ Աստուծոյ հրեշտակը երազի մը մէջ իրեն ըսած էր որ Մարիամի յղութիւնը ի՛րապէս հրաշք մըն էր։ Այդ մէկը որքա՜ն մխիթարական ըլլալու էր Յովսէփին համար։ Անկէ ետք, ան Եհովայի առաջնորդութեան հետեւեցաւ, ինչպէս որ Մարիամ սկիզբէն ըրած էր։ Ան Մարիամին հետ ամուսնացաւ եւ Եհովայի Որդւոյն հոգ տանելու առանձնայատուկ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց (Մատ. 1։20-24)։
20, 21. Ամուսնացած զոյգերն ու ամուսնութեան մասին մտածողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Մարիամէն եւ Յովսէփէն։
20 Ամուսնացած զոյգեր, ինչպէս նաեւ անոնք՝ որոնք կը մտածեն ամուսնանալ, կրնան շատ բան սորվիլ 2000 տարի առաջ ապրած այս երիտասարդ զոյգէն։ Մինչ Յովսէփ կը տեսնէր թէ իր երիտասարդ կինը ինչպէ՛ս կը կատարէր իր մայրական պարտականութիւններն ու հոգատարութիւնը, անկասկած կ’ուրախանար, որ Եհովայի հրեշտակը իրեն ուղղութիւն տուած էր։ Յովսէփ հասկցած ըլլալու էր, որ լուրջ որոշումներու դիմաց գտնուելու ատեն, Եհովային վստահիլը կարեւոր է (Սաղ. 37։5. Առ. 18։13)։ Անկասկած, ան նկատառու եւ ազնիւ մնաց, մինչ որոշումներ կը կայացնէր որպէս ընտանիքի գլուխ։
21 Իսկ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մարիամէն, որ յօժար էր Յովսէփին հետ ամուսնանալու, հակառակ անոր որ իր նշանածը դեռ նոր կասկած ունեցած էր իր հաւատարմութեան վրայ։ Թէեւ սկիզբը Յովսէփ թերեւս չկրցաւ ըմբռնել իր նշանածին հետ պատահածը, սակայն Մարիամ սպասեց որ ան որոշէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր, քանի որ ան էր այն տղամարդը որ ընտանիքին գլուխը պիտի ըլլար։ Ասիկա վստա՛հաբար ընտիր դաս մըն էր Մարիամին, ինչպէս նաեւ այժմու քրիստոնեայ կիներուն համար։ Ի վերջոյ, այս դէպքերը հաւանաբար թէ՛ Յովսէփին եւ թէ Մարիամին շատ բան սորվեցուցին անկեղծ եւ բաց հաղորդակցութեան արժէքին մասին (կարդա՛ Առակաց 15։22)։
22. Յովսէփի եւ Մարիամի ամուսնութիւնը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած էր եւ անոնք ի՞նչ հեռանկար ունէին։
22 Այդ երիտասարդ զոյգը վստահաբար իր ամուսնութիւնը լաւ հիմերու վրայ հաստատեց։ Երկուքն ալ Եհովա Աստուած կը սիրէին ամէն բանէ աւելի, եւ կը ձգտէին զինք հաճեցնել իրենց դերերը կատարելով որպէս պատասխանատու եւ հոգատար ծնողներ։ Անշուշտ, իրենց տակաւին կը սպասէին աւելի մեծ օրհնութիւններ, ինչպէս նաեւ աւելի մեծ մարտահրաւէրներ։ Իրենք պիտի դաստիարակէին եւ հոգ տանէին Յիսուսին, որ մեծնալով պիտի դառնար աշխարհի ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։
a Այնպէս կը թուի թէ Մարիամի մէջբերումներուն մէջ կային հաւատարիմ Աննային խօսքերը, որ նոյնպէս Եհովայէն օրհնութիւն ստացած էր ծննդաբերութեան առնչութեամբ (տե՛ս «Երկու յիշարժան աղօթքներ» շրջանակը, գլուխ 6)։