Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Թ-33 էջ 1-4
  • Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ
  • Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ապագան ինչպէ՞ս կը դիտես
    Ապագան ինչպէ՞ս կը դիտես
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
  • Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին
    Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին
  • Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞
    Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞
Տես աւելին
Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ
Թ-33 էջ 1-4

Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ

Կը կարծես թէ. . .

  • Աստուա՞ծ

  • մարդի՞կ

  • Սատանա՞ն

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

«Աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհաննէս 5։19)։

«Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ» (Ա. Յովհաննէս 3։8, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ)։

ԱՍԻԿԱ Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Տրամաբանական բացատրութիւն՝ աշխարհի խնդիրներուն մասին (Յայտնութիւն 12։12)։

Հաւատալու պատճառ՝ թէ աշխարհը պիտի բարեփոխուի (Ա. Յովհաննէս 2։17)։

Սատանան կը ղեկավարէ աշխարհի քաղաքական, զինուորական, կրօնական եւ սովորական մարդիկը

ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ ԻՆՉ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

Այո՛, նուազագոյնը երեք պատճառներով.

  • Սատանայի իշխանութիւնը դատապարտուած է։ Եհովան վճռած է մարդկութեան վրայ Սատանայի տիրապետութեան վերջ դնել։ Ան կը խոստանայ ‘փճացնել Սատանան’ եւ կատարելապէս ջնջել անոր պատճառած բոլոր վնասները (Եբրայեցիս 2։14)։

  • Աստուած ընտրած է Յիսուս Քրիստոսը, որ աշխարհին վրայ իշխէ։ Յիսուս այս աշխարհի անգութ եւ անձնասէր իշխանին ճիշդ հակապատկերն է։ Յիսուսի իշխանութեան նկատմամբ, Աստուած կը խոստանայ. «Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին. . . Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը» (Սաղմոս 72։13, 14)։

  • Աստուած չի կրնար սուտ խօսիլ։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ. «Անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի» (Եբրայեցիս 6։18)։ Երբ Եհովան կը խոստանայ բան մը ընել, կրնանք սեպել թէ արդէն իսկ ըրած է (Եսայի 55։10, 11)։ «Այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի» (Յովհաննէս 12։31)։

ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Երջանիկ ընտանիք մը տունէն դուրս միասնաբար ժամանակ կ’անցընէ

Աշխարհին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ անոր իշխանը վերցուի։

Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս համարներով՝ ՍԱՂՄՈՍ 37։10, 11 եւ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։3, 4։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել