Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուը մաս 8 մասեր 1-3
  • Երբ ողբերգութիւն մը հարուածէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ ողբերգութիւն մը հարուածէ
  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1 ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՊԱՒԻՆԷ
  • 2 ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ՀՈԳ ՏԱՐ
  • 3 ՀԱՐԿ ԵՂԱԾ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԻՐ
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Եհովայի աչքը իր ժողովուրդին վրայ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Կ’ուզեմ մեռնիլ. Սուրբ Գիրքը ինծի կրնա՞յ օգնել երբ կ’ուզեմ անձնասպան ըլլալ
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Աղօթքը քեզի ի՞նչ օգուտ ունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
ուը մաս 8 մասեր 1-3
Ամուսին մը եւ իր կինը իրենց զաւկին կորուստը կը սգան

Մաս 8

Երբ ողբերգութիւն մը հարուածէ

«Կ’ուրախանաք, թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով» (Ա. Պետրոս 1։6)

Թէեւ ամէն ջանք կը թափես որ ուրախ ամուսնութիւն եւ ընտանիք մը ունենաս, բայց թերեւս ծագին անակնկալ դէպքեր, որոնք ուրախութիւնդ նուազեցնեն (Ժողովող 9։11)։ Երբ դժուարութիւններու առջեւ գտնուինք, Աստուած սիրալիրօրէն մեզի կ’օգնէ։ Եթէ հետեւեալ սուրբ գրային սկզբունքները կիրարկես, դուն եւ ընտանիքդ պիտի կարենաք ամէնէն դժուար պարագաներուն հետ իսկ գլուխ ելլել։

1 ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՊԱՒԻՆԷ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7)։ Միշտ յիշէ թէ փորձութիւններուդ պատճառը Աստուած չէ (Յակոբոս 1։13)։ Մինչ իրեն կը մօտենաս, ան լաւագոյն կերպով քեզի պիտի օգնէ (Եսայի 41։10)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք» (Սաղմոս 62։8)։

Նաեւ, Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալով եւ ուսումնասիրելով մխիթարութիւն պիտի գտնես։ Առ ի արդիւնք, պիտի զգաս թէ Եհովան ինչպէ՛ս «մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4. Հռովմայեցիս 15։4)։ Աստուած կը խոստանայ քեզի տալ իր «խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 13)։

Հիւանդանոցը, տղամարդ մը իր անկողինին մէջ իր ընտանիքին հետ կ’աղօթէ

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Հանդարտ մնալու եւ յստակ կերպով մտածելու համար, աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ

  • Բոլոր հաւանականութիւնները առջեւդ դիր եւ յարմարագոյն քայլը առ

2 ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ՀՈԳ ՏԱՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ» (Առակաց 18։15)։ Բոլոր իրողութիւնները ունեցիր. տես թէ ընտանիքիդ իւրաքանչիւր անդամին կարիքները ի՛նչ են։ Անոնց հետ խօսակցէ եւ անոնց մտիկ ըրէ (Առակաց 20։5)։

Ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ սիրելի մը մահանայ։ Մի՛ վախնար զգացումներդ արտայայտելու։ Յիշէ թէ նոյնիսկ «Յիսուս լացաւ» (Յովհաննէս 11։35. Ժողովող 3։4)։ Բաւարար չափով հանգստանալն ու քնանալն ալ կարեւոր են (Ժողովող 4։6)։ Այսպէս, նեղացուցիչ պարագայի մը հետ դիւրաւ գլուխ պիտի ելլես։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ընտանիքիդ հետ հաղորդակցիլը սովորութիւն դարձուր առաջ որ ողբերգութիւն մը պատահի, որպէսզի երբ խնդիրներ ծագին, քեզի հետ խօսելու հանգիստ զգան

  • Խօսէ ուրիշներու հետ, որոնք թերեւս նման պարագայ մը դիմագրաւած են

3 ՀԱՐԿ ԵՂԱԾ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17)։ Բարեկամներդ կ’ուզե՛ն քեզի օգնել, բայց թերեւս չգիտնան ի՛նչ ընել։ Ուստի մի՛ վարանիր անոնց ըսելու թէ ճիշդ ինչ բանի պէտք ունիս (Առակաց 12։25)։ Նաեւ հոգեւոր օգնութիւն խնդրէ անոնցմէ, որոնք Աստուածաշունչը կը հասկնան։ Անոնց տուած սուրբ գրային ուղղութիւնը քեզի պիտի օգնէ (Յակոբոս 5։14)։

Երբ կանոնաւորաբար ընկերակցիս անոնց հետ, որոնք իսկապէս Աստուծոյ կը հաւատան եւ անոր խոստումներուն կը վստահին, հարկ եղած օգնութիւնը պիտի ստանաս։ Նաեւ, երբ դո՛ւն քաջալերութեան պէտք ունեցողներուն օգնես, մեծապէս պիտի մխիթարուիս։ Անոնց ըսէ թէ ինչո՛ւ Եհովային եւ իր խոստումներուն կը հաւատաս։ Աջակցութեան պէտք ունեցողներուն օգնելով զբաղէ, եւ մի՛ մեկուսանար անոնցմէ, որոնք քեզ կը սիրեն եւ քեզմով հետաքրքրուած են (Առակաց 18։1. Ա. Կորնթացիս 15։58)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Մտերիմ բարեկամի մը հետ խօսէ եւ թոյլ տուր անոր որ քեզի օգնէ

  • Կարիքներդ մասնայատուկ կերպով եւ անկեղծօրէն նշէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԵՐԸ

Նոյնիսկ եթէ ջախջախուած զգաս, միտքդ Աստուծոյ վրայ կեդրոնացած պահէ։ Փորձութեան ընթացքին, Յոբ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը» (Յոբ 1։21, 22)։ Յոբի նման, Եհովայի անունն ու կամքը անձնական մտահոգութիւններէդ առա՛ջ դասէ։ Երբ հարցերը ուզածիդ պէս չընթանան, յոյսդ մի՛ կտրեր։ Ամբողջովին Աստուծո՛յ վստահէ։ «Ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու» (Երեմիա 29։11)։

ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ.

  • Նոյնիսկ պզտիկ բաներու մէջ, ամբողջովին Եհովային կը վստահի՞մ։

  • Ի՞նչ պատճառներ ունիմ ամէն օր Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու իր բարութեան համար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել