Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զս դաս 4 էջ 10-11
  • Ան ուրախացուց թէ՛ իր պապան եւ թէ Եհովան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ան ուրախացուց թէ՛ իր պապան եւ թէ Եհովան
  • Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յեփթայէի խոստումը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Հաւատարիմ ըլլալը կ’առաջնորդէ Աստուծոյ հաճութեան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Յեփթայէն հոգեւոր անձ էր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Հաւատարիմ անձերը իրենց խոստումները կը պահեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Զաւակներուդ սորվեցուր
զս դաս 4 էջ 10-11
Յեփթայէ իր պզտիկ աղջկան հետ ժամանակ կ’անցընէ

ԴԱՍ 4

Ան ուրախացուց թէ՛ իր պապան եւ թէ Եհովան

Յեփթայէ Եհովային կ’աղօթէ, մինչ իսրայէլիացի զինուորները կը պատերազմին իրենց թշնամիներուն դէմ

Յեփթայէն Եհովային ի՞նչ խոստացաւ

Յեփթայէ պատերազմէն տուն կը վերադառնայ եւ կը գրկէ իր աղջիկը, որ տունէն դուրս ելած է զինք դիմաւորելու

Դիւրին չէր. բայց Յեփթայէին աղջիկը ըրա՛ւ ինչ որ իր պապան Եհովային խոստացած էր

Նկարին մէջի աղջիկը կը տեսնե՞ս։— Ան Յեփթայէին աղջիկն է։ Սուրբ Գիրքը իր անունը չ’ըսեր։ Բայց գիտենք թէ ան ուրախացուց թէ՛ իր պապան եւ թէ Եհովան։ Եկուր սորվինք իր եւ իր պապային մասին։

Իր պապան՝ Յեփթայէն, բարի մարդ մըն էր, եւ իրեն միշտ Եհովայի մասին կը սորվեցնէր։ Յեփթայէն զօրաւոր էր. բոլոր զինուորները իրմէ՛ հրաման կ’առնէին։ Անոր համար երբ կռիւ եղաւ, իսրայէլացիները իրմէ ուզեցին, որ ի՛նք իրենց ըսեր ինչ ընէին։

Յեփթայէն Աստուծոյ աղօթեց ըսելով. «Հա՛ճիս օգնէ որ յաղթենք»։ Յեփթայէն խոստացաւ որ եթէ յաղթեն, Եհովային բան մը պիտի տայ։ Ի՞նչ։ Առաջին ա՛նձը որ իր տունէն դուրս ելլէր, երբ ինք կռիւէն ետ տուն գար։ Այս մարդը մինչեւ վերջ պիտի ապրէր եւ աշխատէր Աստուծոյ խորանին քով։ Խորանը այն ատեն տեղ մըն էր, ուր մարդիկ կ’երթային որ Աստուած պաշտեն։ Յեփթայէն յաղթե՛ց։ Գիտե՞ս երբ Յեփթայէն ետ տուն գնաց, ո՛վ առաջին անգամ իր տունէն դուրս ելաւ։—

Իր աղջի՛կը։ Բայց Յեփթայէն նեղուեցաւ, քանի որ իր աղջիկէն զատ ուրիշ պզտիկ մը չունէր։ Հիմա ան պէտք էր իր աղջիկը խորան տանէր, քանի որ Եհովային խօսք տուած էր։ Բայց աղջիկը երբ ասիկա գիտցաւ, իրեն ըսաւ. «Պապա, պէտք է ըսածդ ընես, քանի որ դուն Եհովային խօսք տուիր»։

Յեփթայէի աղջիկը խորանին համար փայտ կը հաւաքէ. իր բարեկամները այցելութեան եկած են

Յեփթայէին աղջիկին ընկերուհիները ամէն տարի իր քով կու գային

Յեփթայէին աղջիկը ինքն ալ տխուր էր, քանի որ խորանին մէջ պիտի չկրնար ամուսնանալ եւ պզտիկներ ունենալ։ Բայց ան ուզեց թէ՛ իր պապային օգնել որ խոստացածը ընէ, եւ թէ Եհովան ուրախացնել։ Ասոնք ընելը իրեն համար շա՜տ աւելի կարեւոր էր քան ամուսնանալը կամ պզտիկներ ունենալը։ Անոր համար ան իր տունը ձգեց եւ մինչեւ վերջ խորանին քով ապրեցաւ։

Ի՞նչ կ’ըսես. աղջիկին պապան եւ Եհովան ուրախացա՞ն երբ ասիկա ըրաւ։— Այո՛, ուրախացան։ Եթէ դո՛ւն ալ պապային ու մամային խօսքը մտիկ ընես եւ Եհովան սիրես, կրնաս Յեփթայէին աղջիկին պէս ըլլալ։ Դուն ալ մամադ, պապադ եւ Եհովան շա՜տ պիտի ուրախացնես։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛

  • Բ. Օրինաց 6։4-6

  • Դատաւորաց 11։30-40

  • Ա. Կորնթացիս 7։32-34

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

  • Ո՞վ էր Յեփթայէն։ Ան ի՞նչ խոստացաւ։

  • Յեփթայէին աղջիկը ինչո՞ւ նեղուեցաւ, երբ գիտցաւ թէ մինչեւ վերջ խորանին քով պիտի աշխատէր։

  • Յեփթայէին աղջիկը ամէնէն շատ ի՞նչ կ’ուզէր ընել։

  • Ի՞նչ պէտք է ընես որ Յեփթայէին աղջիկին պէս ըլլաս։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել