Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զս դաս 7 էջ 16-17
  • Երբեմն մինակ կը զգա՞ս եւ կը վախնա՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբեմն մինակ կը զգա՞ս եւ կը վախնա՞ս
  • Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Եղիայի նման հաւատարիմ պիտի ըլլա՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ան դիտեց եւ սպասեց
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
Տես աւելին
Զաւակներուդ սորվեցուր
զս դաս 7 էջ 16-17
Տղեկ մը մինակ կը զգայ եւ կը վախնայ

ԴԱՍ 7

Երբեմն մինակ կը զգա՞ս եւ կը վախնա՞ս

Նկարին մէջի տղային նայէ։ Կարծես թէ ան մինակ է եւ կը վախնայ, այդպէս չէ՞։ Դուն ալ այդպէս զգացա՞ծ ես։— Ամէն մարդ երբեմն այդպէս կը զգայ։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան կարգ մը մարդիկ, որոնք Եհովայի ընկերներն էին, բայց երբեմն մինակ զգացին եւ վախցան։ Անոնցմէ մէկը Եղիան էր։ Եկուր իր մասին սորվինք։

Յեզաբէլ թագուհին զայրանալով կը պոռայ

Յեզաբէլ ուզեց Եղիան մեռցնել

Եղիան Իսրայէլի մէջ կ’ապրէր շա՜տ տարիներ առաջ. . . Յիսուսի ծնելէն ալ առաջ։ Իսրայէլի թագաւորին անունը Աքաաբ էր։ Աքաաբ իրական Աստուածը՝ Եհովան չէր պաշտեր։ Ան եւ իր կինը, Յեզաբէլ թագուհին, սուտ աստուածը՝ Բահաղը կը պաշտէին։ Անոր համար գրեթէ բոլոր իսրայէլացիները Բահաղը սկսան պաշտել։ Յեզաբէլ թագուհին շատ չար էր, եւ կ’ուզէր Եհովան պաշտող բոլոր մարդիկը մեռցնել, մէջը ըլլալով Եղիան։ Գիտե՞ս Եղիան ի՛նչ ըրաւ։—

Եղիան փախա՛ւ։ Ան հեռո՜ւ տեղեր գնաց եւ ժայռի մը մէջ պահուըտեցաւ։ Ան ինչո՞ւ այդպէս ըրաւ։— Այո՛, քանի որ վախցաւ։ Բայց Եղիան պէտք չէր վախնար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէր որ Եհովան կրնար իրեն օգնել։ Եհովան ասկէ առաջ Եղիային ցուցուցած էր թէ որքան ոյժ ունի։ Անգամ մը, Եհովան երկինքէն կրա՛կ իջեցուց որ Եղիային աղօթքին պատասխանէ։ Ուրեմն Եհովան ա՛նշուշտ կրնար հիմա ալ Եղիային օգնել։

Եհովան Եղիայի աղօթքին կը պատասխանէ՝ երկինքէն կրակ իջեցնելով. Եղիա քարայրի մը մէջ. Եղիա ուրախ կը զգայ, Եհովայի քաջալերական խօսքերը լսելէն ետք

Եհովան Եղիային ինչպէ՞ս օգնեց

Երբ Եղիան ժայռին մէջ էր, Եհովան իրեն հարցուց. «Ի՞նչ կ’ընես հոս»։ Եղիան պատասխանեց. «Միայն ես եմ որ դեռ քեզ կը պաշտեմ։ Ես մինակ եմ, եւ կը վախնամ որ զիս մեռցնեն»։ Եղիան կը կարծէր թէ Եհովան պաշտող բոլոր մարդիկը մեռեր են։ Բայց Եհովան Եղիային ըսաւ. «Ո՛չ, ըսածդ ճիշդ չէ։ Դեռ 7000 հոգի զիս կը պաշտէ։ Քա՛ջ եղիր։ Քեզի աւելի՛ գործ պիտի տամ որ ընես»։ Ի՞նչ կ’ըսես. Եղիան ուրախացա՞ւ երբ ասիկա լսեց։—

Եղիային պատմութենէն ի՞նչ կը սորվիս։ Պէտք չէ՛ մինակ զգաս եւ վախնաս, քանի որ մինակ չես։ Դուն ունիս ընկերներ, որոնք թէ՛ Եհովան եւ թէ քեզ կը սիրեն։ Ասկէ զատ, ունիս Եհովա՛ն, որ շատ զօրաւոր է եւ քեզի մի՛շտ պիտի օգնէ։ Հիմա որ գիտցար որ մինակ չես, ուրախացա՞ր։—

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛

  • Գ. Թագաւորաց 19։3-18

  • Սաղմոս 145։18

  • Ա. Պետրոս 5։9

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

  • Եղիայի ատեն, գրեթէ բոլոր իսրայէլացիները Եհովան կը պաշտէի՞ն։ Անոնք ո՞վ կը պաշտէին։

  • Եղիան ինչո՞ւ փախաւ եւ ժայռի մը մէջ պահուըտեցաւ։

  • Եհովան ի՞նչ ըսաւ Եղիային։

  • Եղիային պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել