ԴԱՍ 5
Սամուէլ միշտ շիտակ բաներ ըրաւ
Սամուէլ երբ դեռ շա՜տ պզտիկ էր, կ’աշխատէր ու կ’ապրէր խորանին քով։ Խորանը այն տեղն էր ուր մարդիկ կու գային Եհովան պաշտելու։ Գիտե՞ս Սամուէլ ինչպէ՛ս խորան եկաւ։ Եկուր նախ իր մամային՝ Աննային մասին սորվինք։
Երկար ատենէ ի վեր, Աննան շատ կ’ուզէր պզտիկ մը ունենալ, բայց չէր կրնար։ Անոր համար ան Եհովային աղօթեց եւ իրմէ շա՛տ ուզեց որ իրեն օգնէ։ Աննան Եհովային խոստացաւ, որ եթէ տղայ մը ունենայ, զայն խորանը պիտի տանի, որ հո՛ն ապրի ու աշխատի։ Եհովան Աննայի աղօթքին պատասխանեց։ Աննան տղայ մը ունեցաւ եւ անոր անունը Սամուէլ դրաւ։ Եւ ինչպէս որ խոստացած էր, երբ Սամուէլ երեք կամ չորս տարեկան եղաւ, Աննան զայն խորանը տարաւ որ հոն Աստուծոյ ծառայէ։
Խորանին մէջ աշխատող ամէնէն մեծ քահանան Հեղին էր։ Իր երկու տղաներն ալ քահանաներ էին եւ հոն կ’աշխատէին։ Յիշէ՛. խորանը այն տեղն էր ուր մարդիկ Աստուած կը պաշտէին։ Հոն ամէն մարդ պէտք էր բարի՛ բաներ ընէր։ Բայց Հեղիին երկու տղաները շատ չար բաներ կ’ընէին։ Սամուէլ իրենց ըրածը տեսաւ։ Սամուէլ Հեղիին տղաներուն պէս չարութիւն ըրա՞ւ։— Ո՛չ, ան միշտ շիտակ բաները ըրաւ։ Իր մաման ու պապան իրեն այդպէս սորվեցուցած էին։
Ի՞նչ կ’ըսես. Հեղին իր երկու տղաներուն ի՞նչ պէտք էր ընէր։— Ան պէտք էր պատժէ՛ր զիրենք։ Ան այլեւս պէտք չէր ձգեր որ անոնք Աստուծոյ տունին մէջ աշխատէին։ Բայց Հեղին այդպէս չըրաւ։ Անոր համար, Եհովան բարկացաւ անոր եւ անոր տղաներուն վրայ։ Եհովան որոշեց զանոնք պատժել։
Սամուէլ Եհովային ըսածները Հեղիին պատմեց
Օր մը, գիշերը, Սամուէլ պառկած ատեն ձայն մը լսեց։ Լսեց թէ մէկը իրեն կը կանչէր, ըսելով. «Սամուէ՛լ»։ Ան Հեղիին քով վազեց, բայց Հեղին ըսաւ. «Ես քեզի չկանչեցի»։ Երկու անգամ ալ այսպէս եղաւ։ Երրորդ անգամէն ետք, Հեղին Սամուէլին ըսաւ որ եթէ անգամ մըն ալ այդ ձայնը լսէր, պէտք էր ըսէր. «Հա՛ճիս, Եհովա, խօսի՛ր, ես կը լսեմ»։ Սամուէլ այդպէս ալ ըրաւ։ Այն ատեն, Եհովան Սամուէլին ըսաւ. «Գնա Հեղիին ըսէ որ ես իր ընտանիքը պիտի պատժեմ, քանի որ չարութիւն ըրին»։ Ի՞նչ կ’ըսես. դիւրի՞ն էր որ Սամուէլ Հեղիին պատմէր Եհովայի ըսածները։— Ո՛չ, դիւրին չէր։ Սամուէլ Հեղիէն կը վախնար, բայց ան Եհովայի ըսածը ըրաւ։ Գնաց եւ Հեղիին պատմե՛ց։ Եւ ի՛նչ որ Եհովան ըսած էր, եղաւ։ Հեղիին երկու տղաները մեռան, Հեղին ալ մեռաւ։
Մենք ալ կրնանք Սամուէլին պէս ըլլալ։ Ան շիտակ բաներ ըրաւ, նոյնիսկ երբ կը տեսնէր որ ուրիշներ սխալ բաներ կ’ընէին։ Իսկ դո՞ւն։ Սամուէլին պէս պիտի ըլլա՞ս. միշտ շիտակ բաներ պիտի ընե՞ս։ Եթէ այո, թէ՛ Եհովան եւ թէ մաման ու պապան պիտի ուրախացնես։