ԴԱՍ 126
Պետրոս Յիսուսը կ’ուրանայ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։69-75 ՄԱՐԿՈՍ 14։66-72 ՂՈՒԿԱՍ 22։54-62 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։15-18, 25-27
ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ
Երբ Յիսուս կը ձերբակալուի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, առաքեալները վախնալով զինք մինակ կը ձգեն ու կը փախչին։ Բայց ետքը անոնցմէ երկուքը՝ Պետրոսը «եւ ուրիշ աշակերտ մը»՝ բացայայտօրէն Յովհաննէսը, կ’որոշեն երթալ Յիսուսին ետեւէն (Յովհաննէս 18։15. 19։35. 21։24)։ Անոնք հաւանաբար կը հասնին այն պահուն, երբ Յիսուս Աննային տունը կը տարուի։ Իսկ երբ Աննան Յիսուսը կը ղրկէ Կայիափա քահանայապետին, Պետրոսն ու Յովհաննէսը նորէն անոր կը հետեւին հեռուէն։ Անոնք թէ՛ կը վախնան իրենց կեանքին վրայ, թէ ալ մտահոգ են որ իրենց Ուսուցիչին ի՛նչ պիտի պատահի։
Քանի՛ որ Յովհաննէս քահանայապետին ծանօթ է, կը կարենայ մտնել Կայիափային տան գաւիթը։ Պետրոս դուրսը կը մնայ դրան մօտ։ Յովհաննէս կը վերադառնայ եւ կը խօսի այն աղջիկին հետ, որ կը ծառայէ որպէս դռնապան, եւ Պետրոսը ներս կը մտցնեն։
Օդը ցուրտ է. անոր համար գաւիթին մէջ գտնուողները փայտածուխով կրակ կը վառեն։ Պետրոս անոնց հետ կը նստի տաքնալու համար մինչ կը սպասէ որ Յիսուսի դատավարութեան «վերջը տեսնէ» (Մատթէոս 26։58)։ Կրակին լոյսին տակ, դռնապան աղջիկը Պետրոսին դէմքը աւելի լաւ տեսնելով՝ կը հարցնէ. «Միթէ դո՞ւն ալ այն մարդուն աշակերտներէն ես» (Յովհաննէս 18։17)։ Աղջիկը միակ անձը չէ որ կը ճանչնայ Պետրոսը որպէս Յիսուսի ընկերակից (Մատթէոս 26։69, 71-73. Մարկոս 14։70)։
Ասիկա շատ կը վախցնէ եւ կը նեղացնէ Պետրոսը։ Անոր համար ան կ’ըսէ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս» (Մարկոս 14։67, 68)։ Ան նաեւ կը սկսի Յիսուսը ուրանալ խիստ բառերով, եւ կ’ըսէ թէ եթէ ինք սուտ կը խօսի, Աստուած զինք պիտի պատժէ (Մատթէոս 26։74)։
Մինչ այդ Յիսուսին դատավարութիւնը կը շարունակուի։ Այնպէս կ’երեւի որ այդ դատը տեղի կ’ունենայ Կայիափային տան այն մասին մէջ, որուն տակը գաւիթը կը գտնուի։ Պետրոս եւ ուրիշներ կրնան գաւիթէն տեսնել, թէ ինչպէս տարբեր վկաներ կու գան–կ’երթան՝ Յիսուսին դէմ վկայելու։
Պետրոսին խօսած կերպէն յստակ կը դառնայ որ գալիլիացի է. անոր համար իր շուրջինները կը գիտնան որ կը ստէ։ Ասկէ զատ, անոնց մէջ կայ մէկը, որ ազգական կու գայ Մաղքոսին, որուն ականջը Պետրոս սուրով կտրեց։ Այդ մարդը Պետրոսին կ’ըսէ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։ Երբ Պետրոս երրորդ անգամ ըլլալով Յիսուսը կ’ուրանայ, աքլորը կը կանչէ,– ինչպէս որ Յիսուս առաջուընէ ըսած էր (Յովհաննէս 13։38. 18։26, 27)։
Այնպէս կ’երեւի որ այդ վայրկեանին Յիսուս կեցած է պատշգամը, որ գաւիթին կը նայի։ Ան կը դառնայ եւ ուղղակի Պետրոսին կը նայի, ինչ որ Պետրոսը կը ցնցէ։ Ան կը յիշէ, թէ Յիսուս իրեն ինչ ըսած էր միայն քանի մը ժամ առաջ՝ վերնատան մէջ։ Երեւակայէ թէ Պետրոս ի՜նչ խոր ցաւ կը զգայ, երբ կը գիտակցի թէ ինչ ըրաւ։ Ան դուրս կ’ելլէ եւ կը սկսի դառնօրէն լալ (Ղուկաս 22։61, 62)։
Ինչպէ՞ս կարելի է որ ասիկա պատահի։ Ինչպէ՞ս Պետրոս,– որ շատ վստահ էր, թէ հոգեւորապէս զօրաւոր էր եւ հաւատարիմ էր,– իր Տէրը կ’ուրանայ։ Այդ պահուն, երբ Յիսուսին խօսքերը կը խեղաթիւրուէին եւ կը ներկայացուէր որպէս ոճրագործ, Պետրոս կրնար անմեղ Յիսուսին թիկունք կանգնիլ։ Բայց ան կռնակ դարձուց անոր, որ «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունի (Յովհաննէս 6։69)։
Պետրոսին պատահած այս ցաւալի դէպքէն կը տեսնենք, որ նոյնիսկ ամուր հաւատք ունեցող եւ Աստուծոյ նուիրուած անհատը կրնայ տեղի տալ, եթէ նախապատրաստուած չըլլայ անակնկալ փորձութիւններուն համար։ Թող որ Պետրոսին փորձառութիւնը ազդարարական օրինակ ըլլայ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն համար։