ԴԱՍ 1
Ուրախացանք որ այս գաղտնիքը գիտցանք
Մէկը ականջիդ ըսա՞ծ է բան մը որ ուրիշին չըսեսa։— Գիտե՞ս ասոր ինչ կ’ըսենք։ Գաղտնի՛ք կ’ըսենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ միայն քեզի ըսած է։ Սուրբ Գիրքին մէջ սուրբ գաղտնիք մը կայ։ Անոր սուրբ կ’ըսենք քանի որ Աստուա՛ծ ըսած է։ Եւ գաղտնիք կ’ըսենք, քանի որ մարդիկ ատոր մասին չէին գիտեր։ Հրեշտակնե՛րն ալ չէին գիտեր։ Բայց դուն կ’ուզե՞ս գիտնալ։—
Ի՞նչ կ’ըսես. այս հրեշտակները ի՞նչ կ’ուզէին գիտնալ
Շա՜տ երկար տարիներ առաջ, Աստուած շինեց առաջին մարդը եւ կինը։ Մարդուն անունը Ադամ էր, կինին անունը Եւա։ Աստուած անոնց անուշիկ պարտէզ մը տուաւ, որ իրենց տունը եղաւ։ Իրենց տունը անուն մըն ալ ունէր. Եդեմի պարտէզ։ Եթէ Ադամը եւ Եւան Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընէին, իրենք եւ իրենց պզտիկները ամբո՜ղջ երկիրը դրախտ պիտի ընէին, ճիշդ այդ պարտէզին պէս։ Եւ Դրախտին մէջ յաւիտեա՜ն պիտի ապրէին, այսինքն՝ պիտի չծերանային եւ պիտի չմեռնէին։ Բայց կը յիշե՞ս Ադամը եւ Եւան ինչ ըրին։—
Անոնք Աստուծոյ խօսքը մտիկ չըրին։ Ասոր համար, մենք հիմա դրախտի մը մէջ չենք ապրիր։ Բայց Աստուած ըսաւ որ ամբողջ երկիրը գեղեցիկ պիտի ընէ եւ ամէն մարդ ուրախ եւ յաւիտեան պիտի ապրի։ Աստուած ասիկա ինչպէ՞ս պիտի ընէ։ Երկա՜ր ատեն, մարդիկ ասիկա չէին գիտեր, քանի որ գաղտնիք մըն էր։
Երբ Յիսուս երկիր եկաւ, այս գաղտնիքին մասին բան մը սորվեցուց։ Ան ըսաւ որ այս գաղտնիքը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին է։ Ան մարդոց սորվեցուց որ աղօթեն, որ այս Թագաւորութիւնը գայ։ Աստուած այս Թագաւորութիւնը պիտի բերէ, որպէսզի երկիրը անուշիկ դրախտ մը ընէ։
Ուրախացա՞ր որ այս գաղտնիքը գիտցար։— Յիշէ՛ որ պէտք է Եհովային խօսքը մտիկ ընենք, որպէսզի Դրախտին մէջ ապրինք։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ մը պատմութիւններ կան մարդոց եւ կիներու մասին, որոնք Եհովայի խօսքը մտիկ ըրին։ Կ’ուզե՞ս անոնց մասին սորվիլ։— Եկուր տեսնենք թէ անոնք ո՛վ էին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք անոնց պէս ըլլալ։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛
a Այս պատմութիւններուն մէջ, կարգ մը հարցումներէ ետք պիտի տեսնես մեծ գծիկ մը (—)։ Ասիկա յարմար ժամանակն է որ կանգ առնես եւ թոյլ տաս որ զաւակդ պատասխանէ։